Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Նոր Հրատարակութիւններ

Պատրաստեց ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ

– Աթոյեան Վարդան (հետազօտական խումբի ղեկավար) եւ ուրիշներ, «Հայաստանի Բուհական Վերլուծական Կենտրոնները», Հայաստանի Պետական Տնտեսագիտական Համալսարանի եւ «Նորավանք» Գիտա-Կրթական Հիմնադրամի համատեղ հրատարակութիւն, «Ամբերդ» մատենաշար, թիւ 27, Երեւան, 2015, 58 էջ (17.4 x 24.1 սմ.) (հակիրճ տեղեկութիւններ Հ. Հ.ի համալսարանական համակարգին մէջ գործող գիտա-վերլուծական 28 կեդրոններու, անոնց հիմնադրութեան, հետազօտութեան առարկաներու, ղեկավար կազմի, կապի տուեալներու եւն.ի մասին):

– «Անդրանիկ Օզանեան – 150», Հ. Հ. Գ. Ա. Ա. Պատմութեան Հիմնարկի հրատարակութիւն, «Մեսրոպ Արք. Աշճեան» մատենաշար, Երեւան, 2015 (Պատմութեան Հիմնարկին մէջ 25 Փետրուար 2015-ին կայացած գիտաժողովի 10 զեկուցումները եւ յաւելուած՝ Զօրավարի զինուորներէն Գրիգոր Ղազարեանի յուշերը Անդրանիկի մասին):

– Գաբիկեան Խորէն, «Եղեռնապատում Սեբաստիոյ», հայերէնէ թարգմանիչ՝ Քնարիկ Տէր Դաւթեան, Երեւան, 2016 (ռուսերէն):

– Զարդարեան Ռուբէն, «Յօդուածներ», աշխատակցութեամբ Սեւան Տէյիրմենճեանի, հրատարակութիւն «Ժամանակ – 100 Տարի» մատենաշարի, թիւ 3, Սթամպուլ, 2015:

– «Հ. Մ. Ը. Մ.ի Ընդհանուր Ծրագիր-Կանոնագիր (Պատգամաւորական 11-րդ Ընդհանուր Ժողովի Բարեփոխումներով)», հրատարակութիւն Հ. Մ. Ը. Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան, Պէյրութ, 2016:

– «Հարիւրամեակ Հայկական Ցեղասպանութեան. Հետեւանքներ Եւ Յառաջադրանքներ», հրատարակութիւն Հայկազեան Համալսարանի, Պէյրութ, 2015, 238 էջ (համալսարանին մէջ 31 Յունուար – 1 Փետրուար 2015-ին տեղի ունեցած գիտաժողովի նիւթերը):

– Ճէրէճեան Եղիկ, «Մեծն Մուրատ», «Հրասիրտները» մատենաշար, թիւ 1, «Մեսրոպ Արք. Աշճեան» մատենաշար, թիւ 138, հրատարակութիւն Հ. Հ. Գ. Ա. Ա.ի Պատմութեան Հիմնարկի, Երեւան, 2016, 248 էջ:

– Մանուէլեան Արմէն, «Էներկեթիք Անվտանգութիւնը Եւ Աշխարհաքաղաքական Մարտահրաւէրները Կովկաս-Կասպեան Տարածաշրջանում», գիտական խմբագիր՝ Աշոտ Ենգոյեան, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 260 էջ (14.5 x  19.9 սմ.)  (ազրպէյճանական նաւթը եւ կազը իբրեւ տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական գործօն եւ այդ ծիրին մէջ Արցախեան հարցն ու անոր զարգացումները, ռուսերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ, նաւթային ընկերութեանց եւ խողովակաշարներու ցանկ, օգտագործուած գրականութեան ցանկ):

– Միսկարեան Լալա, «Սուրիական Օրագրութիւն», խմբագիր՝ Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան, հրատարակութիւն Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի թիւ 83, Անթիլիաս, 2016, 374 էջ (սուրիական պատերազմի օրագրային արձանագրութիւններ՝ նախապէս լոյս տեսած սփիւռքահայ մամուլին մէջ):

 

– Մսըրլեան Զաւէն, «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Քաղաքականութիւնը Եւ Հայկական Հարցը (1939-2010)», հայերէնէ թարգմանեց Մարալ Օ. Սարգիսեան-Գալուստեան, տպարան «Շմալի եւ Շմալի», Պէյրութ, 2015 (անգլերէն):

– Մսըրլեան Զաւէն, «Հայկական Հարցի Հոլովոյթը (1939-2010)», հայերէնէ թարգմանեց Մարալ Օ. Սարգիսեան-Գալուստեան, տպարան «Շմալի եւ Շմալի», Պէյրութ, 2015 (անգլերէն):

– Յովհաննիսեան Նիքոլայ, «Քրտերի Մասնակցութիւնը Հայերի Ցեղասպանութեանը – Քրտական Գործօնը Արեւմտեան Հայաստանի Հարցի Լուծման Հայկական Հայեցակարգում», հրատարակութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Երեւան, 2016, 84 էջ (13.9 x 19.5 սմ.) (Հայոց Ցեղասպանութեան տարբեր փուլերուն քիւրտերու աշխոյժ եւ անհերքելի մասնակցութիւնը, քրտական արդի յաւակնութիւնները Հայոց Հայրենիքի տարածքներուն նկատմամբ եւ քրտական գործօնը իբրեւ լուրջ խոչընդոտ Հայ Դատի արդարացի լուծման, քարտէսներ, հեղինակին կենսագրութիւնը):

– Շերիֆ Ալաա եւ Պաղտատի Ֆիքրէթ, «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցը», հրատարակութիւն «ալ-Մասարա» հաստատութեան, Պաղտատ, 2016 (արաբերէն):

– Սարգսեան Արմէն (կազմող-բանահաւաք եւ հրատարակութեան պատրաստող), «Արցախի Բանահիւսութիւնը», Երեւան, 2016 (Արցախի աւելի քան 160 բնակավայրերէ 1992-2015 ժամանակաշրջանին հաւաքուած բանահիւսական նիւթեր):

– Տագէսեան Անդրանիկ, «Լիբանանի Հայօճախը», Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն, Պէյրութ, 2016 (Լիբանանի մէջ հայ գաղթականներու համարկման փուլերն ու առանձնայատկութիւնները):

– Փոլատեան Արշակ (կազմող, վերաքննող եւ ուսումնասիրող), «Արեւմտեան Վկայութիւններ Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին», «ալ-Շարք» հրատարակչութիւն, Տամասկոս, 2016, 325 էջ (արաբերէն):

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին