«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ միջազգային հեղինակաւոր լրատուամիջոցները լայնօրէն լուսաբանած են 24 Ապրիլին Հայաստանի մայրաքաղաք՝ Երեւանի մէջ իրականացած «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան մասին:
Ամերիկեան հռչակաւոր The New York Times թերթը գրած է, որ Պուրունտիի Խաղաղութեան տան (Maison Shalom) հիմնադիր Մարկարիտ Պարանկիցէն արժանացած է առաջին մրցանակին ու նշած, որ «Մրցանակը ստեղծուած է ի յիշատակ մէկ դար առաջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան»: Ան կը ներկայացնէ մրցանակակիրին` Պարանկիցէի պատմութիւնը եւ կ՛աւելցնէ, որ բացի ստացած 100 հազար տոլարէն, 1 միլիոն տոլար պիտի տրամադրուի երեք կազմակերպութիւններու` մարդասիրական օգնութեան, որբեր խնամելու եւ երախաներու աղքատութեան դէմ պայքարելու: Նշուած կազմակերպութիւններն են` Fondation du Grand-Duc et de La Grande-Duchesse du Luxembourg (Լիւքսեմպուրկի Մեծ Դուքսի եւ Մեծ Դքսուհիի հիմնադրամ), Fondation Jean-Francois Peterbroeck («Ժան-ֆրանսուա Փեթերպրոք» հիմնադրամ) եւ Fondation Bridderlech Deelen Luxembourg («Պրիտերլեխ Տիլեն» հիմնադրամ):
Իսկ բրիտանական The Telegraph թերթը մէջբերած է մրցանակաբաշխութեան ժամանակ Քլունիի յորդորը աշխարհին. ան կոչ ուղղած է յիշելու, որ փախստականները սովորական մարդիկ են` «ինծի եւ ձեզի նման»: «Պարզագոյն ճշմարտութիւնը այն է, որ մենք բոլորս այս գիշեր այստեղ ենք, որովհետեւ ժամանակին մէկը բարութիւն ըրած է: Մենք բոլորս այն լաւ մարդոց ուսերուն ենք, որոնք չանտեսեցին մեզ, երբ մենք իրենց կարիքը ունէինք», մէջբերած է թերթը` ներկայացնելով Իրլանտայէն եկած Քլունիներու պատմութիւնը: Պարբերականը գրած է, որ «Աւրորա» մրցանակին առաջին յաղթողը այն կինն է, ով 30 հազար մարդիկ փրկած է:
«Անգամ մը Հիթլերը ըսած է. «Սակայն ո՞վ կը յիշէ հայերը: Պատասխանն է` ամբողջ աշխարհը: Ահա թէ ով», ըսած է Ճորճ Քլունի «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան ժամանակ: Իր կարգին The Hollywood Reporter թերթը նշած է, որ յայտնի դերասանն ու գործիչը ամբողջ աշխարհին յորդորած է՝ 1915 թուականին հայոց դէմ իրագործուած կոտորածները որպէս Ցեղասպանութիւն ճանչնալու: Լրատուամիջոցը կը նշէ, որ թէեւ ամբողջ աշխարհի մէջ շատ երկիրներ պաշտօնապէս 1915-ի դէպքերը անուանած են «ցեղասպանութիւն», սակայն ԱՄՆ-ը տակաւին այդ քայլը առած չէ: Թերթը կ՛ընդգծէ, որ այս հարցով Թուրքիան մեծ դիմադրութիւն ցոյց կու տայ:
USA Today լրատուականը կը գրէ՝ «Քլունին կարեւոր ձայն դարձած է ի պաշտպանութիւն այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ չէ ըրած Միացեալ Նահանգները»:
Բրիտանական The Guardian պարբերականը անդրադարձած է «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան ժամանակ յայտնի դերասան Ճորճ Քլունիի ելոյթին գրելով, որ «Օսկարակիր դերասանը պատմած է իր նախնիներու պայքարի պատմութիւնը, որոնք 19-րդ դարուն հեռացած են Իրլանտայէն. ան կոչ ըրած է մարդոց հաւատալու, որ իրենք կրնան եղելութիւններ փոխել»: The Guardian-ը յայտնած է, որ նախքան երեկոյի արարողութիւնը Քլունին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգելու «այն 1.5 միլիոն հայերու յիշատակը, որոնք սպաննուած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ»: «Մրցանակաբաշխութեան ժամանակ Քլունին կոչ ըրած է աշխարհին ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը»,- գրած է բրիտանական լրատուամիջոցը:
«Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան անդրադարձած է նաեւ BBC-ն նշելով, որ ան մարդասիրական մրցանակ է` հիմնուած Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրածներուն կողմէ` ի յիշատակ անոնց, որոնք փրկած են զիրենք: