Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

Լուսոյ Տաճարին Մոմերը Մի Առ Մի Կը Մարին

*ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ*

24 Մարտ 2016,  Նիկոսիա, Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Լուսոյ Տաճարի մոմերէն մին ալ կը մարի, մեզմէ առյաւէտ կը բաժնուի Սմբատ Տէվլեթեանը, գրական անունով Սմբատ Տէրունեան: Վերջին հինգ տարիներուն Լուսոյ Տաճարին քանիերորդ մոմն է որ կը մարի: Արա Գալայճեան հրապարակագիր,  Պոսթոն, Զարեհ Մելգոնեան ուսուցիչ, բանաստեղծ, Լոս Անճելըս, Նիկողոս Թահմիզեան երաժշտագէտ, Լոս Անճելըս, Կարպիս Սուրէնեան  Էսսէիսթ-գրող-թարգմանիչ, Երեւան, Յակոբ Յակոբեան գեղանկարիչ, Երեւան, Նուպար Յակոբեան ազգային հասարակական գործիչ, Լոս Անճելըս, Հայկ Նագգաշեան գրող-հրապարակագիր, Մոնթրէալ: Այսօր մարդիկ հարց կու տան, թէ ե՞րբ պիտի մարի վերջին մոմը Լուսոյ Տաճարին եւ ինչու՞ պէտք է որ մարի: Արդեօ՞ք Սփիւռքը պէտք չուներ Լուսոյ Տաճարին, որ կը լուսաւորէր աշխարհի զանազան կողմերը գտնուող հայու մութ անկիւնները, քանի՞ հատ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան պէս Լուսոյ Տաճար ունէր Սփիւռքը: Ցաւալի է հաստատել,  որ Մ.Կ. Հաստատութեան դռները կը փակուէին երբ ան նոր բարձունքներ կը նուաճէր որակականօրէն եւ քանակականօրէն, առանց մեծ բեռ մը ըլլալու Հաստատութեան տնօրինողներուն:

Ո՞վ է սակայն Սմբատ Տէվլեթեանը:

Ան ծնած է 1923-ին Յունաստանի Միտիլինի (Լեզպոս) կղզին: Հայրը Մարտիրոս Տէվլեթեան, մայրը Եւտոքսէ Զատիկեան Տէվլեթեան, Քեմալական հալածանքներէն փախչելով կը լքեն Թուրքիան (նիկոմիդիա) ու կ’անցնին Յունաստան: Ոչինչէն սկսելով՝ հայր, մայր եւ վեց տարեկան Սմբատը չարաչար կ’աշխատին, որ իրենց օրապահիկը ապահովեն:  Այս շրջանին Սմբատ կ’ունենայ եղբայր մը:

Ութ տարեկան Սմբատը ընտանիքին օգնելու համար կը սկսի սիկարէթ ու մազտակ ծախել, յաճախ իրիկունները մուտք գործելով սրճարանները ու զուարճութեան վայրերը: Մարդիկ այնքան աղքատ են, որ սիկարէթը հատով կը գնեն, երբեմն նոյնիսկ փողոցը նետուած սիկարէթի ծայրերը հաւաքելով ու թուղթի մէջ փաթթելով կը ծխեն:

Սմբատ Գավալա քաղաքի հայկական նախակրթարանը աւարտելէ ետք, որպէս ուսումնատենչ աշակերտ ծնողքը զինք 1936-ին կը ղրկեն Կիպրոս՝ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն: Ան 1942-ին շրջանաւարտ կ’ըլլայ առեւտրական ճիւղէն: Մելգոնեանի մէջ Սմբատ ուշադրութիւնը կը գրաւէ գրականութեան ուսուցիչ Վահէ Վահեանին, որ զինք մեծապէս կը քաջալերէ: Սմբատի գրութիւնները կը տպուին Հաստատութեան պաշտօնաթերթ «Այգ»ի մէջ, իսկ ամառները Մակարավանքի շրջանի ամառանոցի «Վրանթերթ»ի մէջ, բանաստեղծութիւն եւ արձակ էջեր: Սմբատին հետաքրքրութիւնը բազմակողմանի է, ան մաս կը կազմէ  արիական  շարժումին, երգչախումբին, ֆանֆարին:

Համաշխարհային Բ պատերազմը սկսած էր արդէն, ու ինք չէր կրնար վերադառնալ տուն՝ ծննդավայրը: Կը մտնէ անգլիական բանակ, ուր կ’աշխատի որպէս թարգմանիչ  ու ապա քարտուղար մինչեւ 1946: Նոյն շրջանին կ’ամուսնանայ կիպրահպատակ իր դասընկերուհի Թագուհի (Սուլթանիկ) Պչագճեանի հետ: Կիպրոսի մէջ կը հիմնուի Մելգոնեան Սանուց Միութիւնը, որ կը կազմակերպէ բազմաթիւ մշակութային ձեռնարկներ: Սմբատ եւ Թագուհի աշխոյժ անդամներն են այդ Միութեան:

Պատերազմի տարիներ են, կիպրահայ գաղութը հեւ ի հեւ կը հետեւի Հայրենիքի լուրերուն ու պատերազմի վերիվայրումներուն: 1945-ին կը ծնի իրենց որդին Ասատուրը: Նոյն տարին Կիպրոսի մէջ լոյս կը տեսնէ Սմբատի բանաստեղծութիւներու առաջին հատորը՝ «Մինչեւ Վերադարձ»:

1946-ի ամառը Սմբատ հրաւէր կը ստանայ Հայաստանէն, մասնակցելու համար գրողներու Բ համագումարին: Սմբատ դժուար կացութեան մէջ է. ինք անգլիական բանակի մէջ պաշտօնեայ է, իսկ Հայաստանը համայնավար երկիր:

Հայաստան երթալով կրնայ գործը կորսնցնել: Բայց իրեն համար Հայրենիքի սէրը վեր է ամէն բանէ, ու կ’որոշէ մասնակցիլ համագումարին: Հոն կը հանդիպի Աւետիք Իսահակեանին, Դերենիկ Տեմիրճեանին, Զարէհ Որբունիին, Մարտիրոս Սարեանին եւ Հրաչեայ Քոչարին: Լիբանանէն ներկայ կ’ըլլան Վահէ Վահեան եւ Յովհաննէս Աղպաշեան:  Սմբատ գրողներու մէջ ամենակրտսերն է: Խանդավառ մթնոլորտ, բայց նոյն ատեն հայրենադարձներուն անյոյս վիճակը զինք կ’ընկճէ: Իրենց այցելութեան կու գան նոր ներգաղթած մելգոնեանցի Կարպիս Սարկաւագեանը եւ Նիկողոս Թահմիզեանը, որոնք ծուղակը ինկած մարդոց երեւոյթը ունին: Համագումարին ճոխ սեղան, իսկ դուրսը թշուառութիւն: Վահէ Վահեան երկու խնձոր կը տեղաւորէ Կարպիս Սարկաւագեանի գրպաններու մէջ: Սմբատ երբ Կիպրոս կը վերադառնայ միայն գովասանք ունի Հայրենիքին համար:

Անգլիական բանակը Սմբատը գործէ կ’արձակէ համայնավար երկիր այցելելուն պատճառաւ: Ան յուսահատող մէկը չէ: Գործ կը գտնէ Նիկոսիոյ քաղաքապետ եւ իրաւաբան Իաննիս Քլերիտիսի փաստաբանական գրասենեակին մէջ: Ասիկա մեծ անկիւնադարձ կ’ըլլայ Սմբատի կեանքին մէջ, որովհետեւ յետագային ան պիտի ընդգրկէր իրաւաբանի ասպարէզը:

1948-ին կը հրատարակէ բանաստեղծութեան երկրորդ հատորը «Լսէ Տղաս»ը:

Սմբատ լրջօրէն կը պատրաստուի փաստաբան դառնալու եւ քննութիւններ կ’անցընէ իրաւաբանական ճիւղի նիւթերու վերաբերեալ: Ան 1954-ին կը մեկնի Անգլիա, երկուքուկէս տարի հետեւելով իրաւաբանական ճիւղին, կը վկայուի իրաւաբանական կաճառէն որպէս  Barrister At Law: Վերադառնալով Կիպրոս Սմբատ կ’ունենայ իրաւաբանական իր անձնական գրասենեակը: 1957-ին  Մ.Կ. Հաստատութեան իրաւական խորհրդական կը նշանակուի, ու այդ աշխատանքը կը կատարէ մինչեւ 1986:

1959-ին  լոյս կը տեսնէ իր «Յամեցող Այգաբաց» հատորը:

Սմբատ Տէվլեթեան աշխուժօրէն կը մասնակցի կիպրահայութեան բոլոր գործունէութիւններուն: 1960-ին երբ Կիպրոս կ’անկախանայ, ան նորակազմ խորհրդարանի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Հայկ Թիլպեանի կողքին է: Կիպրահայ Միացեալ Ճակատի ատենապետն է մինչեւ 1986: Կիպրահայ դպրոցներու հոգաբարձութեան ատենապետ՝ շուրջ տասը տարի մինչեւ 1970: Մ.Կ. Հաստատութեան հոգաբարձութեան ատենադպիր 1961-1986: Անդամ է ՀԲԸՄ-ի 1951-էն իվեր, իսկ ՌԱԿ-ի 1959-էն:

Սմբատ կը հրաւիրուի դասախօսութիւններ տալու գրական կամ միութէնական տարեդարձներու առիթով, Կիպրոս եւ այլուր՝ ինչպէս Պէյրութ եւ Եգիպտոս: 1968- ին ՌԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան  խնդրանքով կ’երթայ Երուսաղէմ՝ Ս. Յակոբայ վանքի կացութեան մասին ուսումնասիրութիւն մը պատրաստելու:

1966-ին Սմբատ կ’երթայ Հայաստան՝ ծնողքը տեսնելու, որոնք 1947-ին ներգաղթած էին: 1936-էն իվեր ան կարելիութիւն չէր ունեցած ծնողքը տեսնելու:

1981-ին եւ 1986-ին կը հրաւիրուի Հայաստան, մասնակցելու Գրողներու Միութեան 8րդ եւ 9րդ համագումարներուն:

1996-ին Պէյրութի մէջ լոյս կը տեսնէ իր «Տարագիր Տաղեր» հատորը, հրատարակութեամբ Մ.Կ.Հ.  Լիբանանի Սանուց Միութեան: Այս առթիւ ան ելոյթ կ’ունենայ դասախօսութեամբ մը, նիւթ ունենալով «Հայութիւնը 21րդ Դարու Սեմին»:

Սմբատ Տէվլեթեանի գործունէութեան 60-ամեակին առիթով մեծարանքի երեկոյ մը կը կազմակերպուի Երեւանի մէջ, Գրողներու Միութեան կողմէ 2002 Հոկտեմբեր 22-ին: Խօսք կ’առնեն Սուրէն Դանիէլեան, Երուանդ Ազատեան, Յակոբ Յակոբեան, Կարպիս Սուրէնեան, Արտեմ Սարգիսեան ու Գրողներու Միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան:

2003-ին Նիկոսիոյ ՀԲԸՄ-ի Մշակութային Յանձնախումբը, Սմբատի ծննդեան 80- ամեակին առիթով կը կազմակերպէ հանդէս-ընդունելութիւն:

Վերոյիշեալ զոյգ տարեդարձներու առիթով, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ Կոնդակ կը ղրկէ Տէվլեթեանին, իսկ Հայաստանի կրթական եւ մշակութային նախարար Լեւոն Մկրտիչեան՝ շնորհաւորական նամակ:

Սմբատ աշխատակցած է թերթերու, ամսաթերթերու եւ պարբերականներու, ինչպէս  Բենիամին Նուրիկեանի «Նոր Գիր»ին եւ Վահէ Վահեանի «Անի»ին:

Ունի ուսումնասիրութիւններ զանազան նիւթերով, ըլլայ գրական եւ կամ ազգային՝ Դանիէլ Վարուժան, Միսաք Մեծարենց, Կիպրահայ գաղութ, եկեղեցական տագնապ, Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն եւայլն:

Ստորեւ «Տարագիր Տաղեր» հատորէն մի քանի տողեր.

Բայց աւազին տակ, գիտեմ՜, էութեան խորն անթափանց,

Կը նիրհեն բերք ու բարիք ու բերկրութիւն դեր անյայտ:

Ու միայն կանչ մը սրտոտ, հպում մը լոկ սիրախանձ

Կրնար անայց անապատն ընել հանդէս ու ջրցայտ:

 

                                                                                                              4 Մայիս 2016

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին