Հինգշաբթի, 14. 11. 2024

spot_img

Կիլիկեան «Զէյթուն»ի Անուան Ծագումը

*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*

Զէյթուն Կիլիկիոյ լեռնաշխարհի հիւսիս արեւելեան կողմը կը գտնուի: Քաղաքը պարսպապատուած է դժուարամատչելի լեռներով, հիւսիսէն՝ Չըրըգ, Բերիտ, Մաղ տաղ, Աղաջ-Առ եւ Եօթնեղբայր, հարաւէն՝ Կիւվրտի, արեւելքէն՝ Պերզինկա, Մավլ, Աւագ, իսկ արեւմուտքէն՝ Մոլախտերէ լեռներով:

Զէյթուն հայ մատենագրութեան մէջ կոչուած է հետեւեալ անուններով՝ Զէյթուն, Զէթուն, Զէյթին, Զէթուն բերդ, Զէթօն, Զէթուն քաղաք, Զէթուն գեղ, Ուլնիա, Քաղաքագեղ, Գեղ եւ այլն:

Զէյթունցի  ականաւոր հեղինակներ՝ Կարապետ Թուր-Սարգիսեան (Աղասի), Յակոբ Պ. Պօղոսեան եւ Ղազարոս Շօրվօղլեան համակարծիք են, թէ Զէյթուն իր անունը ստացած է՝ քաղաքին շրջակայքը ձիթենիի ծառեր գտնուելուն պատճառաւ: Կարապետ ամենայն հայոց կաթողիկոս Ուլնեցի, 1727 թուականին Զէյթունի մասին իր յիշատակարանին մէջ Զէյթունը կոչած է «Քաղաքագեղ, որ շինեալ կայ ի մէջ երից մերձակայ լերանց, Պարզընկոյ, Այրածոյ եւ Կանկռոտոյ, ընդ գոգացեալ նեղ ձորում բարեբերի, ուր լինի այգի, ձիթենի, նռնենի…»:

Վիքթոր Լանգլուա ֆրանսացի արեւելագէտը Զէյթունի մասին գրած է՝« երկիրի այն կտորը, ուր հայերը իրենց վրանները հիմնած էին (բնակած)… Ձիթենիները անոնց նշանաւոր բերքերու աղբիւր ներկայանալու պատճառով, հայեր իրենց  այդ բնակած երկիրի անունը «Զէյթուն» կոչեցին, որ թուրքերէնով Ձիթենի կը նշանակէ»:

Հ. Ղեւոնդ Ալիշան եւ Սէմէրճեան Զէյթուն անուան ծագումը կը վերագրեն Զէյթունի առաջին կառավարիչ՝ Սէթ իշխանի անուան, որու սեռական-տրական հոլովը «Սէթին», ժամանակի ընթացքին Զէյթուն կերպը առած է: Շօրվօղլեան սակայն այս բացատրութիւնը կը մերժէ, որովհետետւ հայ մատենագրութեան մէջ Զէյթուն անուան յիշատակութիւն կը գտնենք Սէթ իշխանի ժամանակաշրջանէն առաջ:

Աղասի Զէյթունի Ուլնիա անուան ծագումը կը բացատրէ որպէս՝ ձիթապտուղի անգլերէն օլիվ (olive) բառին տարափոխութիւնը: Ուլնիա անուանակոչութեան այլ բացատրութիւն մըն ալ կայ, թէ Զէյթունի Ուլնիա կոչուելու պատճառը այն է, որ քաղաքի շրջակայքը գտնուած են բիւրաւոր այծեր, հետեւաբար Ուլնիա անունը իր  ծագումը առած է արամերէն «Ուլն» բառէն:

Զէյթուն քաղաքը իր անուան ծագումը ունի արաբերէն «Զէյթուն= ձիթենի» բառէն: Շատ վայրեր կան Կիլիկիոյ մէջ, որոնք ձիթենիներու մեծաքանակութեան պատճառաւ «Զէյթունլըխ» կոչուած են, ինչպէս օրինակ Ալեքսանտրեդի ծոցի հիւսիսային մասին մէջ գտնուող ձիթենիներու հսկայ անտառը:

Այս մեկնակէտէն եզրակացնելով հաւանական է ըսել, որ թուրքմէնական ցեղերը, որոնք հաստատուած էին Կիլիկիոյ մէջ, այդ շրջանը կոչած են Զէյթուն: Հաւանաբար տեղւոյն բնակիչ հայերը Զէյթուն անուանակոչութիւնը որդեգրած են, հետեւելով արդէն շրջագայութեան մէջ գործածուող անուանումին, ինչպէս նաեւ ձիթենիներու բազմաքանակ գոյութեան պատճառաւ: Կարելի է եզրակացնել, թէ Զէյթուն անունակոչումը իր արմատը ունի ձիթենիներու գոյութեամբ: Իսկ անոր Ուլնիա անունը՝ խաչակիրներու ժամանակէն հասած օլիվոյ բառէն յառաջացած է (Զէյթունի Պատմագիրք, Նշան Պատանճեան եւ Արիս Ահարոնեան):

Հայոց Զէյթունը ներկայիս կ՛ողբայ իր անունը: 15 Մարտ 1915-ին թրքական զօրքերը Սուլէյման Պէյի ղեկավարութեամբ կը յարձակին Զէյթունի վրայ: Անվեհեր հայերը Ս. Աստուածածին Վանքի բարձունքէն բուռն դիմադրութիւն կը ցուցաբերեն: Սուլէյման Պէյ կը սպաննուի: Բարձր Դուռը անոր յիշատակը յաւերժացնելու համար՝ Զէյթունը կը վերակոչէ Սուլէյմանիէ:

Զէյթունցիներու Քայլերգը

Խօսք` Հ. Չաքրեանի
Երաժշտութիւն` Տ. Չուխաճեանի

 Արեւն ելաւ, Զէյթունցիներ,
Դեհ ձի հեծնենք, առնենք զէնքեր, դիմենք առաջ.
Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ գլուխ ծռենք
Բռնաւորին մեր վիզ պարզած:

Զէյթունցի ենք, մեր սփոփանք
Են պատերազմ եւ արշաւանք,
Սուր, թուր, գնդակ եւ հրացան
Են խաղալիք մեր յաւիտեան:

 Ամբողջ հինգ դար գերի ենք մենք,
Մեր շղթայք մենք պատրաստեր ենք,
Ինչո՞ւ այժմէն մենք չստիպենք
Մեր գերողին կրելու զայն:

 Կեցցէ» Զէյթուն, ապրի» Զէյթուն,
Թող չտեսնէ ստրկութիւն.
Քանի ունի մեզ պէս որդիք,
Ապրի» Զէյթուն, կեցցէ» Զէյթուն:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին