Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Հայկական Ֆեմինիզմի Ինքնադրսեւորման Լաւագոյն Առիթը…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Երէկ թերթիս բարեկամ Պրն. Գէորգ Եազըճեանէն տարածելու խնդրանքով ստացայ հետեւեալ լուրը.

«Էլիզ Սոմունճեան անունով հայուհին հաւանաբար 1919-ին արտասահմանէն կու գայ Հայաստանի Հանրապետութիւն՝ կռուելու համար հայոց թշնամիներուն դէմ: Երբ անոր կ՛առաջարկուի որ գոնէ իբրեւ բուժքոյր միանայ Հ. Հ.ի բանակին, ան կտրականապէս կը մերժէ եւ յամառօրէն կը պահանջէ զինք միացնել գործող բանակին՝ ճակատի առաջին գիծին վրայ կռուելու համար (տեղեկութեան աղբիւրը՝ «Յառաջ» օրաթերթ, Փարիզ, 18 Սեպտեմբեր 1964, էջ 2, մէջտեղը)»:

«Ահա՛ հայ կնոջ իսկական կերպարը». իր ե-նամակը եզրափակած էր Եազըճեան:

Երկրորդելով թերթիս բարեկամին հաստատումը ես ալ իմ կողմէս կ՛ուզեմ նաեւ աւելցնել, որ ահա՛ այս է իմ հասկացողութեամբ՝ ֆեմինիզմը եւ ո՛չ թէ տղամարդուն ձեռնոց նետող ու մարտահրաւէր կարդացող կամ  անոր բարդոյթը ունեցող կարգ մը կիներու յառաջ քշած «Կիներու Իրաւունք» (սխալ)հասկացողութիւնը…:

Եթէ մօտաւորապէս հարիւր տարիներն առաջ հայ կինը այսպիսի սխրանք ցոյց տուած է, ապա այսօր ալ ան նոյնը կրնայ ընել։ Պատմութեան մէջ ալ հայ կինը հայ զինուորին թիկունքը եւ հետը եղած է Հայրենիքի պաշտպանութեան կռիւի ժամանակ։ Ըստ երեւոյթին յաջորդ հանգրուանին աւելի եւս բուռն զարգացումներ կը սպասուին հայ-ազերիաթրքական սահմանին վրայ  (արեւելեանէն բացի նաեւ արեւմտեան կողմն ալ…)։ Ահաւասիկ հայկական ֆեմինիզմի ինքնադրսեւորման լաւագոյն առիթը, հայ կռուող մարտիկին թեւ ու թիկունք ըլլալու մարտադաշտին վրայ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին