*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
Կարծիքի ազատութեան ջատագով հանդիսանալով տեղ կու տանք այս գրութեան, հոն արտայայտուած կարգ մը տեսակէտներուն հանդէպ որոշ վերապահութիւններով։
«Խմբ.»
Ոեւէ ապրող բոյս, անասուն կամ մարդ արարած բնականէն կ’ուզէ բազմանալ ու բազմանալ, բազմապատկուիլ՝ այդպիսով իր գոյութիւնը ապահոված կ’ըլլայ աւելիով:
Ուրեմն պատմութիւնը արշաւանքներու եւ պատերազմներու անվերջ շարան է, ու հեռու է մինչեւ մարդը հասնի իր գերագոյն աստիճանի ապրելակերպին՝ բանականութեան շնորհիւ:
Անցնինք պատերազմներուն: Սան Սթեֆանոյի համաձայնագիրէն՝ Պերլինի վեհաժողովի… 61րդ յօդուածին, որ էր ոչ-հայանպաստ: Մանրամասնութիւնը՝ պատմագիտական ամպիոններու թողունք, եւ…։ Մէջբերում մը՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի մէկ յօդուածէն՝ վերնագրուած «1661, Արցախ, Հայաստան, Օրակարգերը, Հովանաւոր եւ Գործ» ուր կ’ըսէ՝ «թէ Ռուսաստանը միշտ ալ կրնար պատրուակներ գտնել կամ յարուցանել եւ երկարաձգել իր բանակներուն կեցութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի, Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան ծայրամասերուն, մեր պապենական հողերուն մէջ: Մենք կ’օգտուէինք՝ առնուազն առկայ չարեաց փոքրագոյնին ենթարկուելով»:
«Միշտ ալ կրնար», ի՞նչ հաստատակամութեամբ կը գրուին այս տողերը: Անվաւեր են: Եթէ կրնար, ինչո՞ւ չըրաւ։ Ներքին պարագաներ կան, որոնցմէ տեղեակ ըլլալու ենք: Ռուսիա չէ՞ր ուզեր իրեն նպաստաւոր քայլ առնել…։ Չէ՞ որ իր բուն նպատակը «տաք ջուրեր»ն էին:
Իսկ 1917-ին Լենին «տուն դարձ»-ի կոչ ուղղեց, ռուսական բանակը Էրզրում հասած էր, նահանջեց՝ առիթ տալով թրքական յառաջխաղացքին. ինչո՞ւ…։ Ով գիտէ ինչ-ինչ կապերու եւ հաշիւներու իբր արդիւնք: Այս կէտը զիս անամոքելի կերպով խոցած է, մանաւանդ Վահան Տէրեան իր նամակներէն մէկուն մէջ կ’ըսէ, թէ ինք Լենինին բացատրած է, թէ որքա՜ն աղետալի կրնայ ըլլալ այդ քայլը Արեւմտահայութեան համար: Եւ Տէրեան կուսակցական գործակիցն էր Լենինին…։ Ո՛վ զո՛վ պիտի լսէ…։
Որոշ է, որ ամէն ոք, ամէն ազգ իր սեփական շահերը կը հետապնդէ եւ միշտ թերութիւններ ու հաշիւի սխալներ անխուսափելի են:
Ու պատմութիւնը կ’ընթանայ:
Սակայն գրութեանս բուն պատճառը կը խորհիմ, թէ ցաւ մըն է, որ կ’ապրիմ, այդ ալ ընդհանուր մէկ երեւոյթ կարծէք դարձած է կամ դառնալու վրայ է, մանաւանդ արցախեան վերջին այս քառօրեայ պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք՝ գրգռել հակառուս տրամադրութիւն: Ի շահ որո՞ւ…։ Եւ այս՝ գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, հայհոյանք նախագահէն մինչեւ դիմատետրեան իգականները, որոնք չեն ամչնար հայհոյանքով խօսիլ, եւ ան ալ ՝թրքերէն բառերով:
Ո՞ւր կ’երթանք…։