Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Մեր «Պատ»ը

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Մեր «պատ»ը, պահեստանոցի պատը, ուրիշ բան չէր եթէ ոչ չորս փեղկանի երկաթէ դուռ. հրապարակային ցուցափեղկ չէր ի հարկէ, այլ ստորերկրեայ պահեստանոցի մէկ հատուածի դուռը: Ուստի գործաւորները, որոնք երբեմն ըսելիք կ’ունենային զանազան տեսակի, կ’արձանգրէին մի քանի տողով. իշխող լեզուն հայատառ թրքերէնն էր. վերջապէս ջարդէն ճողոպրած ու Լիբանան ապաստանած հայերու առաջին սերունդին.- վարիչ, օգնական, բեռնակրութիւն ընելու եկած անհատներ, կեանքը մղած էր. հացի հարց: Գրութիւններուն մէջ առաջնութիւնը կ’երթար «փրկէ» բառին, որ գրուած էր երեք տառասխալներով. ուստի միակը, որ կը փրկէր ամբողջական կործանումէ «կ» տառն էր, եւ ի հարկէ ներելի…։ Վերջապէս նախակրթական ուսումէ զրկուածներ: Սակայն կար նաեւ պատասխանատուն, որ օր մը ջղայնացած ըսաւ, «էշերու մէջ կ’ապրիմ կոր», ես ալ ըսի.- «Վարդանն ալ այդպէս կ’ըսէ կոր (Վարդան վարիչ էր, որ իր բերնին՝ ամերիկեան հայհոյանք մը ունէր իբրեւ ծամօն…) ու պատին վրայ քառեակ մը արձանագրեց.-

« Դժբախտը այն մարդն է

Որ գիտութիւն եւ զարգացում

Ստանալով   տգէտներուն ձեռքը

Տանջուելու կ’երթայ»:

                                          Շինասի

Ի հարկէ, ինք իր ցաւը Շինասիով արտայայտեց, բայց ինծի մտածել տուաւ, թէ կեանքի մէջ մարդ «իր տեղը» գտնելու համար բազմաթիւ պայմաններ պէտք է լրացնէ. հիմնականը՝ շուկայի քերականութեան մէջէն յաջողապէս անցնելու է, որ երբեմն աւելի արտաքին պայմաններէն կախեալ կ’ըլլայ քան ներքին, եւ ոչ մէկու վիճակը նման չի կրնար ըլլալ ուրիշի մը վիճակին: Մարդ իր տեղը պիտի իյնայ որպէսզի պտղաբերի…։ Սակայն ե՛ւ պարտէզը, ե՛ւ պարտէզին տէրը, ե՛ւ ցանուելիք հունտն ու զայն խնամելու հմտութիւնը միասնաբար պիտի տան սպասուած բերքը: Եւ կամ՝ երկիրի մը զօրութիւնը իր Պետութեան մտաւորական, ժողովուրդի եւ բանակի ներդաշնակութեան մէջ կը կայանայ, որով կրնայ ինքզինք ըլլալ եւ յարգել ու յարգուիլ…։

Կը յիշեմ աղօտ կերպով, Ֆերնանտելի (ֆրանսացի կատակերգակ դերասան) մէկ ֆիլմը, ուր ինք  գործազուրկ էր. ուստի հետամուտ գործի մը…։ Դիմեց հսկայ Քազինօ մը, իբրեւ գաղտնի ոստիկան…։ Բայց եկուր տես, որ ամէնքը զինք ճանչցան, ինք՝ ոչ ոքի, ուստի մերժուեցաւ: Ապա եղաւ գերեզմանատան մը պահակը, ուր… սգաւորներու արցունքները վերածուեցան ծիծաղի՝ ի տես իր կեցուածքին, որ այնքան ծիծաղառիթ էր… անկէ ալ հեռացուեցաւ…։ Ի վերջոյ օր մը այցելեց կրկէս, ուր պիտի նուագէր, «Tristessre»ը (ի հարկէ տխուր), նուագողները իրենց գործիքները խօսեցնելու սկսան, սակայն քիչ ետք ժողովուրդը մոռցաւ համանուագը ի տես Ֆերնանտելի ներկայութեան, որ ինքնին ծիծաղաշարժ էր… պատճառելով, որ նուագողները ինքնաբերաբար լքեն բեմը… որ հիւրընկալեց… Ֆերնանտելը, ծիծաղաշարժ երգով մը, ու վարագոյրը փակուեցաւ խնդուքով: «Դժբախտը այն մարդն է…»:

Մեր պատասխանատուն ալ, որ արդէն էր ու մի քանի այլ տեղեր աշխատած եւ վերջապէս «իր տեղը» գտած, այցելեց մեզի. չէր մոռցած մեզ…

Ուստի, իր գրած քառեակին տակ աւելցուց.-

« Բախտաւորը այն մարդն է

Որ հոս ու հոն կը թռի

Վերջ ի վերջոյ կը թառի

Իրեն յարմար աթոռի»:

Յ.Գ. Երբ «պատ»ը գրեթէ լեցուած էր իմաստութիւններով, նոր գործաւոր մը ժամանեց: Իրեն ըսի, կարդացիր բաւական. աւելցուր դուն ալ բան մը:

Գրեց.- «Այսպէս եկեր է, այսպէս ալ կ’երթայ»: (Թրքերէն ի հարկէ): Ըսի.- Լաւ հուսկ բանք ըրիր:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին