ՀՀ արտաքին գործոց փոխ նախարար Շաւարշ Քոչարեան՝ անդրադառնալով ԼՂ հիմնախնդիրին շուրջ բանակցային գործընթացի ներկայ աշխուժացման ըսած է․ «Չի կարելի հաշուի չառնել Ազրպէյճանի յարձակողական պահուածքը, որ արդէն երեք եռակողմ պայմանագիրեր խախտած է: Ապագայ բանակցային գործընթացը որպէս մեկնակէտ կ’ունենայ հետեւեալ դրոյթները` նախ անհրաժեշտ է դադրեցնել կրակը, որովհետեւ երբ կը կրակեն անհնար է բանակցութիւններ վարել: Երկրորդ` անհրաժեշտ է հաշուի առնել, որ մենք գործ ունինք կողմի մը հետ, որ կը հրաժարի իր կողմէ ընդունուած միջազգային պարտաւորութիւններէն: Կը նշանակէ, որ ապագային եւս որեւէ փուլի մէջ անոնք կրնան հրաժարիլ իրենց ստորագրութիւններէն»:
Ըստ Yerkir.am-ի Քոչարեան այսպիսով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի Երեւան կատարելիք երկօրեայ այցին ընդառաջ՝ կը յստակացնէ բանակցութիւններու շարունակման հետ կապուած հայկական կողմին դիրքորոշումը, ըստ որուն փաստօրէն այս պահուն կարգաւորման սկզբունքներուն եւ մեքենականութիւններուն շուրջ բանակցութիւնները անհնար են: Այսինքն հայկական կողմը կը մերժէ այս փուլին իր կողմէ որեւէ զիջման ակնկալիքի վրայ հիմնուած հնարաւոր առաջարկ:
Երեւանի դիրքորոշումը կը կառուցուի երեք կէտերու վրայ: Առաջին` Ապրիլի քառօրեայ պատերազմը ոչ միայն ռազմական, այլ նաեւ քաղաքական առումով իրավիճակը փոխած է` անկախ այն հանգամանքէն, որ ազրպէյճանական յարձակման հետեւանքով բնագիծերը փոփոխութեան չեն ենթարկուած եւ իրավիճակի այդ փոփոխութիւնը չի կրնար հաշուի չառնուիլ յետագայ բանակցութիւններու ընթացքին:
Երկրորդ` հայկական կողմը կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններու մէջ չ՛ուզեր մտնել, քանի դեռ հրադադարը ամբողջութեամբ վերականգնուած չէ: Պէտք է ենթադրել, որ Երեւանի հիմնական ակնկալիքը Ազրպէյճանի կողմէ ծանր հրետանին, զրահամեքենաները եւ պահեստային ուժերը առաջնագիծէն ետ քաշելն է: Երեւանը կը հասկցնէ, որ չի պատրաստուիր բանակցիլ հրանօթներու փողերու ճնշման եւ նոր յարձակումներու սպառնալիքի ներքոյ, որ Պաքուն ակնյայտօրէն կը կիրառէ իբրեւ բանակցութիւններու վրայ ներգործելու դիւանագիտական-հոգեբանական միջոց:
Երրորդ` որեւէ բանակցութիւն անիմաստ է, քանի որ Պաքուն իր ստանձնած պայմանագրային պարտաւորութիւնները չի կատարեր: Որեւէ երաշխիք չի կրնար ըլլալ, որ կարգաւորման որեւէ փուլի ընթացքին, ընդհուպ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելէ ետք, Պաքուն կրկին պիտի չհրաժարի իր պարտաւորութիւններէն եւ նոր ռազմական յարձակման պիտի չդիմէ` ներկայացնելով այլ պահանջներ: Այս կէտով հայկական կողմը նաեւ կասկածի տակ կը դնէ հաստատուելիք խաղաղութիւնը երաշխաւորելու, միջազգային իրաւունքի ծիրէն ներս ապահովագրելու` միջազգային հանրութեան եւ Ռուսաստանի կարողութիւնը: Շաւարշ Քոչարեանի ուղերձի ենթահողը այս առումով հետեւեալն է` մինչեւ Ազրպէյճանի սանձերը չքաշէք, հայկական կողմը ներկայ իրավիճակէն շեղման որեւէ քայլի պիտի չերթայ:
Փաստօրէն Լաւրովի այցէն առաջ Երեւանը զգալիօրէն եւ կտրուկ կը կոշտացնէ իր դիրքորոշումները: Դեռ Ապրիլ 8-ին երբ ղարաբաղեան արիւնալի շարժումէն ետք, առաջին անգամ Լաւրովը Պաքուի մէջ յայտարարեց կարգաւորման չափազանց մօտ ըլլալու, սեղանին գտնուող կարգաւորման քանի մը տարբերակներու եւ կողմերու միջեւ բանակցային նոր գործընթաց սկսելու մասին, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Բալայեանը արձագանգեց, որ հայկական կողմը պատրաստ է բանակցութիւնները շարունակելու մատրիտեան սկզբունքներու` 2011-ի դրդուած Կազանեան փաստաթուղթի ծիրին մէջ: Օրեր անց այս միտքը Հանրային հեռուստաընկերութեամբ կրկնեց նաեւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանը` նշելով, որ բացի Կազանեան փաստաթուղթէն, մնացեալ բոլոր տարբերակները իբրեւ մերժուած կամ ձախողած, ի պահ տրուած են ԵԱՀԿ Վիեննայի գրասենեակին: Հիմա փաստօրէն Երեւանը կը հասկցնէ, որ անգամ ատիկա քննարկելը կը համարուի ժամանակավրէպ:
Պէտք է ենթադրել, որ հայկական կողմի դիրքորոշման այսպիսի կտրուկ շրջադարձի վրայ ազդած են քանի մը գործօններ: Առաջինը բնականաբար զօրքերը առաջնագիծէն չհեռացնելու` Ազրպէյճանի յամառութիւնն է: Պատերազմի սպառնալիքի տակ բանակցութիւնները կրնան ըլլալ ոչ թէ փոխզիջումներու, այլ միակողմանի զիջումներու տրամաբանութեան մէջ, որուն յարմարիլը հայկական կողմին համար ինքնասպանութիւն է:
Երկրորդ` Լաւրովի այցէն առաջ Քրեմլինը իսկական տեղակատուական-քարոզչական յարձակում սկսաւ Երեւանի ուղղութեամբ` տեղեկատուական արտահոսքի ձեւով շրջանառութեան մէջ դնելով ԼՂ հիմնահարցի կարգաւորման Մոսկուայի ծրագիրը, որուն ամբողջ իմաստը երերուն խաղաղութեան խոստման դիմաց՝ այս փուլին հայկական կողմէն նախկին ԼՂԻՄ-ին յարակից շրջաններու մէկ մասը Ազրպէյճանին յանձնելն էր` ԼՂ կարգավիճակի որոշման հարցը փաստացի լղոզելու միջոցով: Մոսկուան այդպիսով փորձեց Երեւանը նախապատրաստել Լաւրովի այցին հետ կապուած ճնշումներուն` թերեւս ակնկալելով, որ ՀՀ իշխանութիւնները պիտի սկսին իրենց հերթին հայաստանեան եւ ղարաբաղեան հասարակութիւնը նախապատրաստել տարածքային զիջումներու անխուսափելիութեան: Նման բան սակայն տեղի չունեցաւ: Ընդհակառակը` Երեւանը պաշտօնապէս հաստատեց, որ կը պատրաստուի ոչ թէ գլուխը կախ լսել ՌԴ արտաքին գործոց նախարարին, այլ անկէ բացատրութիւններ ստանալ ԼՂ հարցով եւ յատկապէս Ապրիլեան պատերազմի ծիրէն ներս Մոսկուայի դրսեւորած դաշնակցային յարաբերութիւններու տրամաբանութեան մէջ չտեղաւորուող, ընդհուպ` դաւադրական վարքագիծին կապակցութեամբ:
Երկու օր առաջ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին՝ ՀՀ նախագահի մամուլի քարտուղար Վլատիմիր Յակոբեանը նշած էր. «Սերկէյ Լաւրովի այցը Հայաստան լաւ առիթ կը հանդիսանայ` շարունակելու Ապրիլի սկզբին ԼՂ-ի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած լայնամաշտաբ յարձակողական գործողութիւններու, Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւններու, խաղաղ բնակչութեան դէմ յանցագործութիւններու առնչութեամբ Ռուսիոյ մօտեցումներու վերաբերեալ քննարկումները, ինչպէս նաեւ բանակցային գործընթացի հեռանկարներու դիտարկումը, որուն էութիւնը անկասկած ԼՂ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրացումն է»: Յակոբեանը նաեւ նշած էր, որ Երեւանը եւ Ստեփանակերտը մշտապէս աջակցութիւն յայտնած են ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահներու դիրքորոշումներուն, որով դժգոհութիւն յայտնած է բանակցութիւնները առանձին տնօրինելու եւ ուղղորդելու, ատով Մինսքի Խումբի եռանախագահութեան ձեւաչափը արժէզրկելու` Մոսկուայի ներկայ ուղեգիծին կապակցութեամբ:
Մոսկուա-Երեւան տեղեկատուական-քարոզչական այս փոխհրաձգութիւնը ցոյց կու տայ, որ Երեւանի մէջ չափազանց դժուար խօսակցութիւն կը սպասուի Լաւրովի հետ: Ամբողջ հարցը այն է, թէ արդեօ՞ք հայկական կողմը փակ դռներու ետին ալ պիտի գործէ` իր հրապարակային կոշտ մօտեցումներուն համապատասխան: