Օրեր անցան եւ տակաւին չեմ կրցած հաշտուիլ այն գաղափարին հետ, որ Կարոն կանխահաս կերպով մեկնեցաւ այս աշխարհէն, իր ետին ձգելով բազմաթիւ բարեկամներ, հարազատներ եւ միութենականներ:
Մարդ արծարծին կեանքը ես կը նմանցնեմ մոմի մը, որ տարիներ լոյս կու տայ եւ կամաց-կամաց հալելով կը մարի, ու վերջ կու տայ իր կեանքին: Սակայն Կարոն մոմի չէր նմաներ, այլ բոցավառ ջահի մը՝ որուն կրակը այնքան լոյս եւ ջերմութիւն կու տար իր շրջապատին, որ կարելի չէր յանկարծ մարէր եւ դադրէր բոցավառելէ: Այդքան աշխոյժ եւ եռանդով լեցուն էակ մը, անհաւատալի էր, որ կրնար յանկարծ դադրիլ գործելէ եւ շնչելէ: Բոլոր անոնք որոնք զինք կը ճանչնային, շանթահար եղան իր յանկարծամահ ըլլալուն տխուր լուրին հետեւանքով:
Կարոյին հետ իմ ծանօթութիւնս սկսաւ՝ երբ ան իբր հպարտ հայր մը, ներկայացաւ ինծի եւ առաջին մանչ զաւակը՝ Յակոբը բերաւ եւ իմ հոգածութեանս յանձնեց որպէս բժիշկ: Այնուհետեւ ծնաւ Անին եւ դարձեալ ինծի վստահեցաւ իր զաւակներուն բժշկական խնամքը. իսկ ընտանեկան դաստիարակութիւնը ինք ստանձնեց տարիներ շարունակ եւ մէջտեղ եկան տիպար հայորդիներ, որոնցմով ան շատ հպարտ էր եւ ուրախ, տեսնելով անոնց մեծնալը, ուսում ստանալը եւ իր ընտանեկան տաքուկ մթնոլորտին մէջ ապրիլը: Կ’ըսեն, որ եթէ մէկը լաւ պիտի ճանչնաս, հետը միութենական վարչական պէտք է ըլլաս, կամ միասին ճամբորդութիւն կատարես: Իմ ունեցած միութենական փորձառութիւնս Կարոյին հետ սկսած է 1996-էն, ՀԵԸ-ի կեդրոնական վարչութեան մէջ ինք որպէս ատենապետ, ես որպէս ատենադպիր: Իբր երկար տարիներու միութենական գործակից անդամ, կը վկայեմ Կարոյին ունեցած անշահախնդիր եւ նախանձախնդիր վերաբերումը եւ ամբողջական նուիրումը ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի նկատմամբ:
Միութենական եւ կազմակերպչական իր տարբեր ու բազմապիսի հանգամանքներուն եւ առաքինութիւններուն կողքին, Կարոն զինք բոլոր ճանչցողներուն համար անկեղծ, ամբողջանուէր ու միշտ ծառայելու պատրաստ ազնուական անձ մըն էր, որու մշտական ու ամէնուրեք ներկայութիւնը աւելի եւս անըմբռնելի կը դարձնէ իր անակնկալ եւ յաւէտ մեկնումը. ընկերասէր եւ ընկերային մարդ էր Կարոն: ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի պարծանքն էր ան, տիպար եւ զոհուած ղեկավար մը, որ միշտ լաւատեսութեամբ կը դիմագրաւէր հարցերը եւ անոնց լուծումներ կը գտնէր:
Ան մեծ ներդրում ունեցաւ ՀԵԸ-ի զանազան մարզերէն ներս, ըլլան անոնք սկաուտական, մարզական, մշակութային, ընկերային եւ աշակերտական: Կարոն նախանձախնդիր էր նաեւ մեր հաւաքական կեանքի բարելաւման ու կազմակերպման:
Ան գործունեայ ներկայութիւն մըն էր լիբանանահայ համայնքի ազգային եւ հասարակական կեանքէն ներս: Արժանաւորապէս ալ ընտրուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի ազգային երեսփոխան:
Իր երկարամեայ ծառայութեան շրջանին, մարզական եւ սկաուտական շարժումներուն կողքին, Կարոն մօտէն կը հետեւէր մեր մշակութային ձեռնարկներուն: Ան մեծապէս նպաստեց ՀԵԸ-ի մշակութային կեանքի վերելքին: Ջերմօրէն կը յարգէր մշակոյթի արժէքները: ՀԲԸՄը եւ ՀԵԸը եղան Կարոյին երկրորդ ընտանիքը, եւ ան օրեր, ամիսներ ու տարիներ յատկացուց իր սիրելի միութեան: Թող Տէմիրճեան Կեդրոնի պատերը լեզու ունենան եւ վկայեն այս մասին:
2006 թուականին Կարոն մեծ խանդավառութեամբ ծրագրեց եւ կազմակերպեց Բարեգործականի 100 ամեակի ձեռնարկները, բոլոր միութիւնները զօրաշարժի ենթարկեց, եւ մէկ շաբթուան վրայ երկարող ծրագիրը պատրաստեց, սակայն հրէական յարձակումը Լիբանանի վրայ պատճառ եղաւ, որ ջնջուի տօնակատարութիւնը եւ զինք յուսախաբութեան մատնեց: Սակայն Կարոն շարունակեց իր միութենական աշխատանքը ծաւալել եւ նորանոր ծրագիրներ մշակեց՝ գաղութը կանգուն եւ առոյգ պահելու հեռանկարով:
Մի քանի տարիներ առաջ, Կարոն մեծ շուքով գնահատանքի երեկոյի մը արժանացաւ, իր տարիներու անխոնջ ծառայութեան համար: Այդ օր իր ուրախութիւնը անսահման էր, ի ներկայութիւն Բարեգործականի Լիբանանի թէ Նիւ Եորքի ղեկավարութեան:
Միութենական գործէն հրաժարելէ ետք, Կարոն լծուեցաւ շինարարական աշխատանքի: Ան երեք տարուայ ընթացքին յաջողեցաւ իր նորակառոյց տան ծրագիրը իրագործել՝ երեք յարկանի շէնքով, ուր կը ծրագրէր հրաւէրներ սարքել, բարեկամներով հաճելի պահեր անցնելու նպատակով:
Այս բոլորին կողքին, Կարոն շատ հաճելի սեղանակից մըն էր մեզի համար: Յաճախ երբ միասին եղած ենք ճաշի հրաւէրներու, Կարոն միշտ նիւթեր ունէր խօսելիք, ըլլայ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ հայութիւնը տագնապեցնող հարցերու մասին: Վերջին ճաշը, որ միասին ըրինք, Ծաղկազարդի Կիրակին էր եւ ես այդ օրը Կարոյին փոխանցեցի հրաւէր մը, իր դասընկերոջ եւ իմ մօտիկ բարեկամ բժիշկի մը կողմէ: Հրաւէրը պտոյտ մըն էր դէպի Ֆրանսայի հարաւային ծովափը ամռան ընթացքին: Այն օրը որ Կարոն որոշում առաւ այդ պտոյտը կատարելու, Աստուածային հրամանով երկինքէն հրեշտակները եկան եւ զինք փոխադրեցին դէպի դրախտ: Եւ իր պտոյտը վերածուեցաւ ուղեւորութիւն դէպի երկինք:
Աստուած թող համբերութիւն շնորհէ իր ընտանիքին: Կարոն յաւերժ պիտի մնայ մեր միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ: