Վիեննայի մէջ Մայիս 16-ին կայացած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ՝ Սերժ Սարգսեանի ու Իլհամ Ալիեւի հանդիպումէն ետք սահմանագիծին վրայ երկու զոհեր արձանագրուեցան երկու կողմերէն: Այս մասին ըստ «Արցախփրես»ի կը գրէ Radio Vatican ձայնասփիւռի կայքը:
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը շարունակուի զոհեր արձանագրուիլ` հակառակ հակամարտութիւնը կարգաւորելու երկու պետութիւններու նախագահներուն ցանկութեան մասին յայտարարութիւններուն:
Լրագրող Ֆրանչեսքա Սապաթինելին այս թեմայով խօսած է Osservatorio Balcani e Caucaso կեդրոնի լրագրող Սիմոնէ Զոպելարոյի հետ:
Զոպելարոյի խօսքով երկու երկիրներու նախագահներուն հանդիպումը կարեւոր քայլ էր, քանի որ անոնք երկար ժամանակէ չէին հանդիպած, յատկապէս Ապրիլէն ի վեր, երբ տեղի ունեցաւ 1994 թուականին կնքուած հրադադարէն ի վեր պատերազմի վատագոյն շրջանը: Ան նշած է, որ 1994 թուականէն ի վեր չէին եղած նման ծանր պատերազմական գործողութիւններ՝ ինչպէս Ապրիլի սկիզբը, երբ արձանագրուեցաւ աւելի քան 300 զոհեր երկու կողմերէն: Երկու նախագահները կրկին կը հանդիպին եւ յոյս կայ, որ ատիկա կրնայ յանգեցնել խաղաղութեան վերաբերեալ համաձայնագիրի կնքման:
Այն հարցումին, թէ ինչը կը խանգարէ հասնիլ այդ համաձայնագիրին, լրագրողը պատասխանած է` այդ հակամարտութեան առնչուող ներքին եւ արտաքին տարբեր դերակատարներու գործօնը:
«Ազրպէյճանը քարիւղով ու կազով հարուստ պետութիւն է, ուր 1969 թուականէն ի վեր իշխանութեան գլխուն մէկ ընտանիք է` Ալիեւներու ընտանիքը: Իշխանութեան մէջ գտնուող այս ընտանիքը կ՛օգտագործէ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը՝ արդարացնելու ազատութեան տարբեր սահմանափակումները», ըսած է Զոպելարոն յիշատակելով նաեւ Ռուսիան:
«Կայ նաեւ Ռուսիան, որ պաշտօնապէս Հայաստանի դաշնակիցն է, բայց որ մեծ քանակութեամբ զէնք կը վաճառէ Ազրպէյճանին: Այդպէս Ռուսիան երկակի խաղ կը խաղայ, որովհետեւ այդպիսով կը պահպանէ Հարաւային Կովկասի մէջ իրեն համար կարեւոր ներկայութիւնը: Եւրոպան եւ ԱՄՆը անոր փոխարէն մեծ անտարբերութիւն կը դրսեւորեն այս հակամարտութեան հանդէպ եւ իրականութեան մէջ երբեք ջանք չեն դրած զայն լուծելու համար: Այսպիսով ցաւօք այս իրավիճակը ձգձգուած է ամբողջ քառորդ դար», կ՛ըսէ Զոպելարոն:
Լրագրողը կը հաստատէ, որ իսկապէս այս լարուածութեան վերջ դնելը կարծէք որեւէ մէկուն օրակարգին վրայ չէ:
«Յիշենք, որ ի թիւս այլնի, այս հակամարտութեան մէջ 30 հազարէ աւելի զոհեր եղած են, մէկ միլիոնէ աւելի փախստականներ եւ տեղահանուածներ, մենք կրնանք պատկերացնել, թէ ատոնք ինչ վնասներ են այս երկու փոքր պետութիւններու տնտեսութեան, ազատութեան եւ հաւասարութեան համար, որոնք նաեւ Եւրոպայի խորհուրդի անդամներ են: Այդ իսկ պատճառով Եւրոպան նոյնպէս պէտք է շատ աւելի համագործակցային վերաբերմունք ունենար, այս հակամարտութեան վերաբերեալ շատ աւելի մեծ յանձնառութիւն: Փոխարէնը` ամէն կողմ մեծ լրբութիւն կ՛իշխէ: Ցաւօք, այս հակամարտութիւնը չ՛արձագանգեր ռազմական տրամաբանութեան, այլ քաղաքական տրամաբանութեան, որուն պատճառով որոշակի պահերու կ՛որոշուի, որ պէտք է ըլլայ լարուածութիւն, հնարաւոր է` քաղաքական շարժառիթներով պայմանաւորուած», կ՛ըսէ Զոպելարոն:
Լրագրողը կը պատմէ, որ այցելած է Թալիշ` «ուրուական գիւղ», ուր ամբողջ բնակչութիւնը ստիպուած եղած է հեռանալու, դպրոցներն ու տուները աւերուած են, շատերը սպաննուած, վիրաւորուած եւ խոշտանգուած: Ան պատմած է նաեւ, որ այցելած է խրամատներ, որոնք նոյնպէս անոր համար «մէկ այլ տպաւորիչ տեսարան եղած են»: «Մեզի այս ամէնը կը տանի 100 տարի ետեւ, երբ Եւրոպայի մէջ Առաջին համաշխարհային պատերազմն էր: Դեռ այսօր ալ, Առաջին համաշխարհային պատերազմէն հարիւր տարիներ անց, խրամատներ կան ուր երիտասարդները կը բախին մահուան սպառնալիքին: Եւ այս ամէնը իսկապէս աշխարհի կողմէ մոռցուած պատերազմ է», կ՛ըսէ ան:
Լրագրողները նաեւ խօսած են Հռոմի Պապի Հայաստան կատարելիք այցի մասին եւ Սիմոնէ Զոպելարոն նշած է, որ ատիկա քիչ լաւ նորութիւններէն է:
«Հանդիպած եմ քաղաքացիական հասարակութեան տարբեր անդամներու եւ վարչապետին. անոնք բոլորը ինծի պատմած են Հռոմի Պապի այցելութեան մասին որպէս այս հակամարտութեան համար մեծ յոյսի նշան: Հակամարտութիւն քրիստոնեայ հայ բնակչութեան, որ եղած է պատմութեան մէջ քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունած առաջին ժողովուրդը, եւ Ազրպէյճանի մահմեդական բնակչութեան միջեւ: Յոյսով եմ, որ Պապի այցը կարենայ խաղաղութեան նշան ըլլալ», ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ Վիեննայի մէջ Մայիս 16-ի երեկոյեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւ մասնակցած են՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ տեղի ունեցած քննարկման:
Հանդիպման մասնակցած են երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Էտուարտ Նալպանտեան եւ Էլմար Մամետեարով, դեսպաններ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Ճէյմս Ուորլիք (ԱՄՆ), Փիեռ Անտրիոն (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիկ: