Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Վահան Թէքէեան Վարժարանի Հոգաբարձութեան Անդամ Ռաֆֆի Տօնէրեանի Խօսքը

Սիրելի ներկաներ,

Տէրունական օրն այսօր սովորական Կիրակի մը չէ, այլ մայիսեան խորհրդաւոր առաւօտ մը: Թէքէեանի կտակին ընդմիշտ հաւատարիմ ու երախտագէտ զաւակներ այս դպրոցին, կը նորոգեն իրենց անկեղծ սէրն ու յարգանքը անմահացնելով անթառամ յիշատակը այն 33 ննջեցեալներուն, որոնց շունչն ու հոգին լուսաւորեցին մեր ժողովուրդի մատղաշ սերունդներուն միտքերն ուսումնատենչ:

Նոյնքան խորհրդաւոր է եկեղեցւոյ անունը՝ Սրբոց վարդանանց: Ան կը յաւերժացնէ մեր ազգի պանծալի պատմութեան դիւցազնական էջերէն մին՝ արձագանգելով ճշմարիտ ու խորիմաստ յանկերգը Վարդանանց, զոր կարծէք կ’ամփոփէ այս Կիրակնօրեայ խորհուրդ խորինը ու կ’ամոքէ ամէն վիշտ՝ «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է»:

Քիչ առաջ երբ հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարուէր եկեղեցին, բնականաբար մեզմէ իւրաքանչիւրը պահ մը անջատուելով մթնոլորտէն, կեանքի կոչեց հեռաւոր թէ մօտիկ անցեալէն անմոռաց յիշատակներ հեռացած հարազատի մը: Այդ մտորումներու  ընդմէջէն ծայր կ’առնէ էական հարցումներու անվերջ շարան մը: Ի՞նչ է մահը, ի՞նչ է կեանքին իմաստը, ի՞նչ կը պատահի մահուընէ ետք, եւ այլն: Հարցումներ, որոնք յամառօրէն անպատասխան են: Ի վերջոյ «ճակատագիր» մրմռալով կ’անցնինք մեր առօրեային, գլխիկոր եւ յուսախաբ:

Մարդ արարածը իր գոյութեան մթնշաղէն, ի զուր փորձած է լուծել կեանքի ու մահուան առեղծուածը: Հին աշխարհին բոլոր ժողովուրդները, փարաւոններու Եգիպտոսէն մինչեւ Միջագետքեան երբեմնի քաղաքակրթութիւնները, անյաղթ Հռոմէն եւ Յունաստանէն մինչեւ հեռաւոր արեւելք, խոնարհած են այս կնճռոտ իրողութեան առջեւ:

Յոյն մեծ փիլիսոփայ Սոկրատ կ’ըսէ. «Ամօթալի տգիտութիւն է խորհիլ, թէ գիտենք այն ինչ որ չենք գիտեր»: Իսկ Եպիկուրոս հարց կու տայ, «ինչո՞ւ վախնամ մահէն, եթէ ես կամ՝ մահը չկայ, եթէ մահը կայ՝ ապա ես չկամ»:

Պէտք է խոստովանիլ սիրելիներ, որ կայ անհերքելի ճշմարտութիւն մը: Մահը այդ անխուսափելի հանգրուանն է կեանքի, որուն ակամայ ենթարկուած է ամէն շնչառու էակ: Կեանք եւ մահ զիրար ամբողջացնող անբաժան մասնիկներ են: Հետեւաբար անկարելի է կռահել մին՝ առանց ըմբռնելու միւսին անմիջականութիւնը:

Սակայն ի դէմ այս ահաւոր իրողութեան, վերածնունդի ու յաւերժութեան վեհագոյն գաղափարն է, որ մարդոց մխիթարանքն է անհուն: Յոյսի ու լաւատեսութեան զենիթն է ան: Ֆիզիքական մահով վերջ չի՛ գտներ գոյութիւնը մեր: Կայ աստուածատուր հոգին, որ ձերբազատուելով մահկանացու մարմինի սահմաններէն՝ կը սկսի իր երթը դէպի յաւիտենականութիւն, դէպի կենսահորդ աղբիւր կեանքի: Ահաւասիկ այս վսեմ գաղափարին շուրջ կը բոլորին համայն կրօնքներն ու փիլիսոփայութիւններն աշխարհի:

Յուդայական կրօնին մէջ, ուրկէ ծնունդ առած է քրիստոնէութիւնը, յստակօրէն կը նշուի սոյն գաղափարը: Ս. Գիրքին մէջ Յոբ իր ցաւերուն ընդմէջէն կը հաստատէ. «Տէրը տուաւ ու Տէրը առաւ»: Իսկ Սողոմոն իմաստուն անդրադառնալով կեանքի վերջաւորութեան կը գրէ. «Այն ատեն հողը երկիր պիտի դառնայ՝ առաջուայ եղածին պէս ու հոգին Աստուծոյ պիտի դառնայ՝ որ զանիկա տուաւ»:

Այսօր երբ կը խոնարհինք մեր ննջեցեալներուն յիշատակին, կ’աղօթենք առ Աստուած անոխակալ ու բարեգութ, որ անոնց հոգիները արժանացնէ երկնային անդորրին:

Մօտ եւ հեռու անցեալի խորհրդաւոր յուշեր կու գան պարուրել մեր միտքերն ու ամբողջ էութիւնը, երբ կը յիշենք հեռացած մեր երկրորդ ծնողները: Այո՛, երկրորդ ծնող՝ շատերու համար արժանապէս առաջինը: Յոյն անուանի փիլիսոփայ Արիստոտէլ ի զուր տեղ չէ ըսած. «Ուսուցիչներ, որոնք կրթեցին մանուկներ աւելի արժանի են մեծարանքի՝ քան ծնողներ, որոնք պարզապէս ծնունդ տուին անոնց, որովհետեւ մին սոսկ կեանք տուած է, իսկ միւսը լաւ կեանք կ’ապահովէ»:

Իսկապէս ուսուցիչ կոչումը դասական պաշտօնէ շատ աւելի խորին հասկացողութիւն կ’ենթադրէ: Անիկա անձնուիրութեան գագաթնակէտն է: Վեհանձն առաքելութեան սրբազան կոչում: Այս նուիրեալ ասպարէզը ընտրելով, անոնք  ամբողջ կեանք մը զոհաբերած են յանուն սերունդներու դաստիարակութեան ու մարդակերտումին: Անհատական հանգիստն ու բարին անտեսելով՝ իրենց լաւագոյնը ընծայած են վասն այլոց բարգաւաճման ու յաջողութեան, եւ այդ բոլորը ամենահամեստ վարձատրութեամբ:

Կարդալով անունները մեր հանգուցեալ տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն, թաքուն հրճուանքով մը յիշեցի մանկութեանս տարիները երանաւէտ, երբ անցեալ դարու 70 եւ 80- ականներուն՝ առանձնաշնորհումը ունեցայ յաճախելու կրթական այս օճախը: Այսօր իմ ամբողջ կրթութիւնը, վարքն ու բարքը, անարժանաբար կը պարտիմ այն անձնուրաց հոգիներուն, որոնց աչքի լոյսով հասակ նետեցինք, դառնալով տիպար հայեր եւ քաղաքացիներ:

Ներքին անհուն կսկիծով, սակայն սրտի մեծ գոհունակութեամբ միաժամանակ, յաջորդաբար կ’ուրուագծուին օրհնեալ դէմքերը այդ նուիրեալներուն:

Կը յիշեմ տիկ. Արմենուհի Մահտեսեանի եւ օր. Սիլվա Չիլինկիրեանի գուրգուրանքն ու սէրը, հարազատ ու վճիտ, մանկապարտէզի այդ անմեղ ու անհոգ տարիներուն, որոնք կը թուէին մշտնջենական: Զարմանալիօրէն ժամանակը կանգ առած էր մանկութեան այդ տարիներուն:

Ապա կը յիշեմ մեր մայրենի լեզուի եւ Հայրենիքի հանդէպ մեր մէջ յատուկ սէր ու յարգանք սերմանող ուսուցիչներ օր. Սոնա Ետալեանը, Տիկ. Ովսաննա Տաղլեանը եւ Պրն. Ստեփան Թիթիզեանը, որ նաեւ աշխարհագրութիւն կ’ուսուցանէր:

Իսկ արաբերէն լեզուի, պատմութեան եւ աշխարհագրութեան դասապահներուն, մեր անթարթ աչքերը գրատախտակին սեւեռած, շարունակ կը փորձէինք ըմբռնել անհասկնալի թուող այս լեզուն՝ զարմանալով, թէ ինչո՞ւ օտար լեզուներ ալ պէտք էր սորվիլ, չէ՞ որ Պուրճ Համմուտի մէջ կ’ապրէինք: Այդ տարիներուն «տեղացի» բառը տակաւին գոյութիւն չուներ մեզի համար: Բիւր յարգանք Մայրիներու հիւրընկալ երկիրի արժանաւոր զաւակներուն, ուսուցիչներ Պրն. Ժոզէֆ Հայէքին, Պրն. Էլի Մըրին եւ Տիկ. Ատէլ Տիապին:

Նոյնքան խրթին կը թուէր Օր. Ժանէթ Չոփուրեանի արդի թուաբանութեան դասապահերը, զորս կը կնճռոտէին մեր դէմքերը: Սակայն շատ չանցած վրայ կը հասնէր անգլերէն լեզուի դասապահը, եւ Օր. Լուսին Փարմաքեանի երկնային ժպիտն ու օրհնեալ դէմքը կը վերահաստատէին խաղաղութիւնը մեր սիրտերուն մէջ:

Կրօնի եւ գիտութեան դասապահերը կ’ընթանային հանդարտ եւ հեզասահ: Պրն. Տիգրան Սեֆերճեանի հայրական վերաբերմունքը կը հանգստացնէր բոլորս:

Սակայն մարզանքի պահերուն Պրն. Ստեփան Օգնայեանի կտրուկ եւ անվերջ թուող հրահանգները՝ մեր արդէն դիւրաթեք մարմինները ուժաթափ վիճակի կը մատնէին:

Իսկ երբ ժամը հասնէր գիրք կամ տետրակ գնելու, խանդավառ մթնոլորտ մը կը ստեղծուէր, որովհետեւ այդ պատրուակով կրնայինք հանգիստ միտքով ուշանալ դասարան մտնելու: Բնաւ ձանձրոյթ չէր մեր կարգը սպասել Օր. Սիրանոյշ Գալայճեանի եւ Օր. Ովսաննա Գարտաշեանի գրասենեակի սեմին: Օր. Սիրանոյշին կը պարտինք նաեւ մեր գեղագրական կարողութիւնները զարգացնելու ջանքերը:

Անսահման էր մեր բոլոր ուսուցիչներուն դերը մեր կեանքերէն ներս անխտիր:

Սակայն անկեղծօրէն Թէքէեանը իմ սիրտին մէջ կը յաւերժանայ շնորհիւ այդ երկու անզուգական անհատներուն, որոնց անունները ամրօրէն շաղկապուած են այս դպրոցի փայլուն պատմութեան հետ: Առաջինը մեր հայոց պատմութեան ուսուցիչն էր՝ Պրն. Անդրանիկ Պոզոյեանը, որ մեր հոգիներուն մէջ սերմանած է մեր ազգի ու Հայրենիքի հանդէպ շատ մեծ սէր: Այնքան հաստատակամ, այնքան խիստ եւ օրինապահ, որ երբ Աւարայրի Ճակատամարտը կը բնութագրէր, իրեն յատուկ խրոխտ ձայնով, պահ մը կը կարծէինք, որ սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանն է, որ կը ճառախօսէ ամպիոնին վրայ: Իբրեւ ընդհանուր հերթապահ, անոր շուքն անգամ կ’անշարժացնէր բոլորս:

Իսկ երկրորդ անհատը հազարաւոր Թէքէեանցիներու մէկ հատիկն է՝ Տնօրէն Պրն. Երուանդ Պապայեանը:

Անցեալին զինքը անարժանաբար ներկայացուցած էի որպէս դաստիարակ եւ ուսուցիչ, կրթական մշակ եւ ազգային-հասարակական գործիչ, բազմավաստակ տնօրէն եւ գուրգուրոտ հայր բոլորին: Այսօր զինք կը ներկայացնեմ որպէս Լուսաւորչի կանթեղը կախուած երկինքի անթիւ աստղերու կողքին, որուն շողը վճիտ կը լուսաւորէ միտքերն ու հոգիները անցեալի ու գալիք սերունդներուն: Անոր հայու յոգնած սուրբ հոգին ամբողջ դար մը բաբախած է յանուն ազգին ու Հայրենիքին:

Պրն. Պապայեանի ներկայութիւնը ամէնուրեք էր եւ անսահման մեր սիրտերուն մէջ: Անոր խորհրդաւոր ներկայութիւնը զգալի էր նոյնիսկ իր բացակայութեան:

Երբ իր մօտ կը կանչուէինք որեւէ բանի համար, արդէն մեր սիրտերը կը տրոփէին անընդհատ: Դէպի տնօրէնութեան գրասենեակ տանող անցքին զետեղուած արտասովոր բազէներու եւ արծիւներու սարսափազդու տեսարանը աւելի մարսելի էր՝ քան դէմ առ դէմ կանգնիլ տնօրէնին առաջ, դուռը փակ:

Դժբախտաբար պատիւը չունեցայ աշակերտելու մեր բոլոր հանգուցեալ ուսուցիչներուն, որոնք ոգի ի բռին ծառայեցին ի խնդիր այս դպրոցի պայծառացման, ոմանք նոյնիսկ մինչեւ վերջին շունչն իրենց կեանքին: Երախտագիտութեան եւ յարգանքի ամենախոր զգացումներով կը խոնարհիմ անոնց սուրբ յիշատակին:

Տնօրէններ՝ Վահան Էլմայեան, Յովսէփ Սահակեան: Ուսուցիչներ՝ Աշխէն Գույումճեան, Արմէն Տէր Պետրոսեան, Ղեւոնդ Տէր Պետրոսեան, Վազգէն Թիւթիւնճեան, Արշալոյս Փայամճեան, Զարուհի Տիրացույեան, Սառա Գնդունի, Վերժին Գաֆէսեան, Մարի Քարամ, Լենա Կէօքճեան Փողօշլեան եւ Վիգի Սերոբեան:

Սիրելիներ,

Հայ Եկեղեցին առանց իր հաւատացեալ ժողովուրդին, պարզապէս քարաշէն կառոյց մըն է:

Մայր Հայրենիքը առանց իր զաւակներուն, դատարկ ու աննշան հողային տարածք մըն է:

Իսկ հայ դպրոցը առանց իր նուիրեալ ու անձնուէր ուսուցիչներուն եւ անոնց անսակարկ ներդրումին, սոսկ առեւտրական հաստատութիւն մը:

Ահաւասիկ բանաստեղծներու իշխանին անունը կրող այս դպրոցին գոյատեւման ու բարգաւաճման հիմնական պատճառը:

Լիցքաւորուած փառաւոր անցեալի նուաճումներով, այսօր մեր սիրելի դպրոցը դիմագրաւելով ամէն տեսակի մարտահրաւէրներ, ին ծնունդէն 65 տարիներ ետք կը շարունակէ իր անսասան երթը՝ շնորհիւ նոյնքան գաղափարապաշտ եւ անշահախնդիր նուիրեալ անհատներու:

Մեծ բանաստեղծը իր տողերուն ընդմէջէն կարծէք ներկայ է մեր մէջ այսօր: Ան կ’ողբայ կորուստը մեր ուսուցիչներուն՝ գրելով. «Քու յիշատա՛կդ այս գիշեր, զիս լալու չափ կը յուզէ»: Ան կը մխիթարէ մեզ շեշտելով, թէ «Մեռնիլը չէ էն տխուր բանը կեանքին»: Ան կը գնահատէ մեր ննջեցեալներու անսահման զոհողութիւնը:

«Հաշուեյարդար. Ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.

Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ, այն միայն.

Ինչ որ գնաց ուրիշին՝ վերադարձաւ անուշացած ու զօրացած՝ հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան»:

Եւ վերջապէս ան իր կտակով ուրախութեան նշոյլը վառ կը պահէ մեր մէջ, աւետելով անոնց հանգստութիւնը առյաւէտ:

« Թող ոչ ոքի մահս չտայ տխրութիւն,

Ուրախութիւն թող ան ըլլայ ամէնուն,

Թշնամիին, բարեկամին ալ համար…

Տառապանքիս վերջը եկաւ հուսկ ուրեմն,

Եւ անցնելով խաւար ու մեծ տունին սեմն

Ես կը հանգչիմ, պիտի հանգչիմ յաւիտեան…»:

Աւարտելէ առաջ թոյլ տուէք ներկաներուն անունով գնահատանքի յատուկ խօսք ուղղել Վահան Թէքէեան Վարժարանի Սանուց Միութեան ժրաջան անդամներուն, որոնք մեր սիրելի դպրոցի 65-ամեակի առիթով, այս պարտաճանաչ նախաձեռնութեամբ կը յաւերժացնեն սուրբ յիշատակը՝ մեզմէ բաժնուած տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն:

Վարձքը կատար բոլորին:

Շնորհակալութիւն:

 

 

 

 

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին