Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Հարցազրոյց  Արուեստագէտ Աւօ  Տեմիրճեանի Հետ

«Հայ Ըլլալը Նախապատուութիւն  Է Եւ  Փոխադարձ  Օժանդակութիւնը  Հրամայական»

Տաղանդաւոր եւ երիտասարդ  երաժիշտ,«էլեքթրիք» ջութակահար Աւօ  Տեմիրճեան, համերգ մը կազմակերպած է  15 Ապրիլ 2016-ին,  հանրածանօթ  DEMCO  հաստատութեան մէջ:  Համերգին  հասոյթը պիտի  տրամադրուի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան: Գնահատելի այս նախաձեռնութեան նախօրէին, անհրաժեշտ նկատեցինք  հանդիպում մը ունենալ Աւոյին հետ:  Պայմանաւորուեցանք եւ հանդիպեցանք: Աւոն սիրայօժար  պատասխանեց  ուղղուած  հարցումներուն, զորս կը  ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն:

Հարցում.  Ո՞ր  տարիքէն սկսեալ  Ձեր հետաքրրքութիւնդ աւելցած է  երաժշտութեան  հանդէպ: Ո՞վ  Ձեզի  մղած է  երաժշտութեան:

Պատասխան. Մեր ընտանիքին մէջ մնայուն ներկայութիւն եղած է երաժշտութիւնը: Ծնողքս երաժշտութեան հետ  շփուած  անձեր եղած  են: Հայրս ջութակ կը նուագէր, մայրս դաշնամուր: Մանկութիւնս  այդ  մթնոլորտին մէջ  բոլորած եմ  եւ  բնականաբար ներշնչուած երաժշտութեան հանդէպ անոնց  հակումէն: Քոյրս՝ Ալիսիան դաշնամուր կը նուագէ: Իրականութեան մէջ ան շատ տաղանդաւոր դաշնակահարուհի մըն է: Ներկայիս  կ’ապրի Լոնտոն: Ես այսպիսի  միջավայրի մէջ հասակ նետած եմ:  Հետեւած եմ  դասական երաժշտութեան եւ երաժշտական  ունկնդրութիւններու: Հինգ տարեկան էի, երբ  հայրս՝ Աւետիսը  զիս  մղեց  ջութակի դասընթացքներու: Խորքին մէջ  շատ դժուար էր ջութակի գաղտնիքներուն տիրապետել: Այս մէկը կը զգայի ուսման տարիներուն, երբ առնուազն  չորս  ժամ կը  խլէր  իւրաքանչիւր  դասընթացք: Հայրս  բաւական սկզբունքային ըլլալով, զիս  համոզեց որպէսզի անպայման տիրապետեմ այդ կախարդական գործիքի գաղտնիքներուն:  Տասը տարի  շարունակ հետեւած եմ  ջութակի դասընթացքներու:

Երբ տասնհինգ տարեկան դարձայ, դադրեցուցի ջութակը  եւ սկսայ «էլեքթրիք» կիթառի հետեւիլ:  Տարի մը ամբողջ  կիթառ  նուագեցի: Սակայն այն համոզումին եկայ, թէ  սխալ պիտի ըլլար երկար տարիներ  ջութակի հետեւելէ ետք զայն լքել եւ այլ  գործիքի մը նուիրուիլ: Որոշեցի  միջին  ճանապարհ մը գտնել՝ դասական  ջութակին եւ «էլեքթրիք»  կիթառին միջեւ: Այս մտածումներուս  եզրակացութիւնը  դարձաւ «էլեքթրիք»  ջութակը: Տասնվեց  տարեկանէն  մինչեւ օրս կը  նուագեմ  «էլեքթրիք»  ջութակ:

Հարց. Կ’իմանամ, թէ դուք կը յօրինէք  Ձեր նուագած կտորները:

Պատ.  Այո  ճիշդ է: Տասնութ տարեկան էի երբ  կատարեցի առաջին փորձերս: Այդ տարիքիս Լիբանանի մէջ կարգ մը բարեկամներու հետ կազմեցինք ARC ANE  երաժշտական խումբը: Մեր առաջին երգապնակը  հրապարակ իջաւ  2003-ին: Խումբը մեծ յաջողութիւններ  արձանագրեց եւ  բազմաթիւ համերգներու  հրաւէր ստացանք: 2006 Յուլիսին Լիբանանի մէջ ծայր առած պատերազմին  հետեւանքով մեկնեցայ Պոսթըն եւ  հետեւեցայ  տնտեսագիտութեան:  Պատերազմի աւարտին  անմիջապէս  վերադարձայ Լիբանան:  Պոսթըն կեցութեանս միջոցին ուսման կողքին, ազատ ժամերս տրամադրեցի  երաժշտութեան  եւ անշուշտ յօրինումներու: Ընդհանրապէս կը գրէի խմբային  ստեղծագործութիւններ, որոնց մէջ անպայման նկատի ունէի ջութակը:

Լիբանան  վերադառնալէ ետք, 2009-ին երկու այլ  երաժիշտներու հետ՝  Ճոն Լահամի եւ    Գառնիկ Պաղտասարեանի կազմեցի EpiSode  խումբը:  Շուրջ  չորս տարիներ աւելի  քան  երեսունհինգ համերգներ  կազմակերպեցինք:  Ընդհանրապէս մեր համերգները  բարեսիրական ծրագիրներու կը յատկացնէինք: Եկաւ  պահ մը, երբ նախընտրեցի առանձին  շարունակել երաժշտական ասպարէզը:  Ժամանակը եկած էր արտայայտելու  իմ դրոշմս եւ ներշնչումներս  կրող երաժշտութիւնը: Մօտ օրէն  հրապարակի  վրայ պիտի  տեսնէք   EpiSode անունը կրող տեսահոլովակ մը: Խորքին մէջ  անոր երաժշտութիւնը սկսած եմ  գրել  EpiSode խումբին հետ գործակցութեան տարիներէն: Շատ գոհ եմ, որ վարպետ կատարողներու հետ ծանօթանալով, երաժշտական  լայն  փորձառութիւն  ձեռք բերի, մինչեւ անհատական ասպարէզ մուտքս:

Հարց. Ինչո՞ւ որոշեցիք  վերադառնալ  ջութակին:

Պատ.  «Էլեքթրիք» կիթառը բաւական հետաքրքրական ըլլալով հանդերձ, պահ մը եկայ այն համոզումին, որ  ջութակն է  իմ կոչումս, յատկապէս «էլեքթրիք»  ջութակը: Մինչեւ օրս կը փորձեմ ներդաշնակութիւն  ստեղծել  երկու  գործիքներուն միջեւ:

Պոսթընի մէջ  բաւական  խորունկ բարեկամութիւններ հաստատեցի  ծանօթ երաժշտագէտներու հետ: Արտասահմանի մէջ իւրաքանչիւր երաժիշտ մշակութային  դէմք մըն է ինքին եւ  ուղղութեան մը ներկայացուցիչը: Լիբանանի մէջ  դժբախտաբար կը բացակայի  մշակութային կեանքի այս դաշտը:  Մեծ  երաժիշտներ ունինք, սակայն  քիչեր կը գնահատեն կամ կը  հետեւին անոնց արուեստին: Այս  իմաստով Յարութ  Ֆազլեանը իմ կարծիքով   երաժշտական մեծ  հեղինակութիւն մըն է: Յարութ Ֆազլեանը  ծանօթ  է իբրեւ  դասական երաժշտութեան բեմավար, մինչդեռ միաժամանակ  շատ լաւ կը հասկնայ Ճազ եւ  ռոք երաժշտութիւնը,  լաւապէս  իւրացուցած է երաժշտութեան տարբեր երեսները: Չեմ կասկածիր, որ  Լիբանանի մէջ  ունինք  տաղանդաւոր երաժշտագէտներ: Դժբախտաբար ժողովուրդը  բաւարար  տեղեկութիւն  չունի  այս արժէքներուն մասին, որովհետեւ  մշակութային ենթահողը շատ մակերեսային է Լիբանանի մէջ:

Հարց.  Երաժշտական ո՞ր խումբերը  ներգործութիւն  ունեցած են Ձեր վրայ:

Պատ.   Շատ մը խումբեր, սկսելու համար  Queen-էն:  Աւելի ուշ Փորքիուփայն  Թրի, Սիմֆոնի Էքս, Տրիմ Թիյէթըր եւ այլ խումբեր:  Իսկ  իբրեւ  նախատիպ ունեցած եմ Անտրէ  Ռիյէոն: Անտրէ Ռիյէոն մեծ ջութակահար մը ըլլաով  հանդերձ,  յաջողակ գործավար մըն է: Իմ կեանքիս  ուղեցոյց ընդունած եմ Անտրէ  Ռիյէոն: Ես ալ  անոր նման կ’ունենամ բարեսիրական համերգներ:

Հարց. Ի՞նչ կը  փորձես  արտայայտել ստեղծագործութիւններուդ մէջ:

Պատ.  Մեր ամէնօրեայ կեանքը, մտահոգութիւնները, զգացումները: Վերցնենք մօտերս հրապարակուելիք  EpiSode  տեսահոլովակը: Առաջին իսկ նուագէն իւրաքանչիւր  կտոր,  կեանքի տարբեր  հանգրուաններու մեկնաբանութիւն մըն է: Ծնունդ, մանկութիւն, կեանք, մահ, եւայլն:  Փորձած եմ տարիքի համապատասխան, անհատի մը  զգացած ապրումները արտայայտել: Զանոնք  կ’արտայայտեմ այնպէս, ինչպէս կը զգամ:  Հանդիսատեսին եւ ունկնդիրին զուտ  ներշնչումներս  կը փոխանցեմ:  Այս իմաստով շատ  ուրախ եմ, որ    թեւակոխած եմ ինքզինքս արտայայտելու հանգրուանը: Ուրախ եմ ստեղծագործութիւններովս: Կը փափաքիմ, որ հանդիսատեսը  զիս  ընդունի եւ  ճանչնայ  այնպէս, ինչպէս որ կը զգամ: Բաւական խորթ  եմ  առեւտրական, աժան  երաժշտութեան:  Իմ երաժշտութիւնս  այսօր  կրնայ   չունենալ որեւէ պատգամ: Սակայն  շատ հաւանաբար կեանքի որոշ մէկ հանգրուանին, պիտի   մտածեմ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին  երաժշտութիւն յօրինել: Այս մէկը արդէն պիտի  ըլլայ պատգամ: Ներշնչումը նոյնքան անհրաժեշտ է  պատգամ հաղորդելու  իմաստով:

Նոր տեսահոլովակս  կարելի պիտի  ըլլայ ձեռք բերել Վըրճին վաճառատան  մօտ, Ապրիլի առաջին օրերէն սկսեալ, ինչպէս նաեւ համերգի ընթացքին:

Միւս  կողմէ ինծի ցաւ կը  պատճառէ  դասական երաժշտութեան հանդէպ  համընդհանուր անտարբերութիւնը: Դժբախտաբար  բոլոր երաժշտութիւններուն  հիմնաքարը  նկատուող դասական երաժշտութիւնը՝  հետզհետէ  տեղի կու տայ  ժամանակակից աժան երաժշտութեան:  Ժողովուրդը նուազ կ’ունկնդրէ դասական երաժշտութիւն: Ժողովուրդը կը  հետեւի աժան, մակերեսային երաժշտութեան: Այսուհանդերձ  առեւտրական որոշ  խումբեր  ինչպէս  «Ռատիոհետ»ը եւ «Գոլտփլէյ»ը կը ներկայացնեն որակ եւ ինքնութիւն:Բայց ես կը զարմանամ եւ կը ցաւիմ Ճասթին Փիփըրի նման անձերու գտած  յաջողութեան, շատ ցաւալի է…:

Հարց.  Սերժ Թանքեանը  2012-ին Պէյրութ այցելեց: Նոյն  բեմին վրայ նաեւ  վայելեցինք Ձեր  ելոյթը:

Պատ. Այո,  Սերժ Թանքեանը  Լիբանան  եկաւ 2012-ին եւ միեւնոյն բեմին վրայ տեղի ունեցաւ   երեք փուլերէ բաղկացող համերգ մը: EpiSode խումբը  առաջին մասը կատարեց:  Այլին Խաչատրեանը՝ երկրորդը եւ  Սերժ Թանքեանը՝ երրորդը:  Գործակցութիւնէ աւելի նոյն բեմին վրայ  համերգ  մըն էր  պարզապէս:

Հարց.  Վերադառնանք DEMCO  հաստատութեան մէջ  բարեսիրական նպատակով,  15 Ապրիլ 2016-ին  նախատեսուած  Ձեր  համերգին: ի՞նչ է  համերգին նպատակը:

Պատ. Այս  համերգը  կը հետապնդէ  քանի մը նպատակներ: Կ’ուզեմ նշել, թէ արդէն երկու տարի անցած է հրապարակային վերջին համերգէս:  Երկրորդ՝ հանրութիւնը առիթը  պիտի ունենայ ծանօթանալու  նոր տեսահոլովակիս: Երրորդը եւ ամենակարեւորը՝  իմ կողմէս  օժանդակութիւն մը  Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան: Լիբանանահայ  համայնքին համար բաւական կարեւոր եւ  լուրջ մտահոգութիւն դարձած է  մեր  այսօրուան կրթական  իրավիճակը: Մտադրած եմ երաժշտութեան  ճանապարհով  նպաստս բերել մեր  համայնքը  յուզող այս  կարեւոր  հարցին:   Նախապէս Քաղցկեղի  եւ  Սրտաբանական կեդրոններու, «Ժպիտ»  ճաշարանի  եւ այլ բարեսիրական  հաստատութիւններու համար  կազմակերպած եմ  համերգներ:

Կը մաղթեմ, որ հայ համայնքը քաջալերէ եւ մասնակցի այս համերգին:  Համոզուած եմ, որ  մենք պարտաւոր ենք  գործելու իբրեւ հաւաքականութիւն: Մենք պէտք է  գիտակցինք՝ հայ ըլլալ  չի նշանակեր գոյն ունենալ: Հայ  ըլլալը  նախապատուութիւն մըն է եւ փոխադարձ  օժանդակութիւնը հրամայական: Այս համերգը բոլոր հայերուն համար է: Ուրախ եմ իմ հայկական արմատներովս եւ պատասխանատուութիւն մը ունիմ իմ համայնքիս հանդէպ: Համերգին նպատակն ալ  ճիշդ այդ է:

Հարց.  Սրտցաւ մատնանշումներ: Անկասկած DEMCO  հաստատութեան մէջ պիտի  հանդիպինք  15 Ապրիլ 2016-ի երեկոյեան:  Մինչ այդ   ընդունեցէք ստեղծագործական նորանոր յաջողութիւններու մեր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները:

Պատ. Շնորհակալութիւն

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին