Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Նուիրուած Կլոր Սեղան Լիբանանի Մօտ Հայաստանի Դեսպանատան Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման հանդիսութիւնները մեր պատգամը փոխանցելու եւ պահանջատիրութեան ուխտը վերանորոգելու առիթ կը  ծառայեն ընդհանրապէս:  Հազուադէպ կը  լսենք օտարներու կարծիքը,  մեր  պահանջատիրական պայքարին մասին:      ՀԵԸ-ի  Կեդրոնական Վարչութիւնը դուրս գալով այս  աւանդութենէն, Երեքշաբթի եւ Չորեքշաբթի, 10 եւ 11 Մայիս  2016-ին,  կազմակերպած է  Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Լեռնային  Ղարաբաղի հակամարտութեան  մասին  գիտական  երեք  միջոցառումներ, որոնց նպատակը պիտի  ըլլայ,  հայ եւ օտար հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել Հայոց Ցեղասպանութեան  մասին,  օտար  քաղաքական, պետական  օտար անձնաւորութիւններու, պատմագէտներու, մարդկային իրաւանց պաշտպաններուն  տեսակէտները:

Երեքշաբթի, 10 Մայիս 2016-ի առաւօտեան,  մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արաքչիի եւ  Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան  Սամուէլ Մկրտչեանի հովանաւորութեամբ,  ի ներկայութիւն  ուժանիւթի նախարար  Արթիւր Նազարեանի, պետական  երեսփոխաններ Շանթ  Չինչինեանի, Ժան  Օղասապեանի,  Ղասսան  Մուխայպէրի, նախկին նախարար Փանոս Մանճեանի, Խաղաղութեան  եւ իրաւանց ծրագիրներու տնօրէն, Գոլոմպիա  համալսարանի  դասախօս   Տէյվիտ  Ֆիլիփսի,  Մարդկային  Իրաւանց Պաշտպանութիւն կազմակերպութեան (MoHR) Լիբանանի նախագահ Ռէյնա Սարգիսի, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի դասախօսուհի Քաթիա Փելթեքեանի, ՀԲԸՄ-ի  Լիբանանի Շրջանակային Վարչութեան  անդամ  Սիլվա  Լիպարիտեանի,  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  ատենապետ Վիգէն Չերչեանի եւ անդամներու,  ազգային  քաղաքական  կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, մտաւորականներու, մամլոյ  եւ լսատեսողական  միջոցներու  ծառայողներու, կլոր սեղանի շուրջ  քննարկում  մը (զրոյցը ընթացաւ  անգլերէն եւ  արաբերէն լեզուներով),  տեղի ունեցաւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ:

Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան  Սամուէլ  Մկրտչեան անգլերէն  լեզուով բարի  գալուստի իր խօսքին մէջ  նշեց, թէ  Հայաստան կը շարունակէ  հետապնդել Ցեղասպանութեան  ճանաչումը, որովհետեւ  ճանաչումը  համայն մարդկութիւնը  յուզող հարց մըն է, որպէսզի  հետագային   չկրկնուին նման  ողբերգութիւններ: Ան  ընդգծեց, թէ   ճանաչման  պայքարը  կ’ենթադրէ  հաւաքական աշխատանք:  Ապա դեսպան  Մկրտչեան ներկայացուց   կլոր-սեղանի մասնակիցները:

Առաջին խօսք առնողը եղաւ Խաղաղութեան եւ իրաւանց ծրագիրներու տնօրէն, Գոլոմպիա համալսարանի դասախօս, քաղաքական-վերլուծական գիրքերու  հեղինակ եւ յօդուածագիր Տէյվիտ Ֆիլիփսը: Ամերիկացի  դիւանագէտը   շնորհակալութիւն յայտնեց՝  երկօրեայ  միջոցառումներուն մասնակցելու նպատակով իրեն յղուած  հրաւէրին:   Տէյվիտ Ֆիլիփս յայտնեց, թէ աւելի քան  քսանհինգ տարիներու հարուստ   փորձառութիւն մը ունեցած  է հայ-թուրք յարաբերութիւններուն շուրջ:  Ան  համառօտակի նկարագրեց  հայ-թուրք  փոխյարաբերութիւնները  բարելաւելու ուղղութեամբ, Միացեալ Նահանգներու եւ մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններու  բանեցուցած  ճիգերը, որոնք  դժբախտաբար մնայուն կերպով    բախած են  Թուրքիոյ եւ յատկապէս  Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի ժխտական կեցուածքներուն:  Վկայութիւն մը  կատարելով  10 Հոկտեմբեր 2009-ի  Ցիւրիխի  մէջ  ստորագրուած՝  հայ-թրքական  փրոթոքոլներու ձախողութեան պատճառներուն մասին, Տէյվիտ Ֆիլիփս  նշեց, թէ Էրտողան  միտումնաւոր կերպով  մեկնած է  Պաքու եւ Ազրպէյճանի խորհրդարանին մէջ, հայկական ուժերու  Ղարաբաղէն  հեռացումով պայմանաւորած՝  հայ-թրքական  փրոթոքոլներու մէջ Թուրքիոյ յանձնառութիւններուն  գործադրութիւնը:

Տէյվիտ Ֆիլիփս պատմեց, թէ ինչպէ՞ս ներգրաւուած է  հայ-թրքական  յարաբերութիւնները  բարելաւելու աշխատանքներուն: Ան նշեց ամերիկեան վարչամեքենայէն ներս,   դիւանագէտներու հետ իր շփումներէն կարգ մը   դրուագներ: «Ինծի համար պատմութիւնը ունի միայն մէկ  դիմագիծ՝  ճշմարտութեան  դիմագիծն է այդ: Հայոց Ցեղասպանութեան  ճշմարտութեան  տարբերակն է այդ», ընդգծեց  Տէյվիտ Ֆիլիփս:  Ան ըսաւ, թէ  Ցեղասպանութիւնը  անհերքելի փաստ  մը ըլլալով, ինք շատ լաւ կը  նախազգար պատմութիւնը խեղաթիւրելու  թրքական մօտեցումները  եւ թուեց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու Թուրքիոյ  փորձերը:

Ըստ  Տէյվիտ Ֆիլիփսի, հայ-թրքական  միացեալ յանձնախումբ կազմելու  գաղափարը  ծագած է 1998-ին: Ան դրուատեց   հայ-թրքական յարաբերութիւններու  բնականոնացման  ճիգերուն  մէջ, Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած ճկուն  քաղաքականութիւնեը եւ  Էրտողանին վերագրեց   անոր ձախողութիւնը:  Եզրակացնելով իր ելոյթը  Տէյվիտ Ֆիլիփս  նշեց, թէ  հայ-թրքական  յարաբերութիւններու բնականոնացումը  պիտի   ըլլայ  դժուար, սակայն անհրաժեշտ է  վերականգնել երկու  պետութիւններուն  միջեւ փոխադարձ վստահութիւնը:   Տէյվիտ Ֆիլիփս   ընդգծեց, թէ  Հիլարի Գլինթընը Միացեալ Նահանգներու  նախագահ   ընտրուելու պարագային, անհրաժեշտ է վերաշխուժացնել  ճանաչման աշխատանքները, մանաւանդ այս օրերուն, երբ Թուրքիա  քիւրտեր կը կոտորէ  երկիրին հարաւարեւելեան շրջաններուն  մէջ, ապահովական  դրախտ կը ծառայէ  Սուրիա եւ  Իրաք  թափանցող ահաբեկչական  կազմակերպութիւններուն, ներքաղաքական  Թուրքիան տագնապներ կ’ապրի:  Ֆիլիփս խոսքը հայութեան ուղղելով  մաղթեց   չիյնալ անցեալի սխալներուն մէջ եւ գործել համբերատարութեամբ: Ան մաղթեց, որ Մ. Նահանգներու յաջորդ նախագահը յառաջիկայ  24 Ապրիլին, պաշտօնապէս  ճանչնայ  Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Նոյնպէս ալ  Ներկայացուցիչներու Տունը:  Ան կոչ ուղղեց  իրապաշտ հիմքերու վրայ զարգացնել  հայ- թրքական  փոխյարաբերութիւնները:

Լիբանանեան խորհրդարանի անդամ  Ղասսան Մուխայպէր իր ուրախութիւնը յայտնեց՝ կլոր սեղանին մասնակցելու պատեհութեան համար. «Պատիւ ունիմ դառնալու  խորհրդարանի մը անդամը, որ 2000 թուականին  դատապարտեց  եւ  ճանչցաւ Հայ ժողովուրդին դէմ կազմակերպուած  Ցեղասպանութիւնը: Անոր  ճանաչումը նաեւ երաշխիք  մըն է, նման ողբերգութիւններու կրկնութեան դէմ», յայտնեց Մուխայպէր: Ան ընթերցեց  Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու  լիբանանեան  խորհրդարանին  մէջ  վաւերացուած  բանաձեւը: Մուխայպէր ըսաւ, թէ պատիւ էր մաս կազմելու  Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով  Հայաստան մեկնած լիբանանեան պատուիրակութեան: Ղասսան Մուխայպէր  նաեւ նշեց,  Ղարաբաղի  խորհրդարանին  մէջ   ունեցած  ելոյթին առիթով՝  Ազրպէյճանի  խորհրդարանէն  բողոքի  նամակ մը յղուած է  լիբանանեան կառավարութեան: Ան նշեց, թէ Թուրքիա   զանազան  միջոցներով կը փորձէ ականահարել  հայ  ժողովուրդի  պահանջատիրական արշաւը:  Մուխայպէր հարց տուաւ՝   հակառակ  լիբանանեան խորհրդարանի ճանաչումին, ի՞նչպէս շարունակել  ճանաչման աշխատանքները, ծրագրաւորել  անոր  յաջորդ փուլերը:  Մուխայպէր յայտնեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը  անհրաժեշտ է  դիտել եւ ներկայացնել  մարդկութեան դէմ  ոճիրի  տեսանկիւնէն, միաժամանակ  լիբանանցիներուն եւ համայն  մարդկութեան սեփականութիւնը դարձնել Ցեղասպանութեան փաստը: Ան  առաջարկեց  Ցեղասպանութեան թանգարաններ բանալ, պատմութեան գիրքերուն մէջ  յիշատակել  Հայոց Ցեղասպանութիւնը, դպրոցներու մէջ խօսիլ անոր մասին, Ցեղասպանութիւնը  «մատչելի» դարձնել լիբանանեան հասարակութեան, զայն ընկերային դիւտանկիւնէ  ներկայացնել  լիբանանցիներուն: Ան   դերակատարութիւն մը վերապահեց լիբանանեան խորհրդարանին՝ մաղթելով, որ արաբական  խորհրդարաններ  հետեւին լիբանանեան խորհրդարանի օրինակին  եւ ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը,  քաջ  գիտնալով Թուրքիոյ հակադարձութիւնները: «Քաղաքական  եւ տնտեսական գործօններ  պէտք չէ խոչընդոտեն  ճանաչումի, արդարութեան եւ ճշմարտութեան կանչը», շեշտեց Մուխայպէր:

Երեսփոխանը պահանջեց խորացնել  արդարութեան մարզին մէջ իրաւական  աշխատանքները  եւ մերժեց   Ցեղասպանութեան  մասին  1948-ի Ուխտին յետադարձ ուժ չունենալու վարկածը: Անոր կարծիքով Հայաստանի իշխանութիւնները  իրաւունք ունին արդարութեան տեսանկիւնէն  ներկայացնելու Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը:  Մուխայպէր  նաեւ արծարծեց  բռնագրաւուած   հողերը, կալուածները սեփականատէրերուն վերադարձնելու հարցը:

Մուխայպէր  Ցեղասպանութիւնը  չկրկնելու  երաշխիքներ պահանջեց  միջազգային  ընտանիքէն եւ  ցաւ յայտնեց, որ  Հայոց Ցեղասպանութեան յանցագործները  պատժուելու պարագային, այսօրուան Միջին Արեւելքի մէջ  տեղի պիտի  չունենային եզիտիներու եւ այլ  քրիտոնեայ փոքրամասնութիւններու կոտորածները։ «Ի՞նչ կը կատարենք կասեցնելու  մերօրեայ ցեղասպանութիւնները», հարց տուաւ Մուխայպէր եւ   թելադրեց, որ   հայ ժողովուրդը  դառնայ  ցեղասպանութիւններ կանխող շարժումի մը  առաջամարտիկը:   Իր խօսքի աւարտին Մուխայպէր  դիտել տուաւ, որ  Լիբանանի խորհրդարանը կրնայ մաս կազմել՝  ցեղասպանութիւնները կանխող  համաշխարհային միջխորհրդարանական շարժումի մը  նախաձեռնողը:

Զեկոյցներուն յաջորդեց  կարծիքներու  փոխանակում:   Տէյվիտ Ֆիլիփս եւ Ղասսան Մուխայպէր սպառիչ  պատասխաններ  տուին  ներկաներու հարցումներուն:

Մարդկային  Իրաւանց Պաշտպանութիւն կազմակերպութեան (MoHR) Լիբանանի նախագահ Ռէյնա Սարգիս  թելադրեց՝  ժամանակակից  ընկերային զարգացումներու մէջ ներգրաւել Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան   շեշտեց ըսելով, թէ  Ցեղասպանութիւնը  հայութեան հարցը չէ միայն, այլ նաեւ  համայն մարդկութեան: Ան թելադրեց աւելի լայն շրջանակներու  մէջ տարածել Ցեղասպանութեան  փաստը։ «Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան  դէմ կատարուած  յանցագործութիւն  մըն է,  հետեւաբար անհրաժեշտ է առաւելագոյն  չափով օտար  հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Նաեւ մարդկային  իրաւանց  տեսանկիւնէ   հետապնդել Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Գալով  հայ-թուրք երկխօսութեան կը խորհիմ,  թէ  բաւական դժուար պիտի  ըլլայ խօսիլ խուլ, կոյր եւ  չար  ցանկութիւններով լեցուն կողմի  մը հետ: Ժողովուրդ մը, որ կեղծած է իր անցեալը,  շատ դիւրաւ պիտի  մերժէ իր յանցագործութիւնը», յայտնեց  Ռէյնա Սարգիս:

Ռէյնա Սարգիսի կարծիքով մերժել Հայոց  Ցեղասպանութիւնը, նոր  ցեղասպանութիւններ շարունակել է:  Ռէյնա Սարգիս  խորհուրդ տուաւ  թուրք մտաւորականութեան դիմել՝ քաջ գիտնալով, որ անոնց եւս կը սպառնայ վտանգ, սակայն անհրաժեշտ է մտաւորականութեան միջոցով թափանցել հանրային կարծիքին մէջ:  Ռէյնա Սարգիս  ըսաւ, թէ Թուրքիա   հսկայական  գումարներ կը  մսխէ ժխտումի   կողմնակիցներ   հաւաքագրելու նպատակով:

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի դասախօսուհի Քաթիա Փելթեքեան դիտել տուաւ, թէ  հայ ժողովուրդի  դէմ  Ցեղասպանութիւնը սկսած է  19-րդ դարու  վերջին տասնամեակին:  Վկայութիւններ  ընթերցելով բրիտանական  օրաթերթերու մէջ  լոյս տեսած յօդուածներէ, ան   ընդգծեց, որ Թուրքիա կը  շահագործէ  1915 թուականը, կարծէք թէ միայն այդ  տարեթիւին՝ Առաջին  Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին  տեղի ունեցած ըլլային կարգ մը  դէպքեր…: Ան ընթերցեց  բրիտանական մամուլէն քաղուած  կարգ մը  խորագիրներ, որոնք  ոչինչ էին եթէ ոչ  Ցեղասպանութիւն, երբ տակաւին  գոյութիւն չուներ Ցեղասպանութիւն  եզրը:  Քաթիա Փելթեքեան ցաւ յայտնեց, որ մեծ պետութիւնները կ’անտեսէին  հայ  ժողովուրդին  տառապանքը եւ կը խուսափէին  յարաբերութիւնները սրել Սուլթանին  հետ:   Փելթեքեան  նշեց, որ  «Տը Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը եւ Ուինսթըն Չըրչիլ,  քանիցս   հոլոքոստ  եզրը  գործածած են՝ հայ  ժողովուրդին դէմ կատարուող  վայրագութիւնները նկարագրելու  ընթացքին: Ան  ցաւ յայտնեց, որ   քաղաքական  շահերու տակ կը ծածկուին արդարութիւն եւ  իրաւունքներ:

Ելոյթներէն ետք դարձեալ  տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում:  Կլոր սեղանի աւարտին դեսպան   Սամուէլ Մկրտչեան  բարձր  գնահատեց  զեկուցաբերներուն եւ  խօսք առնողներուն  բարեխիղճ մօտեցումները: Ան  ըսաւ, թէ  լուսարձակի տակ պիտի առնուին  կլոր սեղանի  ընթացքին արտայայտուած միտքերը եւ  առաջարկները,  շնորհակալութիւն յայտնեց  կլոր սեղանը կազմակերպողներուն  եւ բոլոր  մասնակիցներուն:

ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ   Կերրի  Ֆեթէլ նոյնպէս շնորհակալական  խօսք ուղղեց   զեկուցաբերներուն եւ մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ  Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան,  կլոր սեղանը  սիրայօժարօրէն  իր  յարկին եւ հովանաւորութեան  տակ  կազմակերպելու առիթով:

                                                                                                        ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ  ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

DSC_6285

DSC_6296

DSC_6306

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին