Ստեփանակերտի կեդրոնական հրապարակը վերածուած է աշխոյժ կեդրոնի՝ սահմանագիծին վրայ չորս օրեր տեւած բախումներէ ետք։ Բան մը, որ բնորոշ չէ Լեռնային Ղարաբաղի հանգիստ մայրաքաղաքին: Այս մասին կը յայտնէ բրիտանական BBC-ի թղթակիցը:
Լրատուամիջոցի թղթակիցը կը պատմէ, թէ Արցախի ազատամարտիկներու միութեան շէնքին դիմաց հաւաքուած են քաղաքացիներ, զինուորական համազգեստով տղամարդիկ, Հայաստանի տարբեր շրջաններէ մարդասիրական օգնութիւն հասցնող բեռնակառքեր, ինչպէս նաեւ լրագրողներ։
Թղթակիցը նշած է, թէ մօտեցած է կնոջ մը, որ հեռախօսազրոյց կը վարէ առաջնային գիծի վրայ գտնուող իր ուսանողներէն մէկուն հետ:
«Ես իմ ուսանողներուն կը սորվեցնէի, թէ մարդիկ, որոնք հեռացած են իրենց տուներէն 1990-ականներուն, իրաւունք ունին վերադառնալու, բայց այսօր ես կը հրաժարիմ սեփական խօսքերէս: Մենք այլեւս ոչ ոքի կրնանք վստահիլ, մենք կրնանք յոյս դնել մենք մեր վրայ, այնտեղ կռուող երիտասարդ տղաներու վրայ», ըսած է տեղի համալսարանի ուսանողական թատրոնի ղեկավար Ժաննա Գրիգորովան:
Լրագրողը նշած է, թէ հակամարտող կողմերը Երեքշաբթի հրադադար հաստատած են` Ազրպէյճան` Ստեփանակերտի վրայ յարձակիլ սպառնալէ ժամեր ետք: Ան նշած է սակայն, որ հայերը զգուշութեամբ կը վերաբերին հրադադարին:
Ան ներկայացուցած է Արցախի ազատամարտիկներու միութեան շէնքին մէջ, «Հայրենիք» կազմակերպութեան ղեկավար Խասնիկ Միքայէլեանի ելոյթը, որ ըսած է, թէ ղարաբաղցիները պատրաստ էին, որ պատերազմը կրնայ ամէն վայրկեան սկսիլ, այնպէս որ վերջին օրերու դէպքերը անակնկալ չէին իրենց համար: Հակառակը` անոնք միաւորած են հայերը:
Հեղինակը ներկայացուցած է, թէ ինչպէս յառաջացած է հակամարտութիւնը եւ նշած, որ Հայաստանը թէկուզ պաշտօնապէս չճանչնալով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, դարձած է անոր նիւթական եւ ռազմական հովանաւորը: