Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ֆիլմը Cinepolitica Միջազգային Փառատօնին

Պուխարեսթի մէջ կայացած ռումանական Սինեփոլիթիքա (Cinepolitica) միջազգային 5-րդ փառատօնի մրցոյթային ֆիլմերու ծրագիրին մէջ, ընդգրկուած է նաեւ «Քամիի յիշողութիւնները» ֆիլմը, որ կ՝անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:

Ֆիլմը ցուցադրուած է Ապրիլ 17-ին, Պուխարեսթի Ֆրանսական ուսումնարանի Էլվիրէ Բոբեսքիի շարժանկար-թատերասրահին մէջ:

Թուրքիա/Գերմանիա/Ֆրանսա/Վրաստանի 2015-ի համատեղ արտադրութեան՝ 124 վայրկեան տեւողութեամբ այդ ֆիլմի բեմադրիչն է համշենահայ Օզճան Ալպերը (Ozcan Alper): Գլխաւոր դերերը կատարած են Օնուր Սայլաքը (Onur Saylak), Սոֆիա Խանդամիրովան (Sofya Khandemirova) եւ Մուսթաֆա Ուղուրլուն (Mustafa Ugurlu):

«Քամիի յիշողութիւնները» ֆիլմը կը պատմէ, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ իր կեանքը փրկելու համար, քաղաքական պատճառներով Սթամպուլէն փախած նկարիչ ու թարգմանիչ Արամ Տէմիրճեանի պատմութիւնը: Շարժանկարին դէպքերը տեղի կ՛ունենան 1943-ին, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-ին պատահած Հայող Ցեղասպանութեան հետեւանքներու մասին բանաստեղծական խորհրդածութիւն է: Ֆիլմի գլխաւոր հերոսը թրքահայ նկարիչ է, որ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն, ղեկավարող իշխանութեան կողմէ կը կասկածուի կոմունիզմի հանդէպ համակրանք ունենալու մէջ: Հանգամանքներէն ելլելով  ան ապաստան կը գտնէ Խորհրդային միութեան ու Վրաստանի սահմանին վրայ: Վայրի ու վիթխարի բնապատկերի մէջ, գլխաւոր հերոսը կը վերապրի իր տառապանքն ու վախը` փորձելով փախչիլ իր արուեստին մէջ: Հնարաւոր երկրորդ Ցեղասպանութիւն սկսելու վախը կը հետապնդէ զինք, մանաւանդ որ ան իր ընտանիքէն միակ վերապրածն է:

Ֆիլմի թեման, որ մինչեւ վերջերս թապու էր, թոյլ կու տայ բեմադրիչին ներկայացնելու անցեալի այլ մարդկային տրամաները, ինչպէս օրինակ Անգարայի քաղաքական համակարգի ու 1940-ական թուականներու նացիզմի միջեւ հսկայական նմանութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին