Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Ապրիլեան Նահատակները Խորհրդանշող Յուշանուէր Արուեստագէտ Ռաֆֆի Թoքաթլեանէն Էն Տի Եու Համալսարանին

*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*

Երկուշաբթի,  16 Մայիս 2016-ին, հրաւէր ստացանք ներկայ գտնուելու եզակի ձեռնարկի մը: Միջազգային համբաւ վայելող,  լիբանանաբնակ հայազգի մեծ արուեստագէտ Ռաֆֆի Թoքաթլեանը, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առթիւ պատրաստած սքանչելի արուեստի կոթող մը՝ ապրիլեան նահատակները խորհրդանշող խաչանիշ յուշարձան մը նուիրեց՝ Լիբանանեան Էն ՏԻ Եու համալսարանին:

Կէսօրուայ ժամը 12:30-ին ներկայ էինք լիբանանեան Էն Տի Եու համալսարանի հայասէր տնօրէնի՝ Հայր Ուալիտ Մուսայի գրասենեակը: Ներկայ էին համալսարանի փոխ տնօրէն՝ Պրն. Սուհէյլ Մաթարը, Համալսարանի հանրային յարաբերութիւններու պատասխանատու՝ Դոկտ. Նատա Սապէր եւ այլ հիւրեր:

Ռաֆֆի Թօքաթլաեան ծնած է Պէյրութ 1957 թուականին արուեստագէտներու ընտանիքի մը մէջ: Անոր մեծ հայրը, որ արուեստագէտ մըն էր, եղած է  Ցեղասպանութեան վերապրողներէն: Ռաֆֆի աճած է իր մեծ հօր ջարդի մասին պատմութիւնները լսելով, որ իր մէջ կերտած է խրոխտ հայու նկարագիրը: «Ամէն օր մեծ հայրս, հայրս եւ ես քով-քովի նստած կը գծէինք», կը յիշէ Ռաֆֆի մատնանշելով արուեստի դերը իր ընտանիքին մէջ: Ռաֆֆի Թօքաթլեան յաճախած է Պէյրութի Արուեստից վարժարանը, որմէ ետք անցած է Փարիզ եւ հոն շարունակած իր ուսումը՝ Փարիզի Գեղեցիկ Արուեստներու ուսումնարանի (Ecole des Beaux-Arts) մէջ: Գծագրութեան կողքին նաեւ բարձրորակ տաղանդ ունի քանդակի մէջ: Ռաֆֆի պարգեւատրուած է ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ «Արշիլ Կորքի» շքանշանով:

Էն Տի Եու համալսարանի տնօրէնը հիացած էր արուեստագէտին գործով, տեսնելով անոր մէջ հոգեւոր խոր իմաստներ: Ռաֆֆի բացատրութիւն տալով իր գործին մասին յայտնեց, որ խաչը կը խորհրդանշէր հայ ժողովուրդի տառապանքը, եւ խաչին վրայ քամուած մարդիկը՝ հայ ժողովուրդը:

2

Ան բացայայտեց նաեւ, որ յուշանուէրը ունէր ամբողջացուցիչ այլ կտոր մը, որ փշրուած ապակեայ յատակ մըն էր, հայ ազգի անբժշկելի վէրքը խորհրդանշող:

Գնահատական խօսքով բեմ եկաւ Գեր. Հայր Գէորգ Ծ.Վ. Եղիայեանը: Ան ըսաւ. «Ուրախութիւն է մեզի համար ներկայացնել ձեզի ապրիլեան նահատակները խորհրդանշող այս յուշանուէրը: Խաչը կը խորհրդանշէ ցաւն ու տառապանքը հայ ժողովուրդի, զոր կրեց իր Տիրոջ՝ Նազովրեցի Յիսուսի նման: Մարդկութիւնը, ինչպէս Ռաֆֆի ներկայացուցած է, կը մնայ խաչուած մեղքի խաչերուն վրայ, սպասելով արդարութեան եւ ճշմարտութեան յաղթանակի օրուան: Այս օրուայ մէջ, եւ Մարիամեան այս Համալսարանի մէջ, շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեզի եւ ձեր օգնականներուն, որ ձեր դռները եւ սիրտերը բացիք հայ ազգի զաւակներուն դիմաց: Ձեր բեմերէն մենք արդարութեան կոչեր բարձրացուցինք, պահանջելով իրաւունքը մեր ժողովուրդի եւ խաղաղութիւն Լիբանանեան հայրենիքին: Հետեւաբար անգամ մը եւս խորին շնորհակալութիւն ու գնահատանք կը յայտնենք ձեզի»:

3

Ապա խօսք առաւ համալսարանի տնօրէ՝ հայր Ուալիտ Մուսան: Ան ըսաւ. «Որպէս համալսարան, մենք պարտ ենք կանգնիլ արդարութեան կողքին: Որքան աւելի, որպէս  քրիստոնէական համալսարան, մենք պէտք է կանգնինք ձեր ժողովուրդին հետ եւ պահանջելով անոր իրաւունքին արդարութիւնը: Մենք կը սիրենք հայ ժողովուրդը եւ կը յարգենք անոր զաւակներուն աշխատասիրութիւնն ու նուիրումը իրենց մայր Հայրենիքին եւ ապրած հողին: Մեր սիրտերը եւ դռները միշտ բաց են հայ ազգի զաւակներուն համար: Խորին շնորհակալութիւն Պրն. Ռաֆֆի Թօքաթլեանին՝ իր այս եզակի նուէրին համար: Մեր համալսարանը մեծապէս կը գնահատէ այս քայլը: Յուսով եմ, որ ձեր ժողովուրդի յարութիւնը խորհրդանշող կոթողներով, անգամ մը եւս ներկայ գտնուիք մեր համալսարանէն ներս»:

4

Ներկաներս հոգեկան մեծ հրճուանքով եւ գոհացումով դուրս եկանք սրահէն, ուր զետեղուած էր յուշանուէրը: Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն հայ ազգի անունը միջազգային բեմերու վրայ բարձրացնող Ռաֆֆի Թօքաթլեանին, իր այս քայլով լիբանանցի ժողովուրդին հետ հայ ազգին սերտ կապը ամրացնող քայլին համար: Ան այս յուշանուէրով Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը անգամ մը եւս պանծացուց: Ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն Էն Տի Եու համալսարանի հայասէր տնօրէնի եւ իր օգնականներուն:

5

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին