Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանի Աշակերտները Այցելեցին Ցեղասպանութեան Որբերու Յիշատակին Նուիրուած Թանգարանը

Երեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2016-ին Հ.Բ.Ը.Մ. Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի Զ., Է., Ը., եւ Թ. կարգերու աշակերտները այցելեցին՝ Թռչնոց Բոյնի Ցեղասպանութեան ու որբերու յիշատակին նուիրուած «Արամ Պէզիկեան» թանգարանը:

Թանգարանի մուտքին տեղադրուած էր Մարիա Ճէյքըպսընի դամբարանը, ուր աշակերտները ծաղկեփունջ զետեղեցին եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին այդ վեհոգի անձին, որ հազարաւոր որբերու «մայր» դարձած էր:

Դեռ թանգարանի բակէն մեր հոգիները խռովեցան որբերուն ոտքի հետքերը տեսնելով, աշակերտները զգաստացած ուղղուեցան դէպի թանգարանին մուտքը, անցնելով որբերուն արձաններուն առջեւէն եւ քանի կը մօտենայինք մուտքին, մեր սիրտերը կ’ալեկոծէին՝ մանաւանդ երբ ձայնային սարքաւորումով լսեցինք որբերուն լացի ձայները, իսկ մուտքին զետեղուած անլեզու զանգակը կը խորհրդանշէր հայ ժողովուրդի գոյատեւելու կամքը:  Թուրքը այդ լեզուն փրցնելով փորձեց լռեցնել վերջին հայուն՝ որբին ձայնը, բայց չյաջողեցաւ. այդ զանգակը միշտ եւ անդադար պիտի հնչէ:

Թանգարանը բաղկացած էր երեք բաժիններէ՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան, որբերու կեանքին եւ հայ ժողովուրդի վերածննդեան:

Աշակերտները ականատես եղան Ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերու առօրեան ու կենցաղը պատմող իրերու, պատկերներու եւ վկայութիւններու:  Անոնք երկար կանգնեցան յատկապէս անուանացանկի պատին առջեւ՝ փնտռելով հարազատ անուններ:

Կարմիրեանի աշակերտներու յիշողութեան մէջ վառ պիտի մնան որբերու ապրած թշուառ կեանքը եւ տոգորուած անոնց վճռակամութեամբ ու հաւատքով պիտի շարունակեն անոնց սրբազան գործը՝ տէր կանգնիլ Հայ Դատին եւ Արցախին:

1-Genocide Museum

3-Genocide Museum

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին