*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
Ի՞նչ կը նշանակէ երիտասարդութիւն, եթէ ոչ՝ եռք, խանդավառութիւն եւ ապագայի նայող հրավառ աչքեր: Դասընկերներէս մին՝ Ժիրայր Երէցեան ծանօթացուց ինծի Չարենցը, որուն մէն մին տողը զիս հրապուրեց մանաւանդ երբ ոգին այնքան հարազատ գտայ նպատակներուս եւ կիրքերուս հետ. իսկ առաջին հերթին «Ամբոխները խելագարուած»ը, որուն արդէն կարգ մը տողերը գոց գիտէի.- «Ու կարմրածուփ հորիզոնին հրաշուշան, մայր էր մտնում արեւը որպէս կռուի ազդանշան»- կարծես սրտիս զարկերն էին կենսատու… կարմիրն արդէն ինքնին կենդանութիւն էր ու արեւը՝ կենսաղբիւր, եւ խառնուածքիս ալ մօտ, շա՜տ մօտ. փաստ մը դպրոցական վիճակացոյցիս նկատողութենէն. – «կոշտ եւ կռուազան»… իսկ այլ տեղ՝ «ծառայասէր եւ բարեսիրտ» ( հակադրութիւն, ոչ համադրութիւն. վերջապէս մարդ արարածը բարդ է): Չտարածուինք: Ուրեմն՝ Լիբանանի Տհուր Գիւղէն Պոլնիա տանող երկարաձիգ ճամբուն վրայ, երբ առանձին կը թեքերէի, մայրամուտ էր. նստեցայ ճամբայէն հեռու, ապահով տեղ մը ու աչքերս յառած կարմիր կէտին՝ որն էր արեւը, կ’ապրէի պահը. խաղաղ էր չորս դին եւ լուռ: Լռութիւնը խզուեցաւ «հարամ»- բառով: Դարձեալ ու երկու օրիորդներ ինծի նայեցան, ապա՝ իրարու… «հարամ».- մեղք է… գուցէ կը խորհէին թէ եւ ինչ որ ներքին հարց մը ունէի, անլոյծ հարց մը. երբ ես կ’ապրէի կեանքիս անմոռանալի պահերէն մին:
Այս՝ պատկեր առաջին անուանենք:
Գանք երկրորդին.-
Ես ես եմ, եւ իմ ըսելիքս, որքան ալ նկատողութեան, քննադատութեան ու խծբծանքի կը տանի. ինչ հոգ. ամէն ոք առանձին եւ ինքնուրոյն էակ մըն է, աննման եւ անբաղդատելի, ինչպէս մատնահետքերը՝ անձնականութիւն բնորոշող:
Ուրեմն, մարդիկ վարժ են արտաքինէն դատելու. ի՜նչ դիւրի գործ. աչք ունին, ունին ճաշակ ու լեզու եւ դատողութիւն, բայց իրերու, մանաւանդ անձերու խորքը թափանցելը կ’ենթադրէ որոշ գիտելիք, մօտեցումի իւրայատկութիւն, ինչ որ ընդհանրացած չէ: Այսպէս Յիսուսի խաչելութիւնը օրինակ առնելով, եւ մանաւանդ երգի մը բառերը՝ «Աւա՜ղ, իմ Սէրս խաչին վրայ մեռաւ արիւնլուայ»…։ Ի՜նչ խղճալի վիճակ կը ներկայացնէ. եթէ Տէրը ըլլար, միթէ՞ պիտի արտօնէր, երբ իր աշակերտները ըսին. «Այս բանը քեզի պիտի չպատահի»։ Իսկ ինք պատասխանեց ըսելով. «Պէտք է որ ըլլան, որպէսզի գրուածը կատարուի»: Իսկ այլ տեղ. «Ես այս բանին համար եկայ»։ Գողգոթայի ճամբուն վրայ լացող աղջիկներուն ըսաւ. «Լացէք դուք ձեր վրայ». ալ ինչ ողբ ու կոծ, պարզապէս մէկ բան՝ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆ։ Որ է դատել արտաքինէն, որուն պատճառն ալ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ մեքենական կեանք կամ դանդաղամտութիւն, ինչ որ դարուս հիւանդութիւնն է:
Գալով այլ կէտի մը, ի հարկէ երկուութիւնն ալ անուրանալի իրականութիւն է, որ ամէն ոք կ’ունենայ: Խուսափում չկայ: Յիսուս Գեթսեմանէ պարտէզին մէջ իր Հօրմէն աղաղակեց, որ այս «բաժակը իրմէ հեռացնէ», բայց նաեւ աւելցուց՝ «քու կամքդ ըլլայ»…։
Որպէսզի չմնանք Աւետարաններու սահմանումներուն մէջ, անցնինք մեր երկու մեծերուն.-
Երկուութիւն. «Ես հարուստ եմ. Ես բախտաւոր. Իմ ծննդեան պայծառ օրից… եւ մենք ամէնքս հիւր ենք կեանքում մեր ծննդեան փուճ օրից» (Յ. Թումանեան):
Պայծառ եւ… փուճ…։
Իսկ Չարենց՝ «Ես ամէն տանջանք տարել եմ սիրով» եւ «Պարտուեց քո հայրը, մանկիկ անգին»…։
Վերջաբան.-
Ինծի բաւական ծանօթի մը հետ խօսակցութեան աւարտին՝ խօսակցութիւնը, որ կը դառնար անցած ճանապարհէս այսօրուան ներկայիս (տնտեսական մտահոգութիւն), ըսաւ. «Չե՞ս զղջար կոր»…։ Ըսի՝ խառնուածքս այս է: Նախախնամութեան տուածը: Իսկ եթէ անպայման զղջալ բառը կ’ուզես լսել ինձմէ՝ … ըսի. երբ արմատական լուծում. «ԾՆԵԼՈՒՍ ԿԸ ԶՂՋԱՄ»… եւ սակայն՝ կը յիշեմ երիտասարդութեան օրերուս գրած մէկ քառեակս, որուն ոգիին հետ, տակաւին հաշտ եմ, ու վկայ այս գրութիւնս:
«Կեանքը ցանէ թող հուր
Մահը հնձէ մոխիր
Ճամբորդ դուն ամէնուր
Պայքարի հուր եղիր»:
Ապրիլ կը նշանակէ ԿՌՈՒԻԼ… մինչեւ վերջնական յաղթանակը: