Մայիս 3-ին BBC.com-ի մէջ լոյս տեսած «Լեռնային Ղարաբաղ. BBC-ին այցելած է ճակատի ազրպէյճանական կողմը» յօդուածը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, թէ որքան ալ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները փորձեն ուղղորդել միջազգային լրատուամիջոցները իրենց ցանկութիւններուն համահունչ, միեւնոյնն է` յատկապէս Արեւմուտքէն ժամանած լրագրողները հակուած չեն աչք փակելու ակնյայտ իրողութիւններու վրայ եւ վերածուելու քարոզչական գործիքներու:
Ըստ Panorama.am-ի խնդրոյ առարկայ հրապարակման հեղինակը իր նիւթին մէջ հարկ համարած է ընթերցողին տեղեկացնել, որ ապրիլեան 4-օրեայ պատերազմի աւարտէն միայն 20 օրեր յետոյ, Ազրպէյճանի իշխանութիւնները արտօնած են արեւմտեան լրագրողներուն այցելել Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի սահմանային հատուած` յիշեցնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու եւ իրադարձութիւնները տեղւոյն վրայ լուսաբանելու հնարաւորութիւն ունեցած են Ապրիլի սկիզբը` բուն իրադարձութիւններու ընթացքին:
Այնուհետեւ լրագրողը կ՛ակնարկէ, որ Ազրպէյճանի մէջ իշխանութիւնները սահմանափակած էին իրենց հնարաւորութիւնները:
«Ազրպէյճանի կառավարութիւնը մեզ եւ քանի մը այլ լրագրողներու զգուշօրէն կազմակերպուած այցի ծիրէն ներս՝ տարաւ քանի մը գիւղեր եւ երկու հիւանդանոցներ», իր նիւթին մէջ կը նշէ հեղինակը եւ կը փաստէ, որ ազրպէյճանցիներէն մէկը իր զոհուած եղբօր նկարը ձեռքին սպասած է իրենց, մինչեւ զինք եւ միւս լրագրողները տեղափոխող հանրակառքը մօտենայ իրենց:
Հարկ է նկատել, որ հեղինակը իր գրիչով առ ոչինչ դարձուցած է՝ քարոզչական նպատակներով լրատուական-պտոյտ կազմակերպած Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն ջանքերը:
Ան հակամարտութեան առնչուող թէ՛ եզրաբանութեան եւ թէ՛ քարոզչական թեզերու կիրառման հարցով դրսեւորած է անկողմնակալութիւն ու իրավիճակը նկարագրած է առարկայականօրէն: Օրինակ խուսափած է պնդել, թէ հակամարտութեան կողմ է Հայաստանը եւ հակառակ ազրպէյճանցի զրուցակիցներու պնդումներուն՝ ընգծած է, որ խօսքը Հայաստանի աջակցութիւնը վայելող Լեռնային Ղարաբաղի մասին է. «Հայաստանը կը յայտարարէ, որ անմիջական ներգրաւուածութիւն չունի հակամարտութեան մէջ եւ որ վիճելի տարածք Լեռնային Ղարաբաղի հայերը կը պայքարին իրենց ինքնորոշման իրաւունքի իրացման համար»:
Լրագրողի շարք մը այլ ձեւակերպումներ եւս, ինչպէս օրինակ «Ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ ճակատային գիծ», «Ազրպէյճանը հակամարտութիւնը շատ տարբեր կը մեկնաբանէ, բայց այդ հակամարտութիւնը ունի հին եւ բարդ պատմութիւն», նոյնպէս կը հետապնդեն Ազրպէյճանի միակողմանի պնդումները չեղարկելու խնդիր:
Ամփոփելով պէտք է արձանագրենք, որ արեւմտեան լրատուամիջոցներն ու լրագրողները հակառակ որոշ շահերու, հաւատարիմ են իրենց դաւանած արժէքներուն: Ասիկա իր հերթին կը վկայէ, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու հաշուարկները սխալ են բոլոր ուղղութիւններով, որուն մասին կը վկայեն ոչ միայն ռազմական ու քաղաքական, այլեւ տեղեկատուական ոլորտին մէջ գործած սխալները: