Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ, Ապրիլի սկիզբի նոր բռնկումը բազմաթիւ մարդոց կեանք խլեց:
Ազրպէյճան խախտած է 1994 թուականին կնքուած հրադադարը: Թէեւ կրակը դադրած է, սակայն իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ անկայուն: Ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցող վերջին բախումներուն եւ ատոր զուգահեռ ընթացող քաղաքական զարգացումներուն՝ ըստ «Արցախփրես»-ի անդրադարձած է հեղինակաւոր The Huffington Post պարբերականը:
Յօդուածի հեղինակներ Տէյվիտ Ֆիլիփս եւ Վան Գրիգորեան կը նշեն, որ Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսիան պէտք է աւելի գործօն դարձնեն իրենց միջնորդութիւնը:
«Բանակցային գործընթացին մէջ պէտք է ներառուին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները: ԱՄՆի օրէնքը կը նախատեսէ պատժամիջոցներ կիրառել Ազրպէյճանի նկատմամբ, եթէ այդ երկիրը թշնամական գործողութիւններու դիմէ: Օպամայի վարչակազմը պէտք է կիրառէ Ազատութեան աջակցութեան մասին օրէնքի 907-րդ յօդուածը, որով տնտեսական եւ դիւանագիտական պատժամիջոցներ պէտք է կիրառուին Ազրպէյճանի նկատմամբ` զսպելու անոր յարձակումները», կը գրեն հեղինակները:
Ներկայացնելով հակամարտութեան պատմութիւնը անոնք կը նշեն, որ ԼՂ ժողովուրդը 1991 թուականին հանրաքուէ իրականացուցած է, որուն արդիւնքով քրիստոնեայ հայերը քուէարկած են իսլամական Ազրպէյճանէն անկախանալու օգտին: Դեռ 1992 թուականին ԱՄՆ նախագահ Ճորճ Պուշ ստորագրած էր Ազատութեան աջակցութեան մասին օրէնքի 907-րդ յօդուածը, որ կ՛արգիլէ օգնութիւն տրամադրել Ազրպէյճանին՝ եթէ այդ երկիրը ռազմական գործողութիւններ իրականացնէ ընդդէմ Հայաստանի կամ Լեռնային Ղարաբաղի: Հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր ԱՄՆի ղեկավարող վարչակարգը խնդիրը խաղաղ, բանակցային ճանապարհով լուծելու յանձնառութիւն ստանձնած է:
Յօդուածին հեղինակաները կը նշեն, որ «սառեցուած հակամարտութեան մէջ» լարուածութիւնը վերջին տարիներուն կ՛աւելնայ: Միջազգային հանրութեան անգործութիւնը կը քաջալերէ Ազրպէյճանին դիմելու նոր յարձակումներու: Երկիրը վերջին շրջանին 4 միլիառ տոլար ծախսած է Ռուսիայէն զէնք գնելու, եւ նոյն այդ զէնքերը օգտագործուած են ԼՂ-ի մէջ վերջին յարձակումներու ժամանակ:
Տէյվիտ Ֆիլիփսը եւ Վան Գրիգորեանը կը փաստեն, որ ԼՂ-ի մէջ իր սանձարձակութիւններուն ժամանակ Ազրպէյճանը միայնակ չէ եղած: Ականատեսներու վկայութիւններով իրանական սահմանին մօտ թրքական զօրքեր ու զինուորական սարքեր եղած են: Իսկ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան շտապած է յայտարարելու, որ իրենք կ՛աջակցին Ազրպէյճանին, քանի դեռ այդ երկիրը «չէ վերադարձուցած Լեռնային Ղարաբաղը»:
«Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր իշխանութիւնը պահպանելու համար կը յենի քարիւղի վաճառքին, խաւիարային դիւանագիտութեան եւ հիմնարար ազատութիւններու նկատմամբ իշխանութեան ճնշումներու վրայ: Քարիւղի վերջին գինի անկումէն ետք, Ազրպէյճանի տնտեսութիւնը եւս անկում կ՛ապրի, իսկ ազգային դրամը արժէքազրկուած է: Երկիրի քաղաքացիական հասարակութիւնը կը շարունակէ ընդդիմանալ՝ լրագրողներու եւ իրաւապաշտպաններու նկատմամբ վարչակարգի ոտնձգութիւններուն դէմ: Հայաստանի հետ թէկուզ կարճատեւ պատերազմի հրահրումը նպատակ ունի՝ ազրպէյճանցիներուն ուշադրութիւնը շեղել վարչակարգի խախտումներէն եւ տնտեսական անապահովութենէ», կը գրեն յօդուածին հեղինակները:
Անոնք կը փաստեն, որ ԼՂ հակամարտութիւնը զինուած կարգաւորում չի կրնար ունենալ: Ինչ կը վերաբերի Մինսքի խումբին անոնք կը նշեն, որ խումբը պէտք է վերականգնէ բանակցային լիակատար ձեւաչափը` Լեռնային Ղարաբաղը դարձնելով քաղաքական բանակցութիւններու մասնակիցը: