Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

«Որպէսզի Մոռացումը Չներէ Ոճիրին»

                                                                                                         ՏՈՔԹ. ԳԱՐԼՕ ԱԳԱԹՉԵՐԵԱՆ
                                                                                                           (Փրոֆ. Բժշկութեան)  

Նման՝ մեր «Սերունդի» շատերուն, որոնք չենթարկուեցան մեր ազգին բնաջնջման, մենք զայն տեսանք եւ ապրեցանք, մեր ծնողներուն տխուր նայուածքներուն եւ հայրենասէր երգերուն ընդմէջէն, որոնք կարծես արձագանգն էին մանկութիւն չունեցող եւ անաւարտ երազներու տէր եղող մեր տղոց:

Հրաշքով վերապրող մեր ծնողները, իրենց սիրելիներուն շատերը ստիպուեցան լքել անապատի կիզիչ արեւին եւ աւազին եւ կամ ալ Եփրատի կարմիր ջուրերուն, առանց որ մեզի փոխանցեն մղձաւանջը՝ ահն ու սարսափը սպանդին եւ նահատակութեան տառապանքը, իրենց պզտիկ պատմութիւններուն ընդմէջէն:

Սփիւռքի ափերուն մենք դարձանք Լիբանանցի, ինչպէս ուրիշներ մեր սերունդէն եղան ֆրանսացի, իտալացի, ամերիկացի եւ կամ գանատացի: Լիբանանի մէջ հայութիւնը սորվեցաւ արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուները ու իրենց ազգային պատմութիւնը, յաջս մեր լեզուին ու պատմութեան: Սերտեցինք Շարլըմանը, առանց որ ծանօթանանք մեր Միհրդատ թագաւորին եւ Մեծն Տիգրանին ու Սասունցի Դաւիթին: Տիրացանք արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներուն, թէեւ մեզմէ ոմանք զրկուեցան նոյնիսկ իրենց լեզուն սորվելէ: Հիացանք Հիւկոյին եւ Վերնոյին վրայ, առանց որ ծանօթանանք մեր աննման Չարենցին, Տէրեանին եւ Լ. Շանթին:

Հակառակ մեր Հայրենիքին սովետականացումին, եւ քիչ մը անթափանցելի եւ անհասանելի թուելուն, մեզմէ ոմանք յաջողեցան հայօրէն ապրիլ եւ գոյատեւել աշխարհի բոլոր ծագերուն: Ապրեցանք ուրիշներու պէս, առանց իրենց նմանելու: Այս բոլորը շնորհիւ մեր ծնողներուն մեզի ներմուծած հայրենասիրութեան անմար կրակին: Իրենց շունչով եւ խորհրդաւոր դրուագներով, որոնց յիշատակը կը մնայ անմար:

Երբ առաջին անգամ ոտք դրինք հայրենի հողին վրայ, հոն է որ զգացինք իրական հայու իսկական ինքնութիւնը, թօթափելով մեր մէջէն երկ-քաղաքացիութեան զգացումը:

Ճեմելով Խ. Աբովեանի, Սայեաթ Նովայի, Մ. Նալպանտեանի փողոցներու մայթերուն վրայ, Արամ Խաչատուրեանի սքանչելի արձանին առջեւ, երբ ամէնուր հայ խօսք, հայ երգեր կը լսէինք, ուր ամէն կողմ հայկական դրօշ կը ծածանէր՝ եւ հայ զինուորը կը հսկէր, անկոտրում եւ ուշիմ ժողովուրդի մը զաւակը, աներեւակայելի ապրում ունեցանք:

Աւելին՝ Ծիծեռնակաբերդի սքանչելի կոթողին դիմաց, խրոխտօրէն կանգնած, զգացինք պատկանելիութիւնը ժողովուրդի մը, որ յաւերժութեան կ’երթայ իր մշտանորոգ պատմական յիշողութեան շնորհիւ, այն քաջ համոզումով, որ մարդկութիւնը պիտի չուշանայ պատժելու յանցագործը, եւ արդար լուծում տալու իր հարիւրամեայ Ցեղասպանութեան: Մեր գլուխը դէպի երկինք, նայուածքը սրբազան լեռ Արարատի (գոցուած մեզմէ բիրտօրէն), իր շքեղ մեծութեան մէջ, բարձրաձայն կը գոռա. «ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ, զոր շարունակ դրժեր են, յիշեցնելու համար Հրանդ Տինքի ոճրագործներուն, թէ նոր Ցեղասպանութիւն մըն է, որ գործեցին կանգնելով Յուշարձան մը՝ «հայերու կողմէ Ջարդուած թուրքերուն»: Մերժողական իրենց դիրքէն անցնելով անխիղճ « ՏԳԻՏՈՒԹԵԱՆ»:

                                                                                        «Լորէան Լէ Ժիւր»
Թարգմանեց՝ ԳՐԻԳՈՐ ԳՈՃԱՕՂԼԱՆԵԱՆ

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին