Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

«Լուսաւորեալ մըն է Հայր Անդրանիկը» ըսաւ ընկեր Սեւակ Յակոբեան

Սիրելի Հայորդիներ,

Հայր Անդրանիկը սիրողներ,

Սիրելի Հայր Անդրանիկ,

Ընկեր Տոքթ. Ասիլեանի բացման խօսքէն եւ Հայր Անդրանիկի մօտիկ ու տարիներու գործակից՝ Պրն. Սարգիս Նաճարեանի ներկայացումէն ետք, դժուար է այլեւս ինծի նոր բաներ աւելցնել՝ մանաւանդ իրենց դասական իմաստով:

Հետեւաբար թոյլ տուէք ինծի, որ ներկայացումս նկարագրիս համաձայն, ըլլայ ընդունուած տուփէն դուրս, որուն ընդմէջէն արտայայտելիք միտքերուս ոչ յաճախ ուղղափառութեան համար կ՛ապաւինիմ ձեր հասկացողութեան եւ ներողամտութեան…:

Սիրելիներ, կարելի՞ է Հայր Անդրանիկը մտաբերել առանց փորձութիւնը ունենալու զինք նոյնացնելու յոյն հին փիլիսոփաներուն հետ: Կարելի չէ:

Ամէն պարագայի նայեցէք, թէ յոյն մեծ փիլիսոփայ Պղատոնը (Plato), մեր թուականէն 2500 տարիներ առաջ ինչ գրած է Հայր Անդրանիկին մասին:

Պղատոն իր  Հանրապետութիւն (The Republic) գիրքին մէջ ունի խորունկ այլաբանութիւն մը՝ The allegory of the cave, որ կարելի եղածին չափ պարզացնելով պիտի փորձեմ ներկայացնել ձեզի՝

Իր The Republic, գիրքին մէջ Plato բանտարկեալներ քարայրին մէջ գրութեամբ մը, այլաբանական ոճով կը բացատրէ այն ճամբուն մասին, որ կ՛առաջնորդէ դէպի գիտութիւն, ուր կը շեշտէ փիլիսոփաներուն պատասխանատուութեան վրայ։

Երեւակայեցէք քարայր մը, որուն մէջ բանտարկեալներ (մենք) շղթայուած նստած ենք, երեսները մէկ ուղղութեամբ՝ դէպի պատը:

Բանտարկեալները իրենց կեանքի ընթացքին միշտ հոն եղած են առանց բան գիտնալու դուրսի աշխարհի մասին:

Այն միակ բանը, որ բանտարկեալները իրենց առջեւ կը տեսնեն շուքեր են, որոնք կ՛արտացոլան պատին վրայ:

Բանտարկեալներուն ետեւը կրակ վարած է, որ սակայն բանտարկեալները չեն տեսներ, որովհետեւ շղթայուած են եւ այդ կրակին լոյսն է, որ շուքեր կը ստեղծէ իրենց դիմացի պատին վրայ:

Այդ կրակին ու բանտարկեալներուն միջեւ անցք մը կայ, որուն վրայ քառայրը կառավարողները ձեռքերնին տարօրինակ առարկաներ բռնած, առջեւ ետեւ կ՛երթան կու գան: Մինչ իրենց գլխուն վրայ իրենց շարժած առարկաներուն շուքն է, որ կ՛արտացոլայ պատին վրայ:

Այն ամէն ինչը, որ բանտարկեալները կը տեսնեն իրականութիւն չեն անշուշտ՝ այլ շուքեր պատին վրայ, սակայն անոնք կը հաւատան, որ տեսածնին ճշգրիտ իրականութիւնն է:

Հիմա երեւակայեցէք, որ այդ բանտարկեալներէն մին ձերբազատուելով իր շղթաներէն՝ քառայրէն դուրս դէպի լոյս աշխարհ եկած է:

Հաւանաբար ազատագրուած բանտարկեալը առաջին հերթին անհանգիստ ըլլայ դուրսի լոյսէն:

Սակայն ժամանակի ընթացքին ան պիտի անդրադառնայ, որ այդ լոյսը եւ դուրսի աշխարհն են իրականները, մինչ քարայրի մէջի աշխարհը պարզապէս խաբկանք մըն է:

Եթէ պատահի, որ ազատագրեալ բանտարկեալը դարձեալ ներս մտնէ պատմելու իրականութիւնը, հոն գտնուողները կրնան ծաղրել զինք իր գիտութեան համար ու չհաւատալով մերժել զինք:

«…Քարայրը մեր ապրած աշխարհն է, կրակը մեր աշխարհի արեւը, մինչ դէպի վեր ճանապարհորդութիւնը հոգիին սլացքն է դէպի մտաւորական աշխարհ…», գրած է Պղատոն:

Մեր աշխարհին՝ այսինքն այդ քարայրին այն բանտարկեալը, որ ազատագրուած է եւ առիթը ունեցած ամբողջական հասկացողութիւնը ունենալու, թէ ի՞նչն է իրականը եւ ո՞րն է խաբկանքը, Փիլիսոփան է` ԼՈՒՍԱՒՈՐԵԱԼԸ, որուն պարտականութիւնն է վերադառնալ քարայր՝ հալածուելու գինով ջանալ ուսուցանելով փրկելու հոն գտնուողները:

Պղատոնի համար փիլիսոփայ մը պարտականութիւն ունի, որն է լուսաւորել ոչ-լուսաւորեալը:

Լուսաւորելու այս առաքելութեամբ է, որ գործած է Պուտտան:

Լուսաւորելու այս ճամբուն վրայ խաչուած է Յիսուս:

Լուսաւորեալ մըն էր Կանտին:

Լուսաւորեալ մըն է Հայր Անդրանիկը։

Հայր Անդրանիկ ամբողջ կեանք մը նուիրած է իր շուրջ ապրող մարդկութիւնը լուսաւորելու համար: Ան պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ եւ քաջութեամբ վերադարձած է քարայր՝ հոն շղթայուածները փրկելու, մինչ թերեւս ուրիշ ազատագրուածներ գլուխնին ազատելով՝ առանց իսկ ետ նայելու հեռացած են անկէ եւ իրենց աշխարհիկ զբաղումներով տարուած:

Մեզի հետ այստեղ նստող Հայր Անդրանիկը սիրելիներ, թող ներէ զիս եթէ ըսեմ՝ սովորական մահկանացու մը չէ: Մենք չենք, որ զինք կը մեծարենք այսօր: Ինքն է, որ մեր մէջ գտնուելով կը պատուէ մեզի: Մենք բախտաւոր ենք ժամանակակիցերը ըլլալու այս մեծ մարդուն:

Յեղափոխական մըն է Հայր Անդրանիկը իր սիրեցեալ Յիսուս Քրիստոսի նման, որ վերջին երկու հազարամեակներու ամենամեծ յեղափոխականը կարելի է համարել՝ խաւարը լուսաւորելու իր յեղափոխութեամբ:

Քրիստոս՝ մարդկային պատմութեան խաղաղութեան իշխանը ըլլալով հանդերձ, նաեւ բնաւ երբեք չէ վարանած բազուկի ուժով Աստուծոյ տաճարը մաքրել ամբարիշտներէն: Հայր Անդրանիկ ինքն ալ բնաւ չէ վարանած նոյնպէս վարուելու՝ կեղծիքին ու կեղծաւորներուն հետ։

Վարդապետ մըն է Հայր Կռանեան: Ինչպէս իր սիրեցեալ Յիսուսը Վարդապետ էր: Պարզ ու համեստ սակայն մեծ ուսուցիչ էր ան, որ իր սերմերը ցանեց աշխարհով մէկ: Պարզ ու համեստ վարդապետ մըն է Հայր Կռանեան: Սերմանող մը, որ անընդհատ ցանեց: Կը ցանէ տակաւին: Կը ցանէ լաւը, կը ցանէ բարին:

Չսերնդագործեց Հայր Անդրանիկ բառին կենսաբանական իմաստով, սակայն անոր հոգեկան զաւակներուն թիւը հսկայ բանակ մը կը կազմէ այսօր:

Յեղափոխական Հայր Անդրանիկը թերեւս զէնք չվերցուց, սակայն զէնքի մղեց իր զաւակները… երկաթէ շերեփի: 1970ականներուն ան հրատարակեց «Երիտասարդ Հայ»ը, որ ես կը հաւատամ, թէ հոգեկան սնունդը հանդիսացաւ այդ օրերու այն Հայ ազատամարտիկներուն, որոնք իրենց կեանքը վտանգեցին այն բանին համար, որ իրենք խորապէս կը հաւատային, թէ միակ ընտրանքն է Հայ Դատը հետապնդելու այդ օրերուն: Ինչպէս իրմէ դար մը առաջ իր «Արմէնիա» թերթով կատարեց Մկրտիչ Փորթուգալեանը՝ հոգեկան հիմը դնելով Հայ ազատագրական պայքարին: Իսկական Ուսուցիչը սիրելիներ շատ յաճախ ինքն ալ չի գիտեր՝ իր հոգեզաւակ աշակերտներուն վրայ իր ունեցած ազդեցութեան սահմանները՝ ինչպէս սերմացանը, որ ինքն ալ չի գիտեր, թէ իր նետած հունտը ո՞ւր կ՛իյնայ եւ ինչ տարողութեամբ կ՛աճի ու պտուղ կու տայ…: Հայր Անդրանիկը Ռաֆֆիի վէպերուն որսորդ Աւոն է, որ հայ պատանիներուն մէջ յեղափոխութեան սերմը ցանեց ու կայծը տուաւ անոր:

Հայր Անդրանիկը մերօրեայ Տէր Աւետիք քահանան է: Եթէ Տէր Աւետիք  իր խաչին հետ մէկտեղ սուրը շալկեց Դաւիթ բէկի եւ Մխիթար սպարապետի հետ ծունկ ծունկի կռուելու թշնամիին դէմ, Հայր Անդրանիկ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, իր ժողովուրդը ձգելով վանքի մը մէջ նստած միայն աղօթքով չանցուց իր ժամանակը: Ան օրն ի բուն իր ժողովուրդին հետն էր այդ «Անապահով Օրերուն»: Ան կողքին էր Պուրճ Համուտի Հայ ընտանիքներուն, Հայկական թաղերը պաշտպանող զինեալ Հայ տղոց…:

Կարդացէք իր1999ին հրատարակուած «Անապահով Օրեր» գիրքը, որ խտացումն է իր խմբագրած «Մասիս» շաբաթաթերթին մէջ 1973 -1983 լոյս տեսած պատմուածքներուն այն օրերուն մասին, որուն նախաբանին մէջ Հայր Անդրանիկ միայն իրեն յատուկ ոճով յետ գրութեամբ մը ընթերցողին գրած է. «Այս  յօդուածները, անցեալին գրուած, թերեւս ներկայիս աւելի օգտակար դառնան, եթէ այս անգամ կարդացուին»…։ Կարդացէք եւ դարձեալ կարդացէք զայն սիրելիներ:

Ի միջի այլոց այս գիրքին յառաջաբանին մէջ Հայր Անդրանիկի գործակից Հայր Վարդան Աշգարեան, հետեւեալ բառերով նկարագրած է զինք՝ «Միտք՝ մշակուած: Հայագէտ՝ Հմուտ: Մտաւորական՝ խոհուն: Քաղաքական հարցերու մեկնաբան՝ տեսաբան: Հրապարակագիր՝ խիզախ առանց բառերը ծամծմելու: Լեզու՝ կուռ հարուստ: Ոճ՝ յստակ ու գիւտարար: Գրիչ՝ գրաբարեան բովին մէջ ջրդեղուած: Հայր Անդրանիկ Կռանեանի դիմանկարը՝ ահա»:

Դիմանկար մը, որ իրաւացիօրէն աւելի յեղափոխականի է ու իւրայատուկ եւ մանաւանդ աւելի ՀԱՅ՝ քան մերօրեայ դասական կրօնաւորներունը…:

Մինչ ճգնաւորի մը համար յատուկ է ճգնելով իր հոգւոյն փրկութիւնը փնտռել, Հայր Կռանեան Զմմառու վանքին մէջ ատենի չակերտի մէջ «ճգնութեամբ» դասաւորած ու գիտականօրէն կարգի դրած է Զմմառի թանգարանը՝ այնքան բծախնդրութեամբ եւ կանոնաւորութեամբ:

Իսկ այսօր Հայր Անդրանիկի դարձեալ չակերտի մէջ «ճգնութիւնը»՝ մեզի սկսած է պարգեւել փոքր չափի անգին գրքոյկներ: Ան այս գրքոյկներուն միջոցաւ թուղթին կը յանձնէ իր կեանքի ամբողջ փիլիսոփայութիւնը, խոհերն ու խորհուրդները սիրով փոխանցելով սերունդներուն, որպէսզի անոնք ունենան կեանք եւ այն ըլլայ միտքով ու գիտութեամբ յորդառատ…:

Իմ գործս չէ եւ չեմ ալ սիրեր դասական գրախօսութիւն: Կամ գիրքին կողքի քարթոնին չափն ու կշիռը տալը կամ անոր քանի էջաթիւ ունենալը: Թող ուրիշները ընեն այն: Իսկ դուք սիրելիներ, ձեզի կը խրատեմ ջանալ ունենալ զանոնք: Հայր Անդրանիկ սիրով կը նուիրէ իր հարուստ միտքին պտուղը հանդիսացող այս գիրքերէն: Կարդացէ՛ք զանոնք եւ մտածեցէք հոն գրուածին մասին: Լաւ մտածեցէք:

«Բարի Լոյս Մարդիկ» կը խորագրէ Հայր Անդրանիկ անոնցմէ մին, որուն մէջ իր շատ մը խորհուրդներու շարքին, այս խորհուրդն ալ կը փոխանցէ մեզի. «Մի վշտանար երբ մարդիկ քեզ անտեսեն կամ դէմդ խօսին: Եթէ յանցաւոր ես, սխալդ ընդունէ՛ ու ինքզինքդ սրբագրէ՛: Յիսուսի ժամանակակից մարդիկը Աստուածորդիին հետ աւելի՛ գէշ վարուեցան եւ Զինք իր գաւառին մէջ չընդունեցին: Ուրեմն չզարմանաս եթէ դուն ալ երբեմն քու շրջանակէդ չընդունուիս…»:

Մենք գիտենք վարդապետ, որ Մարգարէն իր ատենին նոյնիսկ կը հալածուի, սակայն դուն սիրելի վարդապետ վստահ եղիր, որ դուն ես ու կը մնաս մեր հոգիներուն կաթողիկոսը:

Հայր Անդրանիկ 2015ին հրատարակած իր «Մարզպան»ը թատերախաղին մէջ, միայն իրեն յատուկ խիզախութեամբ ու յեղափոխականութեամբ՝ Վասակին հանդէպ ալ արդար է որքան Վարդանը կը փառաբանէ: Երկխօսութեան մը մէջ երբ Վարդան մարզպանին կ՛ըսէ, թէ «կը նախընտրեմ իմ համոզումովս՝ ճակատաբաց մեռնիլ քան թէ ուրացումով ապրիլ», Վասակ անոր կը պատասխանէ. «Բայց տէր սպարապետ, օրեր կան, ուր ապրիլը՝ առաւել քաջութիւն կը պահանջէ քան թէ մեռնիլ»: Կը հասկնա՞ք սիրելիներ, թէ փիլիսոփայ վարդապետը ինչ կ՛ըսէ: Հայր Անդրանիկի պատգամը խորաթափանց է ու բազմանշանակ: Ան նաեւ Լիզպոնէն մինչեւ Արցախի սահման՝ Հայ ազատամարտիկներուն պատգամ մըն է, որ կը փոխանցէ:

Իսկ իր վերջինով բայց ոչ վերջակէտով՝ «Դէմ Առ Դէմ» գրքոյկով, մենախօսութեամբ է, որ Հայր Անդրանիկ իր պատգամը կը փոխանցէ: Իր Խոհերն ու խոկումները մեզի հետ կը բաժնէ: Նոյնիսկ կը հրահանգէ եւ վերջապէս Վահան Թէքէեանի նման հաշուեյարդարի ոճով հետեւեալը կ՛առանձնացնէ. «Ան- Քու կեանքէդ իբր հրաժեշտ ի՞նչ պիտի մնայ: Ես- Կարծեմ… գիրքերս: Ան- Միայն գի՞րք… ուրիշ ոչի՞նչ: Ես- Չեմ գիտեր թէ ուրիշ ինչ, բայց գիտեմ որ գիրքը հրաժեշտներուն թանկագիններէն ու մնայուններէն կը հանդիսանայ մարդուն համար…: Ան- Բայց կ՛արժէ՞ր ապրիլ… գիրք գրելու համար: ԵՍ-Կ՛արժէր… եթէ Աստուծոյ ինծմէ սպասածն ալ ասիկա է…»:

Սիրելի վարդապետ, քու գիքերդ աւելի քան սուրբ են եւ Աստուծոյ քեզմէ սպասածն ալ կը հաւատամ, որ այս էր: Դուն քու գրութիւններովդ ու գիրքերովդ միշտ վերադարձած ես քարայր մարդ մը եւս լուսաւորելու… փրկելու:

Ինչպէս ամէն բան այս արեւուն տակ սիրելիներ իմ խօսքս ալ վերջ մը ունի եւ պէտք է աւարտել այլեւս: Քանի մը օրեր առաջ երբ վերջաբանիս մասին կը փորձէի խորհրդակցիլ նեղ շրջանակիս պատկանող բարեկամներու հետ, անոնք ինծի ըսին խե՞նթ ես Սեւակ անանկ բան կ՛ըսու՞ի: Դոկտ. Տագէսեանն ալ ներկայ էր անշուշտ ու ան ինծի ըսաւ գիտեմ, որ խենթ ես Սեւակ եւ պիտի ըսես ըսելիքդ ամէն պարագայի, հետեւաբար գնայ ուզածդ ըսէ…:

Վերջաբանս հետեւեալն է սիրելիներ: Աւետարանին մէջ Սողոմոն իմաստունին վերագրուած է ժամանակի մասին խօսք մը, թէ այս արեւուն տակ ամէն բան իր ժամանակը ունի… կայ ժամանակ ուրախանալու եւ կայ ժամանակ տխրելու… ապրելու ժամանակը կայ եւ կայ մեռնելու ժամանակը: Ես քաջ գիտեմ, որ Հայր Անդրանիկ սնապաշտ մը չէ, որ հաւատայ թէ մահուան մասին խօսիլը կամ չխօսիլը անոր ժամանակը կը մօտեցնէ կամ կը հեռացնէ: Ամէն պարագայի մեզմէ ոչ մէկը գիտէ թէ ո՞վ առաջ պիտի կանչուի, սակայն մինչ այդ օգտուելով Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք դեսպանին այստեղ ներկայութենէն, որուն միջամտութիւնը օրին ուր որ ալ ըլլայ ան հաւանաբար պէտք ունենանք, ես կ՛ուզեմ այսօր այստեղ յիշել Հայրենիքի մէջ գտնուող Եռաբլուրը, ուր յաւերժ կը հանգչին մեր ազատամարտիկներն ու Հայոց բանակի քաջարի զինուրները: Եթէ ժամանակը գայ ուր  Հայր Անդրանիկի արարիչը յարմար տեսնէ իր մօտ կանչել իր սիրեցեալը եւ եթէ անշուշտ Հայր Անդրանիկը այդպէս ալ կտակէ, իմ փափաքս է, որ այնտեղ՝ Հայոց Սպարապետին ու Հայոց Զօրավարին մօտիկ յաւերժ հանգչի նաեւ Հայոց Վարդապետը: Սփիւռքահայոց Յեղափոխական Վարդապետը:

Ու տարիները անցնին… սերունդներ երթան… գան նոր սերունդներ եւ այցելեն Եռաբլուր ու միշտ յիշեն Հայր Անդրանիկը:

 

 

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին