*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*
Երախտաւոր Տէվլեթեան ծնած էր Յունաստանի Լիզպոս կղզին՝ 1923-ին։ Սմբատ Ատանայէն որպէս գաղթական կղզիին Գաւալա քաղաքը հաստատուած իր ծնողներուն երէցն էր՝ երեք մանչ զաւակներուն մէջ։
Նախնական ուսման համար ծնողները զինք կ՛ուղարկեն տեղւոյն յունական վարժարանը, իսկ միջնակարգ ուսումը կը ստանայ Գաւալայի ազգային վարժարանէն ներս, ուր կը ծանօթանայ հայերէն լեզուին։ Պէտք է ըսել, որ Գաւալայի ազգային վարժարանը այդ օրերուն դարբնոց դարձած էր Տէվլեթեանի հասակակից պատանիներուն համար, որոնց ծնողները գաղթականի ցուպը իրենց ձեռքին՝ եկած էին ապաստան գտնելու հելլենական աշխարհի տարածքին։
Երկրորդական իր ուսումը շարունակելու համար պատանին կը մեկնի Նիկոսիա, յաճախելու Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը։ Մելգոնեանի մէջ է, որ Տէվլեթեան կը ծանօթանայ հայ գրականութեան ակունքներուն ու յաջողութեամբ կը դառնայ շրջանաւարտ 1942-ին։ Կ՛որոշէ մնալ Կիպրոս, Յունաստանի պատերազմական անապահով վիճակին պատճառով։
Նիկոսիոյ մէջ կեանքի ընկեր կ՛ընտրէ իր դասընկերուհին՝ Թագուհի Պչաքճեանը։ Յետագային անոնք կը բախտաւորուին մէկ հատիկ մանչով՝ Ասատուր։ Կիպրոսի մէջ Սմբատ Տէվլեթեան կ՚ընտրէ ուսուցչական ասպարէզը իր իսկ աւարտած հաստատութենէն ներս։ Գրական իր հետաքրքրութիւնները արդէն զինք կը դարձնեն աչքառու իր սերնդակիցներուն մօտ եւ Տէրունեան գրչանունով լոյս կը տեսնէ իր հրատարակած առաջին գործը՝ «Մինչեւ վերադարձ» (1946)։
Կանուխէն արդէն ազգային-հասարակական կեանքին իր խանդավառ մասնակցութիւնը պիտի բերէր Տէվլեթեան ու գաղափարական իր հակումներով կ՛ամրագրուի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերուն՝ Նիկոսիոյ մէջ։
Հայրենասիրական իր քարոզչութեամբ ան կը տոգորէ Մելգոնեանի աշակերտութիւնը, մանաւանդ հայրենադարձի 1946-47 տարիներուն։
Յունաստան գտնուող իր մայրն ու երկու կրտսեր եղբայրները 1947-ին կը մեկնին Հայրենիք, որպէս հայրենադարձ։
1948-ին լոյս կը տեսնէ Տէրունեանի «Լսէ՛ տղաս» երկրորդ գրական գործը ու նոյն տարին կը հրաւիրուի Խորհրդային Հայաստան, որպէս երիտասարդ գրող, հոն մասնակցելու Երեւանի մէջ կայացած գրողներու Բ. համագումարին։
Ակնյայտ կը դառնայ երիտասարդ գրողին Հայրենիք այցելութիւնը այդ տարիներուն, որովհետեւ որպէս սփիւռքահայ ան երիտասարդագոյն անդամն էր համագումարի մասնակիցներուն մէջ։
Նիկոսիոյ մէջ գոյութիւն ունէր այդ տարիներուն փոքրաթիւ հայկական գաղութ մը, բայց ազգային ու եկեղեցական կառոյցները, ինչպէս նաեւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, աշխոյժ եռուզեռի մը կեդրոնը դարձուցած էին Կիպրոսի ազգային կեանքը։ Երախտաւոր Տէվլեթեան խանդավառ եւ անվերապահ իր մասնակցութեամբ՝ գործօն դեր վերցուցած էր հրապարակագրական իր մասնակցութիւնը պահելով «Պայքար» եռամսեային, Գահիրէ լոյս տեսնող «Արեւ»ին, ինչպէս նաեւ Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթին։
Բարձրագոյն կրթութիւնը կատարելագործելու համար իրաւաբանական ճիւղէն ներս, կը մեկնի Լոնտոն ու յաջողութեամբ կ՛ամբողջացնէ «Council of Legal Education»ի ծրագիրը՝ Լոնտոնի Համալսարանի իրաւաբանական բաժինին։ Barrister at law տիտղոսը ստանալէ ետք կը վերադառնայ Նիկոսիա։
Լեզուական հմտութիւն ունենալուն, Տէվլեթեան կարճ ժամանակի մէջ կ՛ընտելանայ Կիպրոսի իրաւաբանական ասպարէզի հետ առնչուող օրինական հարցերուն, որոնք անգլերէն ու յունարէն լեզուներու պաշտօնականութեամբ կը համադրուէին։
1956-ին կը կիրարկէ իր մասնագիտութիւնը, ստանձնելով դատական կարեւոր գործառնութիւններ ու կարճ ժամանակի մէջ կը հիմնէ իր սեփական իրաւաբանական գրասենեակը։
Որպէս այդ օրերու կիպրահայ ծանօթ իրաւաբան, սերտ յարաբերութիւն կը մշակէ Կիպրոսի յոյն համայնքի ղեկավարութեան, ինչպէս նաեւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։
Նիկոսիոյ ՌԱԿ Վահան Թէքէեան ակումբէն ներս Սմբատ կը ստանձնէ պատասխանատու պաշտօններ, որուն առընթեր կը դառնայ կիպրահայ վարժարաններու հոգաբարձութեան ատենապետ շուրջ տասնամեակ մը ամբողջ։
Տէվլեթեանի հասարակական կեանքի կարեւոր մէկ հանգամանքը կը դառնայ իր ուսանած հաստատութեան՝ Մելգոնեանի հոգաբարձական կազմի անդամակցութիւնը 1961-էն սկսեալ։ Որպէս կուսակցական առաջնորդ ու գիտակից հասարակական գործիչ, կարեւոր պիտի դառնար իր ներդրումը Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան համար յաջորդ 25 տարիներուն։ Հայրենասիրական իր առողջ ու անշեղ քարոզչական ներդրումով պիտի սատարէր կիպրահայ գաղթօճախին, մանաւանդ կրթական կարեւորութիւն ունեցող հարցերու առնչութեամբ։
Գրական իր անընդմէջ մասնակցութիւնը սկսած էր բերել ԹՄՄ-ի Պէյրութ հրատարակուող «Շիրակ» գրական ամսագիրին, իսկ 1959-ին Պէյրութի մէջ լոյս պիտի տեսնէր իր երրորդ գրական գործը՝ «Յամեցող այգաբաց», աւելի ուշ՝ դարձեալ Պէյրութի մէջ, 1968-ին լոյս կը տեսնէ «Ճառագայթ ու մշուշ» գրական աշխատասիրութիւնը։
Երախտաւորը արդէն դարձած էր յայտնի իրաւաբան Կիպրոսի օտար շրջանակներուն մօտ եւս, ու իր մնայուն գրիչով իր աշխատակցութիւնը յաճախ կը բերէր ռամկավար-ազատական մամուլին, մանաւանդ տրամադրելով իր ժամանակը՝ վերլուծական մօտեցումով յօդուածներու պատրաստութեան մէջ։ Սմբատ Տէվլեթեան որպէս կուսակցական առաջնորդ, իր մասնակցութիւնը բերած է ՌԱԿ-ի ընդհանուր պատգամաւորական ժողովներուն, երկու տարբեր առիթներով ու 1977-ին ՌԱԿ ԺԵ. ընդհանուր ժողովին ընտրուած է անդամ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան։
1981-ին Երեւանի մէջ լոյս կը տեսնէ գրական իր վերջին գործը՝ «Տարագիր տաղեր» խորագիրով, որ յետագային դարձեալ պիտի հրատարակուէր 1996-ին Պէյրութի մէջ։
1982-ին կը մասնակցի երկրորդ անգամ ըլլալով, Հայաստանի Գրողներու Միութեան համագումարին, իր վերջին հատորին հրատարակութեան առիթով։
Գրական ու հրապարակագրական իր վաստակով, ինչպէս նաեւ հասարակական իր աշխոյժ մասնակցութեամբ, անվերապահօրէն կրնանք ըսել, որ նպաստեց կիպրահայ գաղութի վերելքին՝ միշտ ալ պահելով անկախ ու յստակ դիրքաւորումը եւ անշեղօրէն ծառայելով իր գաղափարական պատկանելիութեան։
1986-ին թէեւ կը դադրի գործօն մասնակցութիւն բերելէ հոգաբարձական ու հասարակական գործունէութեան, բայց Տէվլեթեան մնաց միշտ ալ մօտէն հետեւողը Հայրենիքը եւ առհասարակ գաղթաշխարհը յուզող հարցերուն։
93 տարեկան յառաջացած տարիքին, Տէվլեթեան իր աչքերը յաւիտեան պիտի փակէր, որպէս ամբողջական հայրենասէր մը՝ 24 Մարտ 2016-ին։
Ազգային շուքով իր յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Մարտ 30-ին Նիկոսիոյ մէջ, ուր ներկայ էին նաեւ պետական անձնաւորութիւններ։
***
Երախտաւոր Սմբատ Տէվլեթեանի կողակիցը՝ Թագուհին, իր մահկանացուն կնքած էր Օգոստոս 2013-ին։ Եղած էր կրթական մշակ ու միութենական անխոնջ նուիրեալ հայուհի մը։ Իսկ որդին՝ Ասատուրը, հետեւելով իր հօր գաղափարական ուղիին, դարձաւ «Նոր Օր» եռօրեայի խմբագիր, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետը (1987-1990), իսկ շրջան մըն ալ համաատենապետը ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան (2004-06)։