Երեքշաբթի, 08. 10. 2024

spot_img

Քաղաքացիներուն Մարդկային Արժանապատուութիւնը Վիրաւորող… Անփութութիւն…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Յաջորդական երկու կիրակիներու քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու եղելութիւններէն, հեռատեսիլի ցուցադրածներէն յիշողութեանս մէջ միակ մնացածները՝ հաշմանդամի մը եւ անկար ծերունիի մը ընտրութեան առաջնորդուելու պատկերներն էին, նման պարագաներու համար ոչ պատրաստ ընտրական կեդրոններու մէջ…։ Ամենայնդէպս Լիբանանի մէջ չկար ընտրական կեդրոն մը, որ այդպիսի «մանրամասնութիւն» մը նկատի ունեցած ըլլար…:

Երբ տակաւին ազդուած կը մնամ ի տես այդ քաղաքացիներուն մարդկային արժանապատուութիւնը վիրաւորող երեւոյթին, այսօր կարդացի հետեւեալը, որ թէեւ անցեալին կը պատկանի, սակայն շատ այժմէական է։

Ուրեմն 1975 թուին Ճափոնի մէջ կոյր ծերունի կին մը, իր վիճակին պատճառով սխալմամբ չափազանց ցաւալի արկածի մը ենթարկուած է՝ իյնալով շոգեկառքի երկաթուղիին վրայ, ուրկէ արագ սուրացող ճեպընթացը ճզմած է խեղճ կինը…:

Որպէս հետեւանք այս ցաւալի պատահարին, երկիրի տարածքին սուգ յայտարարուած է, մինչ կառավարութիւնը իր գործած անփութութեան պատճառով… հրաժարած է…:  Յաջորդ կառավարութիւնը հանրային փոխադրութեան ամբողջ համակարգը փոխած է՝ զայն յարմարցնելով ֆիզիքապէս անկար քաղաքացիներու պէտքերուն…:

Պէտք ունի՞մ նկատողութիւնս շարունակելու սիրելի ընթերցող…: Միայն մէկ բան՝ ԱՄՕԹ մեզի:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին