Առնչութիւն ունեցա՞ծ են արդեօք հայերը եւրոպական քաղաքակրթութեան հետ: Այո, սակայն խորհրդաւոր լռութիւն մը, զանազան պատճառաբանութիւններու տակ, խաւարի գթութեան յանձնած են զանոնք, զլանալով արտայայտուելու դոյզն իսկ փորձէն:
Ահաւասիկ հորիզոնի վրայ կը յայտնուին Արսէն Յակոբեանի նման կամաւորներ, որոնք յանդգնութիւնը կ’ունենան իրողութիւնները անջատելու մշուշապատ առասպելներու արահետներէն, կեանք ու թիռչք տալով արկղներու մէջ թաղուած, սեւ ու սպիտակի վրայ գրուած արձանագրութիւններուն:
Չորեքշաբթի, 25 Մայիս 2016ի երեկոյեան ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ, ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Մարմնի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ հայրենի արուեստագէտ Արսէն Յակոբեանի «Արարատից Երեւան» վաւերագրական ժապաւէնին ցուցադրութիւնը: Աւելի քան հարիւր յիսուն մշակութասէրներ, որոնց մէջ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան եւ տիկինը, դեսպանատան անձնակազմի անդամներ, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, մտաւորականներ, կրթական մշակներ եւ միութենականներ գրաւած էին Ասպետներու Սրահին բոլոր աթոռները:
Յանուն ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Մարմնի վարչութեան, Գրիգոր Տագեսեան բարի գալուստ մաղթեց հայրենի հիւրին եւ ներկաներուն: Ամփոփ տողերու մէջ ան ներկայացուց Արսէն Յակոբեան մարդը եւ արուեստագէտը ու տեղեկութիւններ փոխանցեց ժապաւէնին պատրաստութեան մասին. « …Ապրիլեան չորսօրեայ պատերազմէն ետք, երբ կրկին անգամ մենք զմեզ մինակ գտանք եւ կրկին անգամ փաստեցինք, թէ միայն հայն է հայուն դաշնակիցը, կ’արժէ մտածել յետ այսու մեր մարդկային, իմացական, տնտեսական ներուժը համախմբելու եւ մէկտեղելու Հայրենիքի քառասիւն կեդրոնաձեւ սլացող գմբէթին ներքեւ: Երազ ունենալը եւ ցանկութիւնը հրաշքներ կը գործեն՝ փաստը այս աշխատանքը եւ ժապաւէնն է», իր խօսքը աւարտեց Գրիգոր Տագեսեան:
Արսէն Յակոբեան հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ «Արարատից Երեւան»ի մասին, որմէ ետք սկսաւ ժապաւէնին ցուցադրութիւնը: Ժապաւէնը նախապէս ցուցադրուած է Մ. Նահանգներու, Սպանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Պելճիքայի, Զուիցերիոյ, Մալթայի, Գանատայի եւ Հոլանտայի մէջ: 2011-ին երկրորդ մրցանակի արժանացած է՝ Լեհաստանի համաշխարհային հոգեւոր ժապաւէններու փառատօնին:
«Աստուած հայկական լեռնաշխարհին մէջ արարած է համաշխարհային պատմութեան նախաբանը: Առասպելներու եւ հերոսապատումներու, Հին Կտակարանին մէջ Հայաստանը կը յիշատակուի իբրեւ Արարատի երկիր, Աւետեաց Երկիր, ուր կը գտնուէր դրախտը», այս խօսքերով կը սկսի Արսէն Յակոբեանի ժապաւէնը:
Ժապաւէնին առաջին տասը վայրկեանները կը պատմեն վաղնջական օրերէն Արարատի երկրի (Հայաստան) մասին, որպէսզի հանդիսատեսը իբր հիմք ընդունի զայն՝ ժապաւէնը լաւ հասկնալու համար: Այնուհետեւ ժապաւէնը կը պատմէ Եւրոպայի մէջ սրբացուած հայերու, ինչպէս նաեւ կեդրոնագմբէթ եկեղեցիներու ստեղծման ու տարածման ճարտարագիտութեան մասին: Հայաստանէն Եւրոպա հաղորդուած քրիստոնէական մշակոյթի մասին: Հանդիսատեսը իրազեկ կը դառնայ Գառնիի հեթանոսական տաճարի եւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի պատմութիւններուն, անոնց միջոցով կամրջուելով այդ ժամանակաշրջաններու ճարտարապետութեան:
«Արարատից Երեւան» ժապաւէնը առաւել կ’իմաստաւորուի՝ ժամանակակից եւրոպական մշակոյթի վրայ հայկական մշակոյթի ունեցած ներդրումներով: Ժապաւէնը կը պատմէ Հայաստանի, Եւրոպայի մէջ սրբացուած հայերու եւ Լէոնարտօ Տա Վինչիի Հայաստան կատարած ճամբորդութեան մասին, Հայաստանի մասին Տա Վինչիի նամակները, որոնք իտալացի պատմագէտները բնորոշած են իբրեւ «Հայկական Նամակներ»: Այդ այցելութիւններուն հետեւանքով Եւրոպայի մէջ եկեղեցաշինութիւնը ստացած է հայկական դիմագիծ:
Ժապաւէնին մէջ ներառուած են փաստեր, որոնք առաջին անգամ կը ներկայացուին հանրութեան: Յատկապէս այս օրերուն, եւրոպական ցամաքամասի վրայ ապրող քաղաքացիներուն համար շատ կարեւոր է իմանալ եւ ճիշդ պատկերացում կազմել հայկական մշակոյթին մասին:
Ժապաւէնին մէջ առկայ են հետաքրքրական փաստեր, թէ ինչպէ՞ս հայկական մշակոյթը ազդած է եւրոպականին վրայ եւ ոչ հակառակը: Տա Վինչի իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ կը յիշատակէ Հայաստանը, կը խօսի Տաւրոս Լերան եւ Եփրատ գետի մասին: Ժապաւէնին մէջ կը տեսնենք Տա Վինչիի ձեռքով գծուած Հայաստանի քարտէսը:
Ժապաւէնին նկարահանումներուն եւ պատրաստութեան համար Արսէն Յակոբեան այցելած է եւրոպական ոստաններ: Ան եղած է Միլանի Ամպրոզիանա գրադարանը, ուր կը պահպանուին Լէոնարտօ Տա Վինչիի ձեռագրային ժառանգութիւններուն մեծ մասը:
Ժապաւէնին սենարիստներն են Արսէն Յակոբեան, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Գագիկ Գինոսեան, բեմադրիչը՝ Արտակ Աւտալեան, արտադրիչները՝ Արսէն Յակոբեան եւ Սարգիս Պետրոսեան: Ժապաւէնը նկարահանուած է Հայաստանի, Վրաստանի, Պելճիքայի, Հոլանտայի, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ մէջ, արտադրուած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան «Հայկ» ժապաւէններու սթիւտիոյի հետ համատեղ: Ժապաւէնը կարելի է դիտել հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ ռուսերէն լեզուներով:
Արսէն Յակոբեան յայտնեց, թէ ժապաւէնին նկարահանումները սկսած են 2010-ին: Զայն ստեղծելու գաղափարը ծագած է այն պահուն, երբ կարդացած է հայերու մասին Ալեքսանտր Ամֆիտիարովի 1911-ին գրուած մէկ յօդուածը, ուր հայերը ներկայացուած են որպէս վաշխառու առեւտրականներ…: «Ճիշդ այդ պատճառով որոշեցի ժապաւէն նկարահանել եւ ցոյց տալ, որ հայերը յաջողակ եղած են ոչ միայն առեւտուրի, այլեւ տարբեր բնագաւառներու մէջ», յայտնեց Արսէն Յակոբեան:
Ցուցադրութիւնը աւարտելէ ետք Արսէն Յակոբեան պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ժապաւէնի հեղինակներուն, ինչպէս նաեւ միջոցառումը կազմակերպող ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Անդրանիկ Մշակութային Մարմնին, Լիբանանի մէջ անոր ցուցադրութիւնը իրականացնելու առիթով:
Առ ի երախտագիտութիւն Արսէն Յակոբեանի նուիրական աշխատանքին, յանուն ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան եւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Արա Տագեսեան՝ միասնաբար յուշանուէր մը յանձնեցին Արսէն Յակոբեանին:
Գնահատելի այս միջոցառումի աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ