Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Արթուն Նազարէթ Ֆըսթըգճեան

Արթուն Նազարէթ Ֆըսթըգճեան, Չորեքշաբթի 6 Ապրիլ 2016-ին, խաղաղութեամբ մահացաւ Ճէլ էլ Տիպի իր բնակարանին մէջ, Պէյրութ, Լիբանան: Ան 91 տարեկան էր:

Զինք կը սգան իր այրին՝ Ալիս Կիտանեան, զաւակները՝ Տէր եւ Տիկին Նազարէթ եւ Նիլա Ֆըսթըգճեան, Տէր եւ Տիկին Ռաֆֆի եւ Նինա Ֆըսթըգճեան, Տէր եւ Տիկին Զաւէն եւ Նէնսի Ֆըսթըգճեան եւ Տէր եւ Տիկին Գէորգ  եւ Թալին Պապիկեան: Թոռները՝ Արթուն, Ալեք, Անտրէ, Արմէն, Ալլան, Արամ, Ճաք, Մարիա, Անթոնի եւ Ալինա: Քոյրը՝ Արփինէ Ֆերեշէթեան եւ ընտանիքի հարազատներ:

Ծնած էր 10 Նոյեմբեր 1924-ին, Հալէպ, Սուրիա: Զաւակը Նազարէթ Գէորգ Ֆըսթըգճեանի եւ Արուսեակ Գէորգ Տեմիրճեանի: Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած էր Հալէպի Կրթասիրաց եւ Մարիսթ Ֆրէրներու վարժարաններուն մէջ: Պաքալորիայի քննութեան մէջ ամբողջ Սուրիոյ բարձրագոյն միջինը ապահովելով, կը յաճախէ Լիոնի Հիւսուածեղէնի Բարձրագոյն Վարժարանը, Ֆրանսա (Ecole Supérieure de Tissage): Սուրիա վերադառնալով, եղբօր Շահնուրի հետ կը հիմնեն գորգի արտադրութեան յաջող գործարան մը, որ պետութեան կողմէ կ’ազգայնացուի 1964-ին:

1965-ին Արթուն Ֆըսթըգճեան իր նորակազմ ընտանիքը կը փոխադրէ Պէյրութ, ուր դարձեալ իր եղբօր Շահնուրի հետ կը հիմնեն «Թափի Լիպան» գորգագործական ընկերութիւնը, որ շուտով կը դառնայ գորգի արտադրութեան Միջին Արեւելքի մեծագոյն գործարանը, 1200 պաշտօնեաներով: Լիբանանեան պատերազմի տարիներուն, երեք տարի կ’անցնի Գանատա, ապա կը վերադառնայ Լիբանան 1992-ին: Պարբերաբար կ’այցելէր Միացեալ Նահանգներ, տեսնելու համար իր զաւակները եւ թոռները: 2015-ի Յուլիսին վերջին անգամ ըլլալով Պէյրութ կը վերադառնայ:

Ըլլալով զաւակը յայտնի իրաաւբան Նազարէթ Գէորգ Ֆըսթըգճեանի, ան միշտ հպարտ էր իր հայկական փայլուն ժառանգութեամբ ու յատկապէս իր հայրենի Այնթապով: Հայրը համեմատաբար կանուխ հասակին մահացած էր, որ կը մղէր զինք միշտ հետամուտ ըլլալու, որպէսզի իր յաջող իրագործումներով արժանի ըլլար անոր բարձր ակնկալութիւններուն:

Արթուն Ֆըսթըգճեան զօրաւոր կամքի տէր եւ սկզբունքային նկարագիրով, արդարամիտ անձնաւորութիւն մըն էր: Ծայր աստիճան ուղղամիտ, վստահելի եւ պատուախնդիր էր, հաւատարիմ իր ընտանիքին ու բարեկամներուն: Մասնաւորաբար ոսկի սիրտով, ազնիւ, հոգածու եւ առատաձերն հոգիով անձ մըն էր ան:

Իր եղբօր Շահնուրի հետ, բազմաթիւ նպատակներու համար բարերարութիւններ կատարած էր ան, համեստօրէն եւ լուսարձակներէ հեռու: Բարեգործութեան արարքը  շատ աւելի կարեւոր կը նկատէր քան փառաբանուիլը: Բոլոր առիթներով օգտակար կ’ըլլար եկեղեցիին եւ մեծ կարեւորութիւն կ’ընծայէր ուսման, միշտ սատար հանդիսանալով կրթութեան գործին: Օգնած է հայ դպրոցներուն եւ աշակերտներուն, նաեւ Հայ Օգնութեան Խաչին: Լիբանանեան պատերազմի դժուար տարիներուն օժանդակած է  նաեւ Հայ երիտասարդներուն, որ կազմակերպեն հայկական թաղամասերու պաշտպանութիւնը: Քաղաքացիական պատերազմի շրջանին վիրաւորեալներու օգնելու համար, ան իր եղբօր՝ Շահնուրի հետ հիմնած էր Նազարէթ Ֆըսթըգճեան Հիւանդանոցը: Իսկ երբ 1988-ին երկրաշարժը ցնցեց Հայաստանը, հոն եւս հասաւ օգնութեան իր աջը:

Իր բարեգործութիւններով ան բարի օրինակ հանդիսացաւ իր զաւակներուն, որոնք ամբողջանուէր ոգիով կը շարունակեն քալել իր ճամբէն, պահելով իր աւանդը:

Անէն բանէ վեր կը դասէր իր ընտանիքը: Հպարտ էր իր զաւակներով, անոնց կիներով եւ ամուսինով, իր տասը թոռներով ու բոլորին յաջողութիւններով: Ան մեկնեցաւ այս աշխարհէն հանգիստ խիղճով, լիովին կատարած ըլլալով իր պարտականութիւնները, արժանաւորապէս վայելելու յաւիտենական հանգիստը: Այսօր ան իբր իր ընտանիքի հրեշտակը՝ երկինքէն կը հսկէ իր հարազատներուն վրայ:

Թող Աստուած լուսաւորէ իր հոգին եւ օրհնեալ ըլլայ իր բարի յիշատակը, Ամէն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին