Մեթր ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Ելլելով մեր խօսքի ու կարծիքի ազատութեան սկզբունքէն, ստորեւ կը ներկայացնենք մեր երէց աշխատակիցին յօդուածը, որոշ վերապահութիւններով հոն արտայայտուած կարգ մը միտքերու շուրջ։
«Խմբ.»
Ազատախոհ «Զարթօնք» օրաթերթի 17,18,19 եւ 20 Փետր. 2016 թուակիր համարներուն մէջ, հրատարակուեցաւ տարագիր արեւմտահայութեան երէց սերունդի հրապարակագիրներէն եւ խմբագիրներէն՝ պայծառատես ու յառաջապահ Աւետիս Եափուճեանի գրախօսականը, իմ «Մեր Հողային Պահանջատիրութիւնը Միջազգային Իրաւունքին Մէջ» խորագրով հատորին մասին, որուն մէջ ան արծարծած է կարգ մը հարցեր եւ կատարած կարգ մը հարցումներ, որոնք չարչրկած են իր միտքը եւ վերջաւորութեան գրած. «Շատ ուրախ պիտի ըլլայի եթէ մեթր Գ. Տէրտէրեան որպէս իրաւաբան զանոնք լուսաբանէր իրաւական կողմով»:
Ասիկա հազուադէպ երեւոյթ մըն է Սփիւռքի «Արշակաւան»ին մէջ, ուր ոչ հարցապնդող կայ եւ ոչ ալ պատասխանող հաշուետուներ…: Ես խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աւետիս Եափուճեանին եւ գնահատանքս «Զարթօնք»ի ազատախօսութեան ու կը պատասխանեմ այդ հարցերուն եւ հարցադրումներուն՝ «իրաւական կողմով»:
- Տարագիր Արեւմտահայութեան Համաշխարհային Քոնկրէսի (ՏԱՀՔ) Ինչո՞ւ Ընտրովի Եւ Ո՞վ Պիտի Ընտրէ
ՏԱՀՔ-ը որպէսզի ձեռք բերէ միջազգային հանգամանք կամ իրաւական անձնաւորութիւն (Personne Juridique), պարտի ըլլալ կեդրոնական, ներկայացուցչական եւ իրաւական միակ լիազօր մարմինը Տարագիր Արեւմտահայութեան՝ իր այս հանգամանքով կարենալ պահանջելու համար Արեւմտահայաստանը: Այդ մարմինը չի կրնար ներկայացուցչական նկատուիլ Միջազգային Հանրային Իրաւունքին կողմէ ՝ եթէ ընտրովի չէ, այսինքն եթէ ընտրուած չէ Տարագիր Արեւմտահայոց կողմէ: Այս է հարցին իրաւական կողմը:
Իսկ թէ ինչպէ՞ս տեղի պիտի ունենայ ընտրութիւնը, ատիկա հարցին կազմակերպչական կողմն է, որուն մասին մանրամասնօրէն խօսուած է գիրքիս մէջ:
- ՄԱԿ-ը Պիտի Ընդունի Երկու Հայաստաններու Անդամակցութիւնը
Նախ՝ պատմականօրէն, մէկէ աւելի հայաստաններ միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են՝ շատ աւելի երկար դարերու տեւողութեան, քան միաւորուած Հայաստանը: Մեծ Հայք, Փոքր Հայք, Բիւզանդահայք, Պարսկահայք, Ռուսահայաստան, խորհրդային Հայաստան, Արեւելահայաստան եւ Արեւմտահայաստան, որոնք իրարմէ անջատ քաղաքա-կառավարման միաւորներ եղած են միջազգային հարթակի վրայ:
Յետոյ՝ Արեւելահայաստան եւ Արցախ երկու հայաստաններ չե՞ն, կամ՝ Կիլիկեան Հայաստանը Հայաստան չէ՞ր:
Հուսկ՝ ՄԱԿ-ը ճանչցած է Արեւմտեան Գերմանիան եւ Արեւելեանը, Հիւսիսային Քորէան եւ Հարաւայինը, նաեւ Հիւսիսային Վիէթնամը եւ Հարաւայինը: ՄԱԿ-ը պիտի ճանչնայ նաեւ՝ Արեւմտեան Հայաստանը Արեւելեանին եւ Արցախի հանրապետութեան հետ միասին, որոնք եթէ ապագային միաւորուին կ’ունենանք միացեալ Հայաստան: 1919թ. «Միացեալ Հայաստան»ի միակողմանի՝ անիրաւական ու ցանկատեսական, եւ ազգային գերագոյն շահերուն վնասող յայտարարութիւն էր՝ Ա. Հանրապետութեան Շոփէնհաուէրեան կամայապաշտ (volontariste) փիլիսոփայութեան հետեւանքով:
ՏԱՀՔ-ն է միակ իրաւատէրը Արեւմտահայաստանին: Արեւելահայաստանը այսօր կրնայ իրաւունքատիրութիւն ընել Ուիլսընեան Հայաստանին եւ եթէ Թուրքիան առարկէ, թէ Արեւելահայաստանը իրաւունք չունի պահանջելու Արեւմտահայաստանի նահանգները, ՏԱՀՔ-ը երբ կազմուի, արեւմտահայութեան անունով կրնայ պահանջել այդ նահանգներուն կցումը Արեւելահայաստանին: Հետեւաբար ՏԱՀՔ-ը անհրաժեշտութիւն մըն է հողային մեր պահանջատիրութեան յաջողութեան համար, քանի որ ՏԱՀՔ-ի կազմակերպումը պահանջն է Միջազգային հանրային իրաւունքին:
- Ինչո՞ւ Տարագիր Արեւմտահայուն Արեւելահայաստանի քաղաքացիութիւն առնելը կը զրկէ զինք հայրենազուրկի զէնքէն, եւ արդէն իսկ օտար երկիրի քաղաքացիութիւնը չի զրկեր
Որովհետեւ օտար ազգապետութիւններու հպատակութիւնը ազգային հայրենիք չի տար, քանի որ հպատակութիւնը դեռ հայրենիք չի նշանակեր: Օտար ազգապետութիւններու հպատակները կամ քաղաքացիները չեն պատկանիր միեւնոյն ազգի մը կամ Էթնիի մը (Ethnos): Արեւելահայաստանը հայկական ազգային Հայրենիք է, եւ ուրեմն Արեւելահայաստանի քաղաքացիութիւնը արեւմտահայ հայրենազուրկ տարագիրին կու տայ Հայրենիք եւ ան կը դադրի հայրենազուրկ ըլլալէ ու կը զրկուի Հայրենիք վերադարձի իրաւունքէն , քանի որ արդէն իր ազատ կամքով ընտրած է իր Հայրենիքը… որ իրեն բռնի պարտադրուած չէ…: Եւ Միջազգային Հանրային Իրաւունքը կը ճանչնայ միայն՝ հայրենիք մը ունենալու իրաւունքը եւ ոչ հայրենիքներ:
Դրամատիրական տնտեսակարգի եւ հասարակարգի ծնունդ ազգապետութիւնը ազգութիւն չունի, այլ՝ ազգութիւնը եւ Էթնին փոխարինած է պետութեամբ՝ պետութիւն, որ իր քաղաքացիին կու տայ հայկականութիւն միայն, եւ ոչ թէ պատմամշակութային առումով հայրենիք: Եւ քանի որ ազգութիւնը եւ էթնին նոյնական չեն հպատակութեան հետ, ՄԱԿ-ի 2007 թուի Պայմանակցութիւնը որդեգրեց «Բնիկ ժողովուրդներու Իրաւանց Հռչակագիր»ը, որ եկաւ յաւելելու Ալճերիոյ 1976թ. «Ժողովուրդներու Իրաւանց Տիեզերական Հռչակագիր»ին վրայ: Եւ այս երկու հռչակագիրերը կը ճանչնան պետականազուրկ ժողովուրդներու իրաւական անձնաւորութիւնը՝ եթէ անոնք կազմակերպուին կեդրոնական, ներկայացուցչական (ընտրովի) եւ իրաւական Միակ լիազօր կառոյցի մը մէջ: Նախնական, նախապատիւ կապը հողին ու պատմութեան հետ (primordial ties) անկորնչելի եւ անփոխարինելի…:
- Աշխարհի մեծ տէրութիւնները որոնք միշտ դաշնակցած են թշնամի Թուրքիոյ հետ, թոյլ պիտի տա՞ն, որ ՄԱԿ-ը ճանչնայ ՏԱՀՔ-ը եւ Արեւմտահայաստանը
Տիեզերքի մէջ ոչինչ անշարժ է եւ անփոփոխ: ՊԱԿ-ը ճանաչում ստացաւ ՄԱԿ-էն հակառակ ԱՄՆ-ի, Իսրայէլի, Թուրքիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ եւ իրենց դաշնակիցներուն ընդդիմութեան, քանի որ 20րդ դարու 70-ականներուն աշխարհը ունէր երկբեւեռ համակարգ՝ ԱՄՆ-ի գլխաւորած դրամատիրական եւ Սովետ Միութեան գլխաւորած սոցիալիստական ճակատներով: Երբ Սոցիալիստական ճակատը կազմալուծուեցաւ, ԱՄՆ-ը իր արբանեակներով հաստատեց միաբեւեռ աշխարհակարգը եւ ՊԱԿ-ը դատապարտուեցաւ տեղքայլի: Բայց 21րդ դարու սկիզբէն երբ կապիտալիզմի ճակատը մտաւ իր մայրամուտի հանգրուանը, միաբեւեռ աշխարհակարգը սկսաւ խալխըլիլ դէպի վայրէջք, եւ վերելքը սկսաւ բազմաբեւեռ աշխարհակարգին (Շանկհայի համագործակցութեան Ուխտ, BRICS, Լատին Ամերիկեան եւն) Փութինի Ռուսաստանի առաջնորդութեամբ, 2012 թուին ՄԱԿ-ը ճանչցաւ ՊԱԿ-ը որպէս անկախ Պաղեստինի պետութիւն՝ դիտորդ անդամի կարգավիճակով: Այլ խօսքով ՊԱԿ-ը եւս վերելք արձանագրեց բազմաբեւեռ աշխարհակարգի վերելքին զուգահեռ…: Ուրեմն ներկայիս հիմնովին փոխուած է 20րդ դարու ուժերու կշիռը՝ ի վնաս Թուրքիոյ եւ իր դաշնակիցներուն… ի նպաստ իրաւազրկեալ ժողովուրդներուն, ներառեալ պաղեստինցի ժողովուրդը եւ Տարագիր արեւմտահայութիւնը: Կը մնայ, որ այս վերջինը տէր կանգնի իր իրաւունքին՝ օգտուելով ներկայի նորաձեւուած աշխարհակարգէն եւ կազմակերպէ իր ՏԱՀՔ-ը:
- Ինչո՞ւ Ուիլսընի իրաւարարութիւնը անջատ եւ անկախ գործընթաց է ՝ Սեւրի դաշնագիրի գործընթացէն
Ուիլսընի իրաւառութիւնը միջազգային իրաւարարութիւն է եւ պարտադիր է՝ ոչ միայն Թուրքիոյ եւ հայկական կողմին, այլ նաեւ բոլոր պետութիւններուն: Սեւրը չէ, որ որոշեց այդ իրաւարարութիւնը, այլ պարզապէս իր 89րդ յօդուածին մէջ հաստատեց ատոր գոյութիւնը, որ արդէն իսկ կատարուած փաստ մըն էր 1920թ. Ապրիլի 26-էն, Սեւրէն առաջ եւ իր վերջնական վճիռին հասաւ 22 Նոյեմբեր 1920 թուականին, Սեւրէ վերջ…: Միջազգային իրաւարարը իր սեփական, անձնական հանգամանքով եւ անունով արձակեց իր վճիռը, եւ ոչ թէ Սեւրի անունով կամ Սեւրին փոխանորդաբար: Ուրեմն Ուիլսընի վճիռը կախեալութիւն չուներ Սեւրէն եւ չ՛ազդուիր բնաւ Սեւրի անկատար (unperfected) մնացած ըլլալու պարագայէն: Ամէն պարագայի տակ Սեւրը միայն անկատար մնացած դաշնագիր մըն է, որ կը մնայ ի զօրու, քանի որ անոր յաջորդած Լոզանի դաշնագիրը չեղեալ չհռչակեց զայն եւ… չէր ալ կրնար, քանի որ Սեւրը ստորագրող կողմերէն մէկը՝ Հայաստան, չէր հրաւիրուած Լոզան, ինչ որ պարտադիր էր՝ եթէ փոփոխութեան պիտի ենթարկուէր Սեւրը…: Ընդհակառակը Լոզանի դաշնագիրը գործադրեց Սեւրի դաշնագիրի այն յօդուածները, որոնք կը վերաբերէին Պուլկարիոյ եւ արաբական երկիրներուն… որոնց վրայ Լոզանը հաստատեց Բրիտանական եւ Ֆրանսական մանտաթները:
Ուիլսընի իրաւարարութիւնը խնդրեցին 1920թ. Ապրիլ 26-ին՝ դաշնակից երեք տէրութիւնները եւ Թուրքիա ու Հայաստան, երբ տուին իրենց համաձայնութիւնը՝ Ուիլսըն ընդունեց կատարել միջազգային իրաւարարութիւն: Քանի որ խնդրոյ առարկայ երկու կողմերը՝ Թուրքիան եւ Հայաստանը ընդունեցին ենթարկուիլ միջազգային իրաւարարի տալիք վճիռին, առանց այլեւայլի…:
Միւս կողմէ Սեւրէն 25 տարիներ ետք՝ 1945-ին, երբ Սովետ Միութիւնը Թուրքիայէն պահանջեց հայկական գրաւեալ հողերը, Սովետ Միջազգային իրաւունքի մասնագէտները պատրաստած էի հողային պահանջի երեք տարբերակներ՝ Նուազագոյն, Միջին եւ Առաւելագոյն, այս վերջինին մէջ կը պահանջէին Ուիլսընի իրաւարարական վճիռին գործադրութիւնը՝ Արեւմտահայաստանի նահանգներէն մի քանին կցել Սովետ Հայաստանի այն հիմնաւորումով, թէ այդ նահանգներուն վրայ պիտի բնակէին՝ 1915-ին Արեւելահայաստան փախած արեւմտահայերը եւ կազմակերպուող ներգաղթին առիթով Արեւելահայաստան գացող Սփիւռքի արեւմտահայերը…: Ասիկա կը նշանակէ, թէ այս մասնագէտները համոզուած էին, որ Ուիլսընի իրաւարարական վճիռը էականօրէն ի զօրու կը մնար: Բայց ԱՄՆը, որ մերժեց նոյնիսկ Կարսի եւ Արտահանի նուազագոյն տարբերակը, քանի որ «այնուհետեւ թուրք-սովետական սահմանագիծը դարձած էր ԱՄՆ-Սովետական…» եւ այդ պահուն ԱՄՆը ունէր հիւլէական զէնքի մենաշնորհը…:
Բայց Այսօր՝ 23 Փետ. 2016-ին, «Ազդակ»ի Փիւնիկ սրահին մէջ Դաւիթ Պարսամեան խօսեցաւ դրամատիրութեան մայրամուտին եւ վերջալոյսին մասին՝ «The Twilight of Capitalism»…:
- Ճեֆրի Ռոպըրթսըն Թրքասէ՞ր է, թէ՞ Հայասէր…
Բրիտանական Հասարակապետութեան «ականաւոր» պատմաբանը եւ բրիտանական Արքունիքի «վստահելի»ն՝ Ճեֆրի Ռոպըրթսըն 2014-ին, Երեւանի մէջ հրատարակեց «Արդեօ՞ք Եղել Է Հայկական Ցեղասպանութիւն» վերնագիրով իր հատորը, զոր ես անձամբ չեմ կարդացած, բայց կարդացած եմ երեւանեան եւ սփիւռքեան մամուլին մէջ լոյս տեսած խիստ քննադատութիւններ այս հատորին դէմ: Բրիտանական Արքունիքը 19-րդ դարու երկայնքին եւ մինչեւ այսօր, եղած է Թուրքիոյ պաշտպանը եւ թշնամին՝ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի: Ուրեմն զարմանալի չէր, որ Ճեֆրի (ոչ տխրահռչակ Ֆիլթմանը, զոր լիբանանցիներս ճանչցած ենք, այլ Ռոպըրթսընը) հրատարակած ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացող հատոր մը՝ իբր սերտ դաշնակիցը Թուրքիոյ: Յաջորդ տարին՝ 2015ին, Ճեֆրի հրատարակած է երկրորդ հատոր մը նոյն հարցին շուրջ՝ «Անհանգստացնող Ցեղասպանութիւն մը» վերնագիրով, զոր կարդացած է մեր աւագ գրչակիցը՝ սիրելի Աւետիս Եափուճեանը եւ կը հաստատէ, թէ Ճեֆրի յստակ եւ մէկին ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը այս երկրորդ հատորին մէջ: Կ’երեւի թէ ան ինչ-ինչ հաշիւներով, անհրաժեշտ գտաւ սրբագրել նախորդ հատորին թողած ժխտական տպաւորութիւնը՝ քաւելու համար, եթէ կարելի է քաւել…, իր նախորդ հատորին՝ ես կ’ըսեմ ՄԵՂՔի, իսկ Աւետիս Եափուճեան կ’ըսէ՝ «մեղք»ը…: Ընթերցողները թող եզրակացնեն, թէ Ճեֆրի Ռոպըրթսըն թրքասէ՞ր է, թէ՞ հայասէր:
Պաղեստինցի տարագրեալներու պարագան տարբեր է Տարագիր Արեւմտահայութեան պարագայէն : Անոնք չունին պետութիւն մը , բայց մենք ունինք:
Իրական տարբերութիւնը կը կայանայ տարբեր մարզերու մէջ, օրինակ անոնք պահպանած են իրենց գաղթականի անձագիրը, իսկ մենք կորսնցուցած ենք «Նանսենեան» անցագիրը, որ միջազգային փաստաթուղթ մըն էր մեր ձեռքին մէջ, թէ մենք տեղահանուած ենք Արեւմտահայաստանէն: Այսօր այդպիսի փաստաթուղթ մեզի կրնայ տալ միայն ու միայն ՏԱՀՔ-ը՝ երբ կազմակերպուի:
Կը կրկնեմ պաղեստինցի տարագրեալը կը կորսնցնէ Պաղեստին վերադառնալու իրաւունքը՝ երբ արաբական երկիրի մը քաղաքացիութիւնը ընդունի հրաժարելով իր գաղթականի անձնագրէն, որ կը կոչուի թաութին, այսինքն հայրենազրկեալը հայրենաւորել: Որուն դիմաց եթէ հաւաքական ըլլայ, Իսրայէլ պատրաստ է հարիւրաւոր միլիառ տոլար կաշառք տալ երեք կողմերու՝ այն պետութեան, որ կ’ընդունի տարագրեալները, ՊԱԿ-ին եւ անձնապէս տարագրեալներուն: Այսինքն թաութինը ընդունած ՊԱԿ-ը եւ պաղեստինցի տարագրեալը՝ ծախած կ’ըլլայ Պաղեստին վերադարձի իր իրաւունքը եւ ուրեմն պաղեստինեան դատը՝ կաշառքի դիմաց:
Արեւելահայաստանի քաղաքացիութիւնը առնող տարագրեալ արեւմտահայը՝ հրաժարած կ’ըլլայ Արեւմտահայաստան վերադարձի իր իրաւունքէն եւ Արեւմտահայաստանի հողային դատէն ՝ առանց նոյնիսկ կաշառքի:
- Արեւելահայաստանը հողային պահանջ ունի՞ Թուրքիայէն:
Թուրքիայէն Արեւմտահայաստանի հողային պահանջին հանգամանաւոր իրաւատէրն է Տարագրեալ Արեւմտահայութիւնը: Երբ ես պահանջած եմ, որ Արեւելահայաստանի իշխանութիւնները Թուրքիայէն պահանջեն սահմանագիծի ճշդում, նկատի ունեցած եմ Արեւելահայաստանէն Թուրքիոյ զաւթած Կարսի, Արտահանի եւ Արթուինի հողամասերը միայն եւ ոչ թէ Արեւմտահայաստանը:
Արեւելահայաստանի իշխանութիւնները իրաւատէր են նաեւ Ուիլսընեան վճիռի գործադրութեան պահանջին: Բայց Ուիլսընեան վճիռը չ՛ընդգրկեր ամբողջ Արեւմտահայաստանը, այլ անոր մեծ մասը միայն, մնացեալ մասին դիմաց դէպի Սեւ Ծով ելք տալով միացեալ Հայաստանին: Ուրեմն ամբողջական Արեւմտահայաստանի պահանջին միակ իրաւատէրերը կը մնայ Տարագրեալ Արեւմտահայութիւնը:
- Ո՞վ պիտի ստանձնէ նախաձեռնութիւնը ՏԱՀՔ-ի կազմակերպումին:
ՏԱՀՔ-ի կողմնակից մտաւորականներուն հոյլը հեռու մնաց իրեն վերապահելէ ՏԱՀՔի նախնական նախաձեռնող մարմինի կոչումը եւ նախընտրեց, որ ուրիշներ ըլլան այդ նախաձեռնող նախնական՝ ոչ պաշտօնական մարմինի անդամները եւ պատկանած ըլլան տարբեր հոսանքներու, քանի որ Մենք կը պատկանէինք՝ յստակ ու որոշ, մէկ հոսանքի, իսկ մեր հասարակութեան մէջ գոյութիւն ունի այն յոռի, յետամնաց ու աշիրէթական սովորութիւնը, որ երբ նախաձեռնութիւն մը կու գայ որոշ գոյնի հոսանքէ մը, միւս «աշիրէթները» կը պոյքոթեն, եթէ նոյնիսկ նախաձեռնութիւնը կարելի լաւագոյնն է ազգային գերագոյն շահերուն տեսակէտէն: Այս տխուր երեւոյթին մասին խօսած ենք մեր գիրքին մէջ եւ մեր բոլոր յօդուածներուն մէջ:
Սակայն ինչ կը վերաբերի նախաձեռնող պաշտօնական մարմինի ճշդումին, մենք յիշած ենք շարք մը անուններ, որոնց մէջէն իմ անձնական համոզումով, լաւագոյնը կրնայ ըլլալ Լելիօ Պասսօ ժողովուրդներու իրաւանց Պաշտպանութեան Հիմնարկը, որ 1984-ին Հայոց Ցեղասպանութեան թղթածրարը տարաւ Պերթրանտ Ռասըլի Խաղաղութեան Հիմնարկին կազմակերպած Ժողովուրդներու Մնայուն դատարանին առջեւ, եւ 1985-ին Վենետիկի մէջ կազմակերպեց Միջազգային Սիմփոզիումը՝ միջազգային հեղինակութիւն ունեցող դատաւորներու եւ պետական գործիչներու մասնակցութեամբ, որ իրաւական պատմամշակութային ու կազմակերպչական նախապայմանները ճշդեց՝ Հայ Սփիւռքի զանգուածները, աշխարհացրիւ ու օտարահպատակ, ժողովուրդ մը համարելու համար, եւ եկաւ այն եզրակացութեան, թէ Հայ Սփիւռքի զանգուածները կը լրացնեն չորս պատմամշակութային նախապայմանները, կը մնայ, որ լրացնեն նաեւ հինգերորդ կազմակերպչական նախապայմանը՝ ՏԱՀՔ-ի կազմակերպումը, կամ որեւէ անուն կրող կեդրոնական ներկայացուցչական (ընտրովի) եւ իրաւական միակ լիազօր կառոյցի մը ստեղծումը:
Վերջաւորութեան կրկին շնորհակալ եմ Աւետիս Եափուճեանին իր հարցադրումներուն համար, որովհետեւ ես արդէն կ’աշխատէի գիրքիս երկրորդ, աւելի ամբողջական ու պարզաբանուած տպագրութեան ուղղութեամբ, ուր նկատի պիտի առնեմ նաեւ այս հարցերը բնականաբար: Կ’եզրափակեմ մաղթելով, որ այսպիսի երկխօսութիւնները ընդհանրանան: