Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Գերշ. Դոկտոր Աւագ Արք. Ասատուրեան Իրաքի Հայոց Պահապան Հրեշտակը

*ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*

Հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին, մեր ճակատագրա կան եւ օրհասական ամէնէն դժուար օրերուն ու դէպքերուն ատեն, Աստուածային վերին տնօրինումով, կարգադրութեամբ ու կամքով, Աստուած մեզի տուած է հոգեւոր կամ աշխարհիկ՝ լուսամիտ, անձնազոհ եւ առաքելատիպ ղեկավարներ: Անոնք մեր ժողովուրդի համար պահապան հրեշտակներ եղան: Անոնք մեր ժողովուրդի համար վերապրումի ու փրկութեան լաստեր եղան: Այս պատճառով է, որ մեր ժողովուրդը կրցած է չորս հազար տարիներ շարունակ պահել իր ինքնութիւնը, մշակոյթը պատմութեան ամէնէն դժուարին կամ խաղաղ օրերուն, շնորհիւ Աստուածապարգեւ այս ղեկավարներուն եւ առաջնորդներուն գերիմաստութեան:
Հայաստանեայց Առաքելական Մայրենի Եկեղեցւոյ մեր օրերու մեծագոյն կղերականներէն մին է՝ Իրաքի հնամեայ թեմի բազմամեայ եւ թանկագին Առաջնորդ Գերշ. Դոկտ. Աւագ Արք. Ասատուրխան:
Արդարեւ մեր սիրելի Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեան, Իրաքի թեմին մատուցած մեծագործութիւններով եւ Իրաքի բոլոր քրիստոնէական համայնքներուն ընդհ. քարտուղարի պաշտօնով ու հանգամանքով կատարած աշխատանքներով, կրցած է իր կենդանութեան օրերուն իսկ, ապահովել իր անմահութիւնը եւ յաւերժականութիւնը ու այս բոլորը Աստուծոյ եւ մեր ժողովուրդի փառքին համար:
Մօտ քառասուն տարի մօտէն ծանօթ ենք Աստուծոյ այս նուիրեալին: Ծանօթ ենք անոր նկարագիրի գիծերուն, ծառայութեան, վաստակին, աշխատասիրութեան, բայց ասկէ վեր եւ աւելի՝ իր Աստուածասիրութեան ու Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած սիրոյն եւ հաւատարմութեան:
Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեան եղաւ այն կղերականը, որ Իրաքի հայ գաղութին ու հայ եկեղեցիին համար, վերջին 40 տարիներու փրկութեան, մխիթարութեան եւ հոգիի անդորրութեան աղբիւր եղաւ մեր գաղութի զաւակներուն, միաժամանակ Նորին Սրբազնութիւնը հակառակ տիրող պատերազմական ահռելի վիճակին, այդ պայմաններուն իսկ եկեղեցաշէն եւ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի փրկութեան ու հարստութեան բազում լուսաշող գործերով շէնցուց այդ երկրին մէջ ապրող հայերուն եկեղեցական, հոգեւոր եւ գաղութային կեանքը:
Աւագ Սրբազան, աւազանի անունով Վազգէն, փոքր տարիքէն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ծառայած է որպէս դպիր եւ կիսասարկաւագ: Ան աւարտած է քաղաքային ճարտարապետութեան բաժինը Ամերիկեան Համալսարանէն: Հետեւած է փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն եւ Իլինոյի համալսարանէն ստացած է Մագիստրոս վկայականը: Եղած է ուսուցիչ/դասախօս Ամերիկեան Գոլէճի մէջ: Այս բոլորէն ետք, Աստուած ուրիշ առաքելութիւն մը սահմանած էր Վազգէնին, անոր ուրիշ աւելի կարեւոր պաշտօն մը վստահիլ ուզած էր, որն է ծառայել իր եկեղեցիին եւ իրաքահայ գաղութին:
Այդպէս ալ եղաւ: Չափահաս տարիքէն այս ճարտարագէտ ուսուցիչը, Աստուծոյ առաջնորդութեամբ սարկաւագ կը ձեռնադրուի, անկէ ետք Վարդապետ, Եպիսկոպոս ու Արքեպիսկոպոս կը ձեռնադրուի, իր ժամանակին ամէնէն երիտասարդ Արքեպիսկոպոսը հանդիսանալով: Անշուշտ անկէ ետք ալ իր ուսումը շարունակելով Դոկտորական վկայականին կÿարժանանայ:
Իրաքահայ գաղութի 350 տարուայ պատմութեան ընթացքին, մենք առաջին անգամ ըլլալով, Իրաք ծնած եւ մեծցած հայ մը, որպէս կուսակրօն կղերական Առաջնորդ կÿունենանք, յանձինս Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանին:
Ինչպէս յիշեցինք Աւագ Արք. Իրաքի Թեմէն ներս եղած բոլոր տարիներուն, երկիրը պատերազմներու, խլրտումներու, յեղաշրջումներու մէջ էր: Եւ այդ բոլոր անապահով ու աննկարագրելիօրէն սարսափելի եւ վախազդու օրերուն, Աւագ Սրբազան պաշտօնավարութեան առաջին օրէն իսկ գործեց անվախօրէն, վճռակամութեամբ ու մեծագոյն նուիրումով: Եղաւ մեր ժողովուրդի հետ, անոր մխիթարողը, ցաւերուն բալասան եղաւ, տառապողներուն յոյս ու հաւատք ներշնչելով: Այս բոլորին կողքին, Սրբազան Հայրը կազմակերպեց կազմալուծուած ծուխերը եւ եկեղեցիները, որոնց մեծ մասը մնայուն հովիւ չունէին: Իսկ եկեղեցիները անփառունակ վիճակ ունէին: Կազմակերպեց քահանայից քառամեայ դասընթացք մը, այս դասընթացքէն 8 համալսարանական երիտասարդներ չորս տարի քահանայական այս դասընթացքը աւարտելէ ետք, որպէս քահանաներ Իրաքի մէջ կը ծառայեն: Ասոնցմէ զատ ուրիշ խումբ մըն ալ Ս. Էջմիածին ղրկելով կուսակրօն կղերականներ ձեռնադրուած են եւ անոնք այսօր որպէս Առաջնորդներ կը ծառայեն Ֆրանսայի, Ռումանիոյ, Հռոմի ու եւրոպական այլ թեմերէ ներս:
Աւագ Սրբազան կազմակերպեց Թեմի վարչական աշխատանքները, եկեղեցապատկան հասութաբեր կալուածներու վիճակը, նոր շէնքեր կառուցելով, որոնց եկամուտներով նորոգուեցան գոյութիւն ունեցող եկեղեցիներ, ինչպէս նաեւ նոր եկեղեցիներու կառուցման ընդարձակ գործ կատարուեցաւ:
Նորին Սրբազնութեան մեծագոյն գործը եղաւ Իրաքի իշխանութենէն մեծ հողատարածք մը առանել եւ հայերուն գերեզմանատունը հոն փոխադրել: Ժամանակին մեծաբերան պոռոտախօսներ քննադատեցին ազգային իշխանութիւնը եւ Սրբազանը այս քայլին համար: Հիմա բոլորը մեծագոյն գնահատանքով կը գովաբանեն այդ գործը:
Աւագ Սրբազանին օրերուն է, որ հիմը դրուեցաւ եւ կառուցուեցաւ Իրաքի Թեմի Ծերանոցը, որ մեր անտէր ու որբ ծերունիներուն հոյակապ ապաստարանը կը հանդիսանայ:
Աւագ Սրբազանին իմաստուն կարգադրութեամբ, Իրաքի մէջ գործող հայկական ակումբներուն համար ազգային հողամասեր տրամադրուեցան, կառուցելու համար մեր հայկական ակումբները, որպէսզի մեր համայնքին զաւակները հայաբոյր այդ ակումբերուն մէջ հայօրէն ապրելու, հայ մշակոյթը պահելու եւ ծաղկեցնելու առիթ ունենան:
Եկեղեցւոյ պաշտօնաթերթ, կիրակնօրեայ դասընթացքներու կարգին, Աւագ Սրբազանին կապերուն եւ իշխանութեանց մօտ վայելած մեծ հեղինակութեան շնորհիւ, կարելի եղաւ վերատիրանալ մեր Թարգմանչաց Ազգային վարժարանին, որ շրջան մը պետութեան կողմէ կը ղեկավարուէր:
Արդարեւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին, գլխաւորութեամբ Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանի եղաւ իրաքահայ բոլոր միութիւնները եւ յարանուանութիւնները միացնող շաղախը, ուր միասնականութիւն կայ բոլոր հաստատութիւններուն եւ միութիւններուն միջեւ, սերտ ու սիրալիր յարաբերութիւններ:
Իրաքահայ գաղութը այս դժոխային ամէնէն դժուարին օրերուն, Գերշ. Տ. Աւագ Ասատուրեանի գլխաւորութեամբ, իր այլատեսակ, բազմաթիւ ու բազմատեսակ օժանդակութիւնները հասցուց մեր յաւիտենական Հայրենիքին երկրաշարժի օրերուն, անկախութեան առաջին տարիներու դժուարութեանց օրերուն եւ մեր լուսոյ խորան Ս. Էջմիածինին: Անոր համար է, որ Աւագ Արք. Ասատուրեան արժանացաւ հայրենի պետութեան մեծագոյն շքանշաններուն:
Նմանապէս մեր սիրելի Աւագ Սրբազանը իր պաշտօններուն եւ Իրաքի քրիստոնեաներու ղեկավարի հանգամանքով, եօթը անգամ տեսնուած է Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսապետ Պապին, Անգլիոյ Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսին եւ բազմաթիւ այլ հոգեւոր պետերու հետ, արաբական երկիրներու իսլամ ղեկավարներու, թագաւորներու, նախագահներու եւ իշխանաւորներու հետ: Ուր որ եղած է, որոնց հետ որ տեսնուած է Նորին Սրբազնութիւնը անպայման անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան: Ան իր Աստուածային իմաստութեան հետ, իր թիկնեղ ու պարթեւ կազմով, միշտ ալ խոր տպաւորութիւն թողած է զինք ունկնդրողներուն վրայ, հիացնելով իր շնորհքին ու վարքին վրայ:
Աւագ Սրբազան հակառակ իր արտակարգ զբաղուածութեան եւ բազում պարտականութիւններուն, սերտ ու մշտատեւ կապի մէջ էր իր հանգուցեալ մօր՝ Տիրամայրի, Ամերիկա հաստատուած եղբօրը, անոնց զաւակներուն եւ բոլոր հարազատներուն ու բարեկամներուն հետ, միշտ անոնց ուրախ եւ տխուր առիթներուն անոնց հասած է իր աղօթքներով, մխիթարական կամ շնորհաւորական խօսքերով:
Լոս Անճելոսի հայութիւնը միշտ ալ անձկութեամբ եւ մեծագոյն կարօտով կը սպասեն Նորին Սրբազնութեան, իր մէջ տեսնելով մեր գաղութի պատկերը, մեր պատուական գաղութի պատուաբեր ու փայլուն երեսը: Ճիշդ ասոր համար է, որ երբ Գերշ. Դոկտ. Աւագ Արք. Ասատուրեան Լոս Անճելոս ժամանէ, Լոս Անճելոսի նախկին իրաքահայերը տօնական անխառն ուրախութեամբ կը դիմաւորեն զինք եւ կը փութան եկեղեցի իր մատուցած Ս. Պատարագին ներկայ ըլլալ ու անոր սրտաշարժ քարոզներով լեցուիլ:
Գալ տարի՝ 2017-ին իրաքահայ գաղութը արժանավայել ձեռարկով մը պիտի նշէ Նորին Սրբութեան ծննդեան 75-ամեակը:
Մենք ալ Լոս Անճելըսի այս հեռաւոր ափերէն սրտանց կը շնորհաւորենք մեր թանկագին Աւագ Սրբազանը սիրաջերմ զգացումներով, իրեն կը մաղթենք կենսառողջ եւ արդիւնաշատ բեղուն օրեր, ըսելով.
_ Վարձքդ կատար, մշակ բարի ու յարգարժան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին