Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Դոկտ. Հրանդ Աճէմեանի Նորագոյն Հատորի Գինեձօնը

*ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*

Սփիւռքի հայութեան բազմավաստակ մտաւորականներէն է Դոկտ. Հրանդ Աճէմեան, որուն պատուաբեր անունը Լիբանանի հայ գաղութէն անցած է Իրան, Ֆրանսա, ապա հասած է Լոս Անճելոս, մշտական կայք հաստատելով այս քաղաքը:

Եղած է կրթական բեղուն մշակ, հայագէտ, հրապարակագիր, երգչախումբերու ղեկավար եւ թերթերու խմբագիր: Եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքի եւ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի սան: Հետեւած է Սպահանի համալսարանի հայագիտական ամպիոնի դասընթացքներուն եւ Փարիզի Սորպոն համալսարանի ֆրանսական արդի գրականութեան ու Արեւելագիտութեան դասընթացքներուն, եւ այս աշխարհահռչակ համալսարանէն արժանացած է Դոկտորայի վկայականին:

Ուրբաթ, 29 Ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 7.30-ին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Գույումճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ, բառին խորագոյն իմաստով խիստ շահեկան ձեռնարկ մը: Այդ օր տեղի ունեցաւ Դոկտ. Հրանդ Աճէմեանի «Հայ Եկեղեցւոյ Շարակնոցը եւ այլ Ծիսամատեանները» խորագիրը կրող հատորի գինեձօնը:

Այս հատորը կը հանդիսանայ Հրանդ Աճէմեանի 12-րդ գիրքը:

Ձեռնարկը իր օրհնաբեր ներկայութեամբ կը պատուէր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ամերիկայի եւ Գանատայի Առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Տէր Միքայէլ Եպս. Մուրատեան: Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առաջնորդները՝ Գերշ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ Գերշ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, իրենց ներկայացուցիչներով եւ նամակներով ներկայ էին այդ ձեռնարկին, ինչպէս նաեւ Անարատ Յղութեան քոյրերէն առաքինազարդ քոյր Լուսիան:

Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Անտոն Վրդ. Նորատունկեան բարի գալուստի եւ բացման ջերմ խօսքով ողջունեց ներկաները ու հրաւիրեց Եկեղեցւոյ Մշակութային Յանձնախումբի ժրաջան ատենապետ, Զմմառու Դպրեվանքէն շրջանաւարտ ծանօթ հրապարակագիր Անթուան Գարամանլեանը, վարելու համար այս ձեռնարկը:

Հանդիսավարը շատ գեղեցիկ եւ տպաւորիչ ելոյթով խօսեցաւ ձեռնարկին մասին ու տուաւ գիրքի հեղինակ՝ Դոկտ. Հրանդ Աճէմեանի կենսագրութիւնը, անոր ծանրակշիռ ու հարուստ վաստակը ներկայացնելով:

Երգով ելոյթ ունեցաւ Վաչէ Հայրապետեան՝ «Խնկի ծառի նման ես» եւ «Ով պարտիզպան» երկու մեղեդիներ երգելով, առաջինը նուիրուած էր Ս. Աստուածածինին, իսկ երկրորդը Յարութեան, հմայելով բոլոր ներկաները:

Ապա հանդիսավարը հանգամանօրէն ներկայացուց գլխաւոր բանախօսը, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան եւ հմուտ շարականագէտ, 2800 շարականներու գրաբարէ աշխարհաբար փոխադրութեան վիթխարի հատորի հեղինակ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արեւմտեան թեմի նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան:

Եփրեմ Սրբազան մօտ 15 վայրկեան տեւողութեամբ սքանչելիօրէն ներկայացուց երբեմնի դասընկեր եւ Իրանի մէջ զանազան պաշտօններով պաշտօնակից՝ Դոկտ. Աճէմեանի այս գիրքը: 182 էջնոց գիրքը բաժնուած էր երկու մասի: Ա. մասը կը բովանդակէր Հայ Եկեղեցւոյ շարականներու ծագումը, աղբիւրները, կառուցուածքը, երաժշտութիւնը եւայլն, իսկ Բ. մասի մէջ Դոկտ. Աճէմեան ներկայացուցած է մօտ 24 շարականագիրներու կեանքը եւ անոնց իւրաքանչիւրի գլխաւոր գործերը, անշուշտ հսկայ աղբիւրներ եւ լուսաբանութիւններ տալով:

Հեղինակը օգտագործած է 40է աւելի աղբիւրներ այս գիրքի պատրաստութեան համար: Ինչպէս ըսինք Եփրեմ Արքեպիսկոպոսը որպէս հմուտ շարականագէտ մեծապէս  արժեւորեց այս գործը, շնորհաւորեց հեղինակը «վարձքդ կատար» ըսելով:

Եփրեմ Սրբազանի այս ելոյթը արժանացաւ ներկաներու երկարատեւ ու յոտնկայս ծափահարութեան:

Ապա Վաչէ Հայրապետեան երգեց «Անձինք Նուիրեալք» եւ «Որք Զարդարեցին» շարականները, արժանանալով ժողովուրդի պռաւօներուն:

* * *

Սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցող Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ժամանակակից շրջուն հանրագիտարանը՝ Դոկտ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեան, որ շատ հետաքրքրական տեղեկութիւններ տուաւ, թէ՛ Դոկտ. Աճէմեանի գիրքին եւ թէ 301-450 թուականներու Սաղմոսերգութեան ու շարականներու փոխանցման մասին:

Կրեկ Սարոյեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երգչախումբին ժրաջան ղեկավարը, ինք եւս Զմմառու մայրավանքի սան ըլլալով եւ երաժշտութեան մէջ հմուտ ըլլալով, սրտի խօսքով շնորհաւորեց Դոկտ. Աճէմեանը «այս մեծղի գործին համար»:

Եկեղեցւոյ փայլուն երգիչներէն Միքայէլ Արապեան, շատ գեղեցիկ ձեւով երգեց Սահակ Ձորափորեցի Կաթողիկոսի «Ուրախ Լեր» շարականը, որ եկեղեցւոյ ուրախ առիթներուն եւ հարսանիքներուն միշտ կ՛երգուի այս շարականը, խռովելով ներկաներուն հոգիները: Բոլոր երգերուն երգեհոնով կ՛ընկերանար երիտասարդ Արէն Շահճահանեան:

Վերջաւորութեան Դոկտ. Աճէմեան շատ ջերմ ու երախտապարտ խօսքերով շնորհակալութիւն յայտնեց Կազմակերպիչ Յանձնախումբին, ներկայ բարձրաստիճան կղերականներուն եւ առաքինազարդ քոյր Լուսիայի, իրենց ներկայութեան ու խօսքերուն համար, եւ յայտագիրի գեղարուեստական բաժինի հոյակապ արուեստագէտներուն:

Փակման խօսքը կատարեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ Արհի. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան, որ ներշնչեալ խօսքերով հայ եկեղեցւոյ շարականները նկատեց հայ ժողովուրդը միացնող, շաղկապող եւ օղակող ուժ ու ջերմօրէն շնորհաւորեց հեղինակը այս գործին համար:

Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբի անդամուհիները շատ ճոխ հիւրասիրութիւն մը կազմակերպած էին:

Մենք ալ մեր հերթին կը շնորհաւորենք Դոկտ. Հրանդ Աճէմեանը այս հատորին համար, մաղթելով ու խնդրելու պէս առաջարկելով, որ աւելի յաճախականութեամբ իր յօդուածները տեսնենք եւ կարդանք Լոս Անճելոսի հայ մամուլի մէջ, վայելելու համար անոր մեղրահամ հայերէնը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին