*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*
Ի՞նչ կը նշանակէ Հայրենիք: Ինչո՞ւ կարեւոր է Հայրենիք ունենալ: Ինչո՞ւ համար ժողովուրդներ պատրաստ են զոհուելու իրենց Հայրենիքին համար: Ի՞նչ կը նշանակէ Հայրենիք հայու համար:
Մինչ Արցախի լուրերը կը լսէի հեռուստակայանէն, վերոյիշեալ հարցադրումները սկսան միտքիս մէջ շրջագայիլ: Հայոց պատմութիւնը լի է «վասն հայրենեաց» հերոսական սխրանքներով եւ զոհողութիւններով: Բայց իրօք՝ ի՞նչ կը նշանակէ Հայրենիք:
Այսօր առտու լիբանանցի արաբ բարեկամ մը, որ փոխ տնօրէնն էր դրամատան մը, այցելեց ինծի: «Ես իսկապէս կը գնահատեմ ձեզ՝ հայերդ»,- ըսաւ ան-, «աշխարհի որ կողմը որ գացիք, կրցաք ձեր ազգային ինքնութիւնը պահել: Ոչ միայն այդ, այլ նաեւ ձեր գտնուած բոլոր երկիրները, ձեր բազմատաղանդ շնորհքներով շէնցուցիք եւ պատճառ եղաք այդ երկիրներու յառաջդիմութեան»: «Շնորհակալ եմ»,- պատասխանեցի մեր հիւրին-, «մենք Հայրենիք կորսնցուցինք եւ այդ պատճառաւ ուր որ ալ գացինք, նոր «հայրենիքներ» կերտեցինք: Եւ այս ոչ թէ մեր շահերուն համար միայն, այլ որպէս երախտագիտութեան արտայայտութիւն բոլոր այն ազգերուն եւ երկիրներուն, որոնք մեզ ընդունեցին» : «Լսեցի, որ դարձեալ զինուորական շարժումներ կան ձեր եւ ազերիներու միջեւ», -աւելցուց ան ու շարունակեց-, «եւ դարձեալ գնահատելի է ձեր խիզախութիւնը ընդդէմ թշնամիի մը, որ կը սպառնայ ձեր Հայրենիքը գրաւել»: «Այո, անշուշտ թէ Ղարաբաղն ալ մերն է: Բայց բացատրեմ քեզի ինչ կը նշանակէ Հայրենիք եւ ինչո՞ւ պատրաստ ենք սուղն ու աժանը զոհելու անոր համար», ըսի եւ սկսայ բացատրել հայու Հայրենիք հասկացողութիւնը, անշուշտ ոչ աքատեմիք կերպով, մօտաւորապէս հետեւեալը ըսելով.
Հայրենիքը այն հողային տարածքն է, որու վրայ կ’ապրի տուեալ հաւաքականութիւն մը, զոր կը կոչենք ազգ: Իսկ ազգը մարդկային այն համախմբումն է, որ ունի մէկ լեզու, մէկ պատմութիւն, մէկ մշակոյթ եւ մէկ հասարակաց կեանք ու նպատակ: Հայրենիքի կարեւորութիւնը այն է, որ ան այդ տուեալ ազգին կու տայ անկախութիւն ու ազատութիւն՝ իրագործելու համար իր նպատակը եւ պահելու իր ինքնութիւնն ու կեանքի եզակի ձեւը այնպէս ինչպէս, որ ինք կը փափաքի: Անոր կու տայ քաղաքական զօրութիւնը, որպէսզի ան կարենայ իր մշակոյթը զարգացնել եւ իր սկզբունքներն ու նպատակը իրագործել: Պատճառը, որու համար անհատներ կը նահատակուին իրենց Հայրենիքին համար այն է, որ կարենան պահել այն աշխարհագրական տարածքը, որ Հայրենիք կը կոչուի, որու վրայ իր ազգակիցները անկախօրէն պիտի ապրին եւ բարգաւաճին: Այսպիսով Հայրենիքը ոչ միայն իւրայատուկ հողային տարածք կրնայ ըլլալ, այլեւ կարելիութիւն մը ազատօրէն խորհելու, ապրելու եւ իրագործելու ազգի մը զինք ազգ ընող սկզբունքներն ու արժէքները: Օրինակ՝ Լիբանան եղած է մեզի համար նոր հայրենիք մը (ունինք «նոր Մարաշ», «նոր Ատանա» եւն.), որովհետեւ հոն եւս որպէս հայեր կարողացած ենք պահպանել բոլոր այն սկզբունքներն ու արժէքները, որոնք մեզ որպէս ազգ կը պահեն:
Հետեւաբար Հայրենիքի պայքարը կը բաժնուի երկու ճակատներու վրայ. Զինուորական՝ հողային տարածքին մարտական եւ ազգապահպանման գոյութենական պայքարը: Ազգապահպանումը իր մէջ կը պարփակէ լեզու, պատմութիւն, մշակոյթ, կրօն եւ նպատակ՝ այս բոլորը ապրիլ ու պահել: Այսպիսով զինուորներ կ’ըլլան նաեւ ծնողները, ուսուցիչը ու բոլոր անոնք, որոնք ազգը որպէս ազգ գոյատեւելու կը նպաստեն:
Արդ՝ Հայրենիք եւ ազգութիւն կը նոյնանան: Ատոր համար հոն ուր հայ կայ, կայ եւ «նոր հայրենիք», բայց կը մնայ բուն Հայրենիքը, որ կը կոչուի Մայր Հայրենիք։
Բարեկամս ամբողջովին համաձայն գտնուեցաւ ըսածիս։