*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*
Նախորդ յօդուածով մը նշած էինք, որ այն հազուաթիւ պատմաբաններէն, որոնք Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը մերժեն, Կանթըր Լուի (Guenter Lewy) անուն հեղինակ մը կայ, որ իր գիրքով՝ «Հայկական Ջարդերը Օսմանեան Թուրքիոյ Մէջ», կու գայ յայտնելու, որ թէեւ հայ ժողովուրդէն մաս մը ջարդուած է թուրքերու կողմէ, սակայն երբեք կարելի չէ զայն Ցեղասպանութիւն կոչել:
Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնեմ նշուած գիրքին 6րդ գլուխէն քաղուած հատուած մը:
«Այն հեղինակները, որոնք Ցեղասպանութիւնը կը պաշտպանեն՝ կը պնդեն, որ բազմաթիւ փաստաթուղթեր կան, որոնք կը ծառայեն որպէս անհերքելի վկայութիւն, թէ «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» Երիտթուրքերու քաղաքական կուսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ թրքական կառավարութիւնը, ձեռնարկած են ծրագրել եւ ամբողջովին բնաջնջել հայ համայնքը: Փաստաթուղթերը, որոնք գործածուած են այս ամբաստանութիւնը վաւերացնելու, կը պարունակեն հեռագիրներ, որոնք կը կարծուի, թէ ղրկուած են Թուրքիոյ ներքին նախարար՝ Թալաթ փաշայի կողմէ: Նշուած հեռագիրներով Թալաթ փաշա կը հրամայէր, որ բնաջնջեն հայ ցեղը ամէն տեղ: Նման փաստաթուղթեր ներկայացուած են նաեւ՝ Երիտթուրքերու կողմէ կազմակերպուած ջարդերու իրագործողներու դատավարութիւններու ընթացքին 1919-20 թուականներուն: «Յատուկ Ծրագիր»ը պատրաստուած եւ յանձնուած էր իւրայատուկ ուժերու, որպէսզի իրագործեն բնաջնջումը:
Արամ Անտոնեան եւ «Նայիմ Պէյի Յուշերը»
Արամ Անտոնեան 1914-ին զինւորագրեալ հայ մըն էր. 1915-ին ձերբակալուածներու եւ աքսորուածներու թիւին մէջն էր: Շարք մը փախուստի փորձերէ եւ կրկին ձերբակալուելէ ետք, ան կը հասնի Հալէպ եւ ձեւով մը կը յաջողի կեցութեան արտօնագիր մը ապահովել: 1918 թուականին, երբ քաղաքը կ’ազատագրուի բրիտանական ջոկատներու կողմէ, Անտոնեան կը սկսի հաւաքել գաղթէն ազատած հայերու վկայութիւնները: Ան նաեւ կապի մէջ կը մտէ նախկին թուրք պաշտօնեայի մը հետ՝ Նայիմ Պէյ անունով, որ աքսորի պատասխանատու յանձնախումբին գլխաւոր քարտուղարն էր Հալէպի մէջ: Նայիմ Պէյ Անտոնեանին կը յանձնէ իր յուշերը, զորս մեծ քանակով պաշտօնական փաստաթուղթեր, հեռագիրներ եւ հրահանգներ կը պարունակէին, որոնք ան ձեռք ձգած էր իր պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանին : Անտոնեան կը թարգմանէ այս յուշերը հայերէնի եւ որոշ յետաձգումէ մը ետք կը հրատարակէ զայն նախ հայերէնով, ապա ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Հայերէն լեզուով հրատարակութիւնը, որ 1921-ին Պոստոնի մէջ լոյս կը տեսնէ «Մեծ Ոճիրը» անունով, ամենաամբողջական օրինակն է: Անգլերէն եւ ֆրանսերէն տպագրութիւնները, որոնք 1920-ին Լոնտոնի եւ Փարիզի մէջ լոյս տեսած են, կ’ընդգրկեն արմատական տարբերութիւններ հայերէնի օրինակէն, ինչպէս նաեւ իրարմէ: Օրինակի համար անգլերէն օրինակին մէջ յիշուած թուրք պաշտօնեաներու խօսքերը ներկայացուած են, որպէս Անտոնեանի բերնով պատմուած: Ֆրանսերէն օրինակին մէջ դժուար կ’ըլլայ որոշել, թէ նշուած բնագիրը Նայիմ Պէյի կամ Անտոնեանի կողմէ գրուած է: Ֆրանսերէն օրինակին մէջ շատ մը հատուածներ (168 էջեր), անգլերէնի մէջ բոլորովին ջնջուած են:
Ֆրանսերէն օրինակին մէջ Documents officiel concernant les massacres armeniens, 50 փաստաթուղթերէ կը բաղկանայ, ներառեալ կարծեցեալ հեռագիրներ Թալաթ փաշայէն : Անգլերէն օրինակին մէջ, որուն վերնագիրն է The Memoir of Naim Bey: Turkish official Document Relating to the deportation and Massacres of Armenians, կը բաղկանայ 48 փաստաթուղթերէ, որոնց 30-ը յիշուած են որպէս Թալաթ փաշայի հեռագիրները: Այս փաստաթուղթերը, յատկապէս անոնք որոնք պատերազմի ժամանակաշրջանի պաշտօնավարող ներքին գործոց նախարարին կը պատկանին, անկասկածելիօրէն ամենազօրաւոր փաստերն են, որ հայերու կողմէ կը գործածուին: Եթէ զանոնք ընդունինք որպէս վաւերական, անոնք կը փաստեն, թէ Թալաթ փաշա հրաման արձակած էր բնաջնջելու բոլոր թուրքահայերը, առանց խտրութիւն դնելու տղամարդու, կնկայ կամ երախաներու միջեւ:
Գիրքին մէջ շատ մը այլ փաստաթուղթեր կը մատնանշեն, որ «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութիւնը, ինքն ալ ձեռք ունեցած է բնաջնջումի ծրագիրին մէջ: 25 Մարտ 1915-ին ղրկուած հրամանագիր մը կը յայտարարէ՝ «մեր բոլորին պարտականութիւնն է, որ մաս կազմենք ամենաազդու կերպով, այդ վեհ ծրագիրին, որն է բնաջնջել ներկայ եղող ամբողջ հայութիւնը, որոնք դարեր շարունակ արգելք եղած են Կայսրութեան քաղաքակրթութեան յառաջդիմութեան» : 16 Սեպտեմբեր 1915 թուականը կրող հեռագիր մը ղրկուած Թալաթ փաշայէն կը նշէ, որ «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութիւնը որոշում առած է՝ բնաջնջելու Թուրքիոյ մէջ ապրող ամբողջ հայութիւնը: Անոնք որոնք կը մերժեն գործադրել այս որոշումը, չեն կրնար թրքական կայսրութեան կառավարական մարմինին մաս կազմել: Վերջ պէտք է դրուի գոյութիւն ունեցող հայութեան, որքան որ վայրագ ըլլան սոյն ծրագիրը ի գործ դնելու միջոցները: Ոչ մէկ զանազանութիւն պէտք է դրուի սեռի կամ տարիքի»: Գիրքին մէջ այլ փաստաթուղթ մըն ալ կայ՝ «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան կողմէ ղրկուած հեռագիրի, որ 16 Փետրուար 1915թուականը կը կրէ, որ կ’ըսուի. « Ճամաիյաթ»ը [Յառաջդիմութիւն եւ Միութիւն կուսակցութիւնը] որոշում առած է փրկելու հայրենիքը այս անիծեալ ցեղէն եւ իր հայրենասէր ուսերուն վրայ կ’առնէ այն աղարտը, որ նման արարքով մը պիտի պղծէ Օսմանեան պատմութիւնը»:
Ճամաիյաթը անկարող է մոռնալու անցեալի բոլոր դառնութիւնները: Ապագայի յոյսով լեցուն, ան որոշում առաւ բնաջնջել ամբողջ հայութիւնը, առանց իսկ հատ մը ողջ ձգելու: Այս իմաստով ան կառավարութեան տուած է ծաւալուն տեսութիւն մը»:
Թալաթ փաշայի անգթութիւնը կրկնուող թեմա մըն է այս փաստաթուղթերու մէջ: Առանց թուականի հեռագիր մը ներքին գործոց նախարարէն յղուած Հալէպի իշխանութիւններուն, հրաման կու տայ «հաւաքելու հայ մանուկները եւ տանելու զիրենք հեռակայ վայրեր ու սպաննել»: 21 Սեպտեմբեր 1915-ին Թալաթ կը տեղեկացնէ Հալէպի կառավարիչին՝ «կարիքը չկայ որբանոցներ կառուցելու: Ժամանակը չէ ցաւակցելու որբերուն: Անապատ ղրկէ զանոնք եւ մեզի տեղեկացուր»: Ուրիշ մէկ առանց թուականի հեռագիրի մը մէջ ան կը հրամայէ՝ «շարունակեցէք մանուկներու տեղահանութիւնը, նոյնիսկ ամենացուրտ օրերուն, որով պիտի կարենանք ապահովել անոնց յաւիտենական հանգիստը»:
Անտոնեանի գործին մէջ ուրուագծուած Թալաթի պատկերը, կը ներկայացնէ հայու հանդէպ Թալաթի ունեցած գաղափարը կազմող գլխաւոր ազդակը եւ անոր 1915-ին դէպքերու կապակցութեամբ ունեցած դերը: Օրինակի համար 20 Դեկտեմբեր 1913-ին Պոլսոյ Բրիտանական դեսպանատան պաշտօնեայ Լուի Մալէթ (Louis Mallet), Լոնտոն ուղարկած իր տեղեկագիրին մէջ կը յայտնէ, թէ հայերը վստահութիւն ունին Թալաթի վրայ… «բայց վախ ունին, որ միշտ Թալաթի նման լաւահամբաւ նախարար մը չունենան»: Նմանպէս գերմանացի միսիոնար Լիբարիթ (Liparit), որ 1914-ի Դեկտեմբերին Թուրքիա այցելած էր կը գրէ, որ «Թալաթ անցնող 6 տարիներու ընթացքին ցուցաբերած իր վարմունքով այն համբաւը շահած է, որ ինք վստահելի բարեկամ մըն է հայութեան»: Նոյնպէս շատեր, որոնք յետագային Թալաթի հետ շփում ունեցած են, միեւնոյն դրական ձեւով արտայայտուած են Թալաթի մասին: Ուիլիամ Փիթ (William Peet), որ Պոլսոյ մէջ հայոց օգնելու միջազգային կազմակերպութեան մը գլխաւորողն էր, կը գրէ՝ «Թալաթ միշտ յատուկ ուշադրութիւն կը ցուցաբերէր իմ խնդրանքներուս նկատմամբ: Ան միշտ կ’ըսէր ինծի՝ մենք բարեկամներ ենք, ինչպէս կրնամ օգտակար ըլլալ քեզի այսօր»: Պէրնըսթոֆ (Bernstorff ) 1917-էն 1918 Թուրքիոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպանը կը գրէ, թէ Թալաթի ջանքերը հայերու հասցէին կատարուած ոճիրները կասեցնելու համար ապարդիւն եղան: Բայց ես զինք միշտ նկատած եմ որպէս «արդար մարդ»:
Կրնա՞յ ըլլալ, որ թուրք պետական գործիչը ժամանակ մը ետք դարձաւ վայրագ թշնամին հայութեան: Կամ կրնա՞յ ըլլալ, որ հայեր 1915-ի դէպքերէն ետք հարցը բոլորովին շրջուած հասկցան»: