Ապրիլ 2-ին զինադադարի խախտման ամենահաւանական պատճառը այն է, որ Ազրպէյճանը ուզեց ստուգել հայերուն մարտունակութիւնը եւ ըստ այդմ անոնց ստիպել բանակցիլ աւելի տկար դիրքերէ: Այս մասին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան իր անդարադարձին շուրջ, «Politico Europe» պարբերականին մէջ կը գրէ Քարնեկի հիմնադրամի փորձագէտ Թոմաս տէ Վաալ:
Վերջինիս դիտարկումով ղարաբաղեան հակամարտութեան գծով, այժմ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը երկու կամ երեք քայլ հեռու են՝ Պոսնիական ոճով հակամարտութեան բռնկումէ, որ կրնայ վնասակար ըլլալ աւելի լայն տարածաշրջանի համար:
«1994 թուականին կնքուած հրադադարը պէտք է ըլլար խաղաղութեան համաձայնագիրի նախերգանքը, բայց անիկա այդպէս ալ իրականութիւն չդարձաւ: Հրադադարը լարուած իրավիճակի մէջ էր վերջին քանի մը տարիներուն: Ազրպէյճանը այդ ընթացքին կառուցեց ծանր զինատեսակի իր պահեստը, իսկ ռազմական հռետորաբանութիւնը ալ աւելի բորբոքեցաւ, քան 1990-ականներուն:
Վերջնականապէս հրադադարը խախտեցաւ Ապրիլ 2-ին: Ամենահաւանական պատճառներէն կրնայ ըլլալ այն պարագան, որ Ազրպէյճանը ցանկացաւ ստուգել հայերուն մարտունակութիւնը եւ ըստ այդմ անոնց ստիպել բանակցիլ աւելի տկար դիրքերէ: Բայց մարդկային գինը աւելի սուղ արժեց` մօտ 200 հոգիներ», գրած է փորձագէտը:
Անոր կարծիքով Ապրիլ 5-ին Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած բանաւոր հրադադարը չափազանց փխրուն է եւ ամէն պահու կողմերը կրնան ներքաշուիլ աւելի լայնածաւալ պատերազմի մէջ, քան 1991-1994 թուականներուն էր:
Ըստ Վաալի իր մտահոգութիւններու մասին կը յայտնէ նաեւ Վրաստանը, ուր կ՛ապրին մեծ թիւով հայկական եւ ազրպէյճանական համայնքներ, իսկ միւս կողմէ ալ Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղամուղի հանգամանքը կայ:
Փորձագէտին գնահատականով Ապրիլ 5-ին Ռուսաստանի միջնորդութեամբ ընդունուած հրադադարի բանաւոր համաձայնութենէն բացի, մինչեւ այս պահը Ռուսաստանը քիչ բան ըրած է հակամարտութեան յետագայ բռնկումը կանխելու համար:
«Այս հաւասարակշռող խաղը կը նշանակէ, որ Ռուսաստանը անկարող է Ղարաբաղի շուրջ օրակարգ ձեւաւորել: Հետեւաբար տարածուած կարծիքը այն մասին, որ եթէ իրերու դրութիւնը աւելի վատանայ, «Ռուսիան պիտի կարգաւորէ զայն», տեղին չէ: Ասիկա նաեւ մարտահրաւէր է ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի համար, որոնցմէ ոչ մէկը բաւարար ջանքեր գործադրած է՝ հաւասարակշռուած միջազգային ծրագիր առաջարկելու համար», եզրափակած է Տէ Վաալ: