Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Հարցազրոյց Մը Մարդկային Մաշկով Կերպաս Կազմողի Հետ

Թարգմանեց  եւ մեկնաբանեց՝ ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ

Թղթակից Ռապի» ի Սալլումի 9 Մայիս 2016-ին վարած այս հարցազրոյցը, ստորեւ կը ներկայացնենք անոր կառոյցին մէջ մանր փոփոխութիւններ կատարելէ ետք

Աչքերը գոց, անծանօթ զինեալի ընկերակցութեամբ, ան կ’երթար Պէքաայի մէջ թաքնուած Ռապի’ի Ալ Խուրիի հետ հարցազրոյց կատարելու: Ալ Խուրի լիբանանցի նորաձեւութեան հնարիչ մըն է (fashion designer): Անոր նորաձեւութեան հաւաքածոյին վերջին հրապարակումէն ետք, Ալ Խուրի անմիջապէս մեղադրուեցաւ մարդկութեան դէմ ոճիր գործելու յանցանքով եւ որպէս այդ ան ներկայիս կը փնտռուի աշխարհի բոլոր իշխանութիւններու կողմէ: Անոր ոճիրը՝ մարդկային մաշկով կերպաս արտադրելն է:

Երկար ճամբորդութենէ ետք, թղթակիցը տանող ինքնաշարժը կը թեքի մայր ուղիէն եւ պարտէզներու ընդմէջէն կը մտնէ կողմնակի ճամբայ մը: Ինքնաշարժը կը կենայ եւ թղթակիցը աչքերը գոց կ’առաջնորդուի դէպի սենեակ մը, ուր Ալ Խուրի իրեն կը սպասէր: Աչքերը կը բանան եւ ահաւասիկ Ալ Խուրի ժպտադէմ կը դիմաւորէ զինք.

« Բարեւ «սմիէ» (արաբերէն, նոյն անունը կրող)»:

« Այո սմիէ, երկար ատենէ չենք տեսնուած»:

Ողջագուրուելէ ետք կը նստին:

Ալ Խուրի մարդկութեան դէմ ոճիր գործելու մեղադրանքէն անմիջապէս ետք, միջազգային ոստիկանութիւնը (Interpol) հրամայած էր բոլոր լրատուական միջոցներուն, որ անոր  մասին բոլոր յօդուածները, լուրերը, նկարները եւ արտադրութիւնները ջնջուին համացանցի էջերէն: Հետեւաբար այս հարցազրոյցը Ալ Խուրիի համար պիտի ըլլար 12 ամիսներ տեւող լռութեան մը ընդմիջումը:

 

Սովորական Բարեւ, ինչպէս ես, ինչ կայ-չկայէն ետք, թղթակիցը իր առաջին հարցումը կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ համար զիս ընտրեցիր»: Մի քանի րոպէ լռութենէ ետք, Ալ Խուրի կը ժպտայ եւ կ’ըսէ. «Կը յիշե՞ս տարիներ առաջ երբ միասին ճաշարանի մը մէջ նստած էինք, ես գինովցայ եւ սկսայ հայհոյել հարեւան սեղանակիցներուն. հակառակ, որ զիս չէիր ճանչնար, անմիջապէս սեղանին հաշիւը վճարեցիր եւ զիս ճաշարանէն դուրս հանելով պանդոկս տարիր: Հիմա ժամանակն է իմ երախտագիտութիւնը յայտնելու քեզի»: Ալ Խուրի լաւ տեղեակ էր, որ նման հարցազրոյց ինչ կրնար նշանակել թղթակիցի մը համար: Նման հարցազրոյց մը կրնար պարզ թղթակից մը, հռչակ վայելող մեծանուն թղթակիցներուն դասին բարձրացնել:

Անոնք կը նստին դէմ յանդիման, թղթակիցը իր նոթատետրը կը հանէ եւ կը սկսի հարցազրոյցը.

Հ.- Նայէ Ռապի’ի, երկուքս ալ գիտենք, թէ ինչու է այս հարցազրոյցը: Հետեւաբար ուղղակիօրէն նիւթիւն պիտի անցնիմ: Ամբողջ աշխարհը քեզի հիւանդ կը նկատէ: Անկեղծօրէն ըսած՝ ես ալ: Ինչո՞ւ համար  ընտրեցիր մարդկային մաշկ գործածել՝ կերպասի կտորներ կազմելու համար:

Պ.- Նման ոեւէ անուանի հնարիչի մը, որ իր կերպասը կ’ընտրէ որակի համար: Մարդկային մաշկը հոյակապ որակ ունի եւ ներկայիս նման որակի պահանջքը կայ:

Հ.- Բայց չե՞ս նկատեր, նուազագոյն որակումով, որ ըրածդ ապօրինի է:

Պ.- Օրինականութիւնը յարաբերական ըմբռնում մըն է: Այն ինչ որ օրինաւոր է մէկ տեղ, ապօրինի կրնայ ըլլալ այլ տեղ մը: Աւելին,  արդեօք ես նորաձեւութեան աշխարհի միա՞կ անօրէնութիւն գործողն եմ: Ինչ որ գիտեմ երախաներ աշխատցնելը ապօրինի է: Բայց այդ մէկը երբեք արգելք չէ հանդիսացած, որ համաշխարհային ապրանքանիշի գործարաններ ճիւղեր բանան երկիրներու մէջ, ուր երեխայ աշխատցնելը արտօնուած է:

Հ.- Բայց կարելի չէ արդարացնել ոճրագործութիւն մը, ուրիշ ոճրագործութիւն մը դատապարտելով: Աւելին՝ մարդասպանութիւնն ու մորթազերծումը անօրէն են ամէն տեղ:

Պ.- Գրեթէ ամէն տեղ, իրաւունք ունիս: Այս ալ իմ բախտս է. ես անոր համար պահուըտած եմ: Բայց իսկապէս, «ապօրինի» չի նշանակեր «վատ», համաձայն չե՞ս:

Հ.- Իսկութեան մէջ համաձայն չեմ: Օրէնքներ հիմնուած են պատճառի մը համար: Դուն ինչի՞ մասին կը խօսիս:

Պ.- Շատ աղէկ. նոյնպէս ալ «օրինաւոր» չի նշանակեր « լաւ»: Ստրկութիւնը դարեր շարունակ օրինաւոր էր, արդեօք այս կը նշանակէ, որ ան լա՞ւ է: Անշուշտ ոչ: Դիւրին է մարդոց օրինականութեան անունով, բարոյական կեցուածքներ բռնել: Բայց իսկապէս եթէ մտածենք, այդ մէկը ոչ մէկ իմաստ ունի: Ուրիշ ձեւով մօտենանք հարցին՝ նկատենք նացի Գերմանիան. օրէնքի ստիպողութեան տակ, մարդիկ ստիպուած էին իրենց հրեայ հարեւաններու թաքստոցները ոստիկանութեան տեղեկացնել: Այսինքն եթէ մէկը իր դրացին պաշտպանէր, յանցանք գործած կ’ըլլար: Վստահ եմ, որ հասկցար նպատակս:

Հ.- Տեսականօրէն կրնամ ըսել այո: Բայց հարցը իրաւական բնագիրի մասին չէ հոս, այլ մարդկային մեր արժէքներու եւ բարոյականութիւն մասին է. հարցը մարդկային կեանքի մասին է:

Պ.-  Հարցը յարաբերական է, հաւատայ ինծի: Կառավարութիւններ օրինաւոր կերպով մէկ օրուայ մէջ հարիւրներ կը սպաննեն. թող ներեն ինծի:

Հ.- Ռապի’ի, դուն նորաձեւութեան հնարիչ ես, ռազմապետ չես:

Պ.- Նորաձեւութեան հնարիչ մըն ալ կրնայ նմանապէս սպաննել եւ մորթազերծել:

Հ.- Անասուններ այո, բայց մարդի՞կ…։ Դուն իսկապէս մարդիկ եւ անասուններ միեւնոյն մակարդակի կը դասես:

Պ.- Ինչ որ գիտեմ, մարդն ալ անասուն է:

Հ.- Շնորհակալ եմ Տարուինի բարեկամ: Բայց վստահ չեմ, թէ այս կէտին մէջ որչափով ան համաձայն պիտի ըլլար հետդ: Կրնա՛յ ըլլալ, որ մարդիկ ալ անասուններ են, բայց մարդ արարածը միակ կենդանին է, որ խիղճ ունի, կրնայ ընտրութիւն ընել, կրնայ բարին եւ չարը զանազանել…։ Բայց յստակ է, որ դուն կարող չես այդ ընտրութիւնը կատարելու:

Պ.- Փիղերն ալ ամենամեծ կնճիթները ունին. կէտերը ամենամեծ կաթնասուններն են. չիթաները ամենաարագ անասուններն են… ինչպէս «խիղճի գոյութեան յատկութիւնը» արգելք կրնայ ըլլալ մարդասպանութեան: Այսինքն ըսել կ’ուզես, եթէ մարդ մը քնացած է կամ անգիտակից, արտօնուած է զայն սպաննել: Ծիծաղելի է:

Հ.- Ռապի’ի, մեզի համար որպէս մարդիկ ամենակարեւորը այն է, որ  մեր նմանին առաջնահերթութիւն տանք:

Պ.- Լո՞ւրջ ես: Ճիշդ այս է մարկութեան սխալը:

Հ.- Ի՞նչ ըսել կ’ուզես:

Պ.- Մեր նմանին առաջնահերթութիւն տալն է սխալը: Երբ սպիտակամորթերը առաջնահերթութիւն տան իրենց նման սպիտակամորթներու, զայն ցեղապաշտութիւն կը կոչենք: Երբ տղամարդը այլ տղամարդու մը առաջնահերթութիւն տայ, զայն սեռային նախընտրութիւն կը կոչեն: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ ընդունելի է սպաննել մեզմէ տկար, անմեղ էակներ, պարզապէս որովհետեւ մեր նմանը չեն:

Հ.- Հարցադրումդ ճիշդ է: Բայց դուն հոս իրականութիւնները կը շրջես: Մեր խօսքը մեզմէ նուազ խաւի մասին չէ, այլ մեր խաւի մասին:

Պ.- Դարձեալ հարցը յարաբերական է: Դարեր շարունկակ սպիտակամորթերը, թուխ մորթ ունեցողները ուրիշ  տեսակի խաւէ եկած կը նկատէին: Նացիներու մօտ գնչուներ ենթակէտի մարդիկ կը նկատուէին. կիները՝ նուազ քաղաքացիներ քան տղամարդիկը: Միեւնոյն սկզբունքն է իմ կիրարկածս: Իսկութեան մէջ իմ նմանս սպաննելով, մարդկութեան բարոյական դասն է, որ կու տամ: Ես Աբրահամն եմ, որ իր զաւակը սպաննեց: Բայց Աբրահամ իրապէս չսպաննեց զայն: Նշէ իմ խօսքերս՝ պատմութիւնը զիս պիտի յիշէ, որպէս մեծագոյն բարոյական տեսլական ունեցող մէկը:

Հ.- Կը հասկնամ, որ չես ընդունիր կենդանիներ չարաշահելը: Եւ կարգ մը կէտերու մէջ իրաւունք ունիս. Բայց հարցը այս է՝ ինչու պարզապէս կենդանիներու մաշկ չես գործածեր: Դուն ոճիր կը կոչես այն, որու աւելի սոսկալին դուն կը գործես:

Պ.- Կարծեմ մեր ընկերութիւնը կարիք ունի իր արժէքները վերատեսութեան ենթարկելու եւ հաստատ հիմքեր դնելու: Ինչու համար կարելի է կենդանիի մորթէ կարուած հագուստներ հագնիլ, եւ ոչ մարդ էակի: Ես որեւէ խնդիր չեմ տեսներ մարդ էակը մորթազերծ ընելու: Անոնք ալ իմ ընտրած կենդանիներն են:

Հ.- Արդեօք մէջդ կա՞յ մասնիկ մը, որ կը գիտակցի քու կատարած բարբարոսութիւնը:

Պ.- Երբեք, այդ ալ յարաբերական յայտարարութիւն է: ԱՄՆի մէջ ձիու միս ուտելը բարբարոսութիւն է, բայց եւրոպացիները միշտ կերած են զայն: Բոլորը յարաբերական են:

Հ.- Բայց չե՞ս կարծեր, որ դուն այս ձեւով քու բնութեանդ հակառակ կ’ընթանաս:

Պ.- Ես իսկութեան մէջ բնութեան բարիք մը կը մատուցեմ: Մարդկային քաղաքակրթութեան հիմքը կազմող կորիզը, բնութեան հակառակ երթալն է: Կրնաս երեւակայել ինչ կրնար պատահիլ, եթէ մարդիկ իրենց բնութեան ուզածը ընէին: Կը կործանէինք:

Յանկարծ դուռը կը բացուի եւ մարդ մը ձեռքը ափսէ բռնած ներս կը մտնէ ու կ’ըսէ. «Ճաշի ժամն է»: Ալ Խուրի ափսէէն միսի կտոր մը առնելով եւ թղթակիցին երկարելով «կեր համով է, վստահ եմ, որ նման համեղ բան մը համտեսած չես», կ’աւելցնէ ծիծաղելով։

Եզրակացութիւն

Եթէ դպրոցներու մէջ սորվեցնենք, որ Աստուած չկայ եւ մարդը անասուն է, այս արդիւնքին պիտի յանգինք: Բարոյականութիւնը միայն կրնայ բնորոշուիլ Աստուծոյ գոյութեամբ: Այլապէս նկատեցէք, թէ ինչպէս թղթակիցը չկրցաւ պատասխանել Ալ Խուրիին: Կ’ուզէ՞ք դուք ալ պատասխանելու փորձ մը ընել:

Contributor Magazine

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին