Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Սերժ Սարգսեան Վիեննայի Մէջ Հանդիպած Է Ֆետերիքա Մոկերինիի Եւ Ճոն Քերիի Հետ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Վիեննայի մէջ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ, կը հաղորդէ ՀՀ նախագահի մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են՝ տարածաշրջանի զարգացումներուն եւ անվտանգութեան սպառնացող ներկայիս մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցեր: Այդ ծիրէն ներս անդրադարձ եղած է ԼՂ հակամարտութեան սահմանագիծին վրայ, անցեալ ամսուայ սկիզբը հրադադարի կոպիտ խախտման հետեւանքով յառաջացած լարուածութեան աճին եւ ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու հնարաւորութիւններուն: Սերժ Սարգսեան ներկայացնելով հայկական կողմի դիրքորոշումը բանակցային գործընթացի վերսկսման վերաբերեալ` կարեւորած է 1994 թուականի զինադադարի մասին եւ 1995 թուականի զինադադարի ամրապնդման մասին համաձայնագիրերու անվերապահ կատարման անհրաժեշտութիւնը, որպէս խնդիրի կարգաւորման համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման նպատակաուղղուած առաջին քայլ:

Ֆ. Մոկերինին վերահաստատած է ԵՄ աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահողներու ջանքերուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնած սատարելու՝ հակամարտութեան գօտիին մէջ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու իրականացման հարցով: Այդ առումով հայկական կողմը շեշտած է ԵՄ ներկայացուցիչներու այցելութիւնները հակամարտութենէն տուժած շրջաններ:

Զրուցակիցները յոյս յայտնած են, որ ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու նախաձեռնութեամբ, Վիեննայի մէջ հանդիպումները պիտի նպաստեն ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման, տարածաշրջանի մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման:

Հանդիպման անդրադարձ եղած է նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգին, ինչպէս նաեւ առանձին ոլորտներու մէջ համագործակցութեան:

Նախագահի պաշտօնական կայքը կը յայտնէ, որ Սերժ Սարգսեան հանդիպում մը ունեցած է նաեւ ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի հետ:

2

Կողմերը քննարկած են Ապրիլի սկիզբը ԼՂ հակամարտութեան գօտիին մէջ, հրադադարի կոպիտ խախտման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու հնարաւորութիւնները: Կարեւորելով ՄԽ համանախագահողներուն Մայիս 12-ի յայտարարութիւնը` Սերժ Սարգսեան նշած է, որ բանակցային գործընթացի վերսկսման համար անհրաժեշտ է ապահովել 1994 թուականի զինադադարի մասին եւ 1995 թուականի զինադադարի ամրապնդման մասին համաձայնագիրերու լիարժէք իրականացումը, ինչպէս նաեւ զինադադարի խախտումներու հետաքննութեան մեքանիզմի շուտափոյթ ներդրումը: Ընդգծելով այն փաստը, որ ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները նախաձեռնած են ներկայիս հանդիպումը:

Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ անոնք նոյնպիսի հետեւողականութեամբ իրենց հասցէական դիրքորոշումներով ու յստակ քայլերով կը նպաստեն բանակցութիւններու վերսկսման համար՝ նպաստաւոր պայմաններու ստեղծման:

Կողմերը եւս մէկ անգամ վերահաստատած են, որ ԼՂ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի, եւ անհրաժեշտ է հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ գտնել փոխընդունելի լուծման մեքանիզմներ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին