Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Նշումը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի Մէջ

Երէկուան Օսմանեան կայսրութեան Երիտթուրքերը, որոնց ձեռքով տեղի ունեցաւ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը, այսօրուան թուրքերն են, փաստը Հրանդ Տինքի սպանութիւնը եւ վերջերս Արցախի հիւսիս- արեւելեան սահմաններուն վրայ տեղի ունեցած ազերիական յարձակումներն են: Հայաստանը աշխարհի քարտէսէն ջնջելու եւ հայ ժողովուրդը բնաջնջելու քաղաքականութիւնը այսօր եւս կը շարունակուի՝ մեր ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ եւ անոր ցեղակից Ազրպէյճանի կողմէ: Ինչպէս նաեւ այսօր Թուրքիան կը փորձէ ժխտել Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը՝ խուսափելու համար հատուցումէ եւ բռնագրաւուած հողերը վերադարձնելու պարտաւորութենէ:

Ուրբաթ, 22 Ապրիլ 2016-ին տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակի նշումը՝ Վահան Թէքէեան Միջնակարգ վարժարանի Յակոբ Պարսամեան սրահէն ներս:  Միջն. Գ. դասարանի աշակերտուհի Սարին Սարգիսեան, բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն քստմնելի ոճիրներուն, որոնց ենթարկուեցաւ հայ ժողովուրդը: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ մեր ժողովուրդի ցուցաբերած կենսալից ներկայութիւնը, հաւատաւոր պահանջատիրական կեցուածքն ու իմաստուն հետեւողականութիւնը եւ ամենակարեւորը՝ մեր հայորդիներու սխրալի անձնազոհութիւնները բանթուրքիստները պարտութեան մատնեցին…։ Եւ հայը չդարձաւ թանգարանային ցուցափեղկի մէջ բանտարկուած նմոյշ, այլ գոյատեւեց ու կը հետապնդէ իր արդար Դատը: Ապա Նախ Գ. եւ Դ. դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին Պատմական Հայաստանի վեց նահանգները, իսկ Միջն. Բ. դասարանը «Պիտի Իյնաս» խմբային արտասանութիւնը: Միջն. Գ. դասարանէն Փաթիլ Պէքարեան եւ Միջն. Բ. դասարանէն Դալար Գէորգեան եւ Ռուպինա Օհան ներկայացան սրտաճմլիկ պարով մը, որ կը ներկայացնէր Ցեղասպանութեան ձգած հետքը վերապրող հայերու կեանքին մէջ: Նախ. Ա. դասարանը ներկայացաւ «Մեր Մայր Հայրենիքը» երկխօսութեամբ, որմէ ետք յաջորդաբար ներկայացան Նախ. Ե.՝ «Կանք պիտի լինենք» խմբային արտասանութեամբ, Միջն. Գ.՝ Գարլօ Սապունճեան «Հայ Հերոսների» մեներգով, եւ միջն. Բ. դասարանէն Տհոլի ընկերակցութեամբ Փիթըր Մուրատեան:

Միջն. Բ. դասարանը հանդէս եկաւ «Մի Խառնէք Մեզ» խրոխտ երկխօսութեամբ, Միջն. Ե. Եւ Զ. դասարանները ներկայացան  «Ատանայի Կոտորածը» սրտայոյզ խմբերգով, ապա բեմահարթակ բարձրացան Նախ. Բ. դասարանի աշակերտները եւ հայրենասիրական ոգիով տոգորուած արտասանեցին «Ո՞րն Է Պապօ» արտասանութիւնը: Սէլին Յովհաննէսեան՝ Միջն. Ա. դասարանէն «Պիտի Գնանք Վաղ Թէ Ուշ» մեներգով ներկաներուն յուզումը հասցուց իր գագաթնակէտին: Հայկական զինուորական տարազով Նախ. Գ. դասարանէն Մանօ Պորանեան, «Տապանագիր» արտասանութեամբ բոլորը հրաւիրեց իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու Հայրենիքի համար նահատակուած զինուորներուն:

Վերջապէս վարժարանիս ժրաջան տնօրէնուհի Տիկ. Կալինա Նաճարեան իր սիրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ բոլորս հաւաքուած էինք ոգեկոչելու յիշատակը մեր 1.5 միլիոն նահատակներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն զոհ գացած նահատակ բոլոր հերոսներուն: Հաւաքուած էինք անգամ մը եւս ձայն բարձրացնելու Թուրքիոյ պետութեան դէմ ըսելով, թէ 101 տարի ետք հայ ազգը կը մնայ պահանջատէր իր իրաւունքներուն: Ան իր խօսքը եզրափակեց կոչ ուղղելով աշակերտներուն, որ շարունակեն ապրիլ հայօրէն վառ պահելու համար մեր հայկական ինքնութիւնը, ինչպէս նաեւ կառչած մնալ հայկական աւանդութիւններուն, ապրիլ հայօրէն ու զարգացնել հայ լեզուն, մշակոյթն ու պատմութիւնը:

Ապրիլեան ոգեկոչումը հոս կանգ չառաւ: Միջն. Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտութիւնը իրենց  Հայ Գրականութեան եւ Հայոց Պատմութեան դասատու Պրն. Աւետիս Տիպանի  ու տնօրէնուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարան եւ Ապրիլեան յուշակոթողի մատրան առջեւ ծաղկեպսակ մը տեղադրելով, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին սրբադասուած նահատակներու աճիւններուն:

Արդէն իսկ թեւակոխեցինք Հայոց Ցեղասպանութեան երկրորդ հարիւրամեակը, եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը  տարի մը առաջ, առաջին գործնական քայլը առաւ իրաւական մարզէն ներս դատ բանալով Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ,  պահանջելով Սիսի Պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը իր իրաւատիրոջ՝ հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին: Հետեւաբար անհրաժեշտ է մեր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դնել՝ համահայկական այս նպատակին հասնելու համար:

20160422_085812

20160422_091457

20160422_091845

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին