Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

«Մտաւոր» Յարձակումը

 *ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*

Սովորութիւն ունիմ յաճախ գրատուներ այցելելու, ոչ անպայմանօրէն գիրք գնելու նպատակով, այլ որպէսզի ծանօթանամ մտաւոր աշխարհի նորութիւններու, եւ թէ ի՞նչ են հրատարակչատուները հետաքրքրող վերջին նիւթերը: Առաւել եւս տեսնելու համար, թէ իմ նախասիրած հեղինակներս նոր հրատարակութիւններ ունին:

Նման այցելութիւն մըն էր, որ  երէկ տուի Լիբանանի ամենահռչակելի գրատուներէն մէկուն: Սովորութեանս համեմատ նախ փնտռեցի իմ նախասիրած հեղինակներու վերջին հրատարակութիւնները, ապա «սուզուեցայ» գիրքերու մերթ վրայ-վրայի, մերթ քով-քովի շարուած կոյտերու մէջ: Արաբերէնն ալ իմ կարդալու նախասիրած լեզուներէս ըլլալով, սկսայ այդ շարքն ալ ուշադրութեամբ պրպտել՝ նոր հրատարակութիւններ գտնելու նպատակաւ:

Հասայ պատմական բաժինին: Ուշադրութիւնս գրաւեց շարք մը պատմական գիրքեր, որոնք կը ներկայացնէին Առաջին Աշխարհամարտի դէպքերու մանրամասնութիւնները: Հետաքրքրուած սկսայ թերթատել՝ տեսնելու համար, թէ բան մը յիշուա՞ծ է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Իրօք  գտայ գիրքեր, որոնք այդ մասին գրած էին: Երբ սկսայ գիրքերու ետեւի ցանկը կարդալ  նկատեցի, որ բոլորը ի շահ թուրքերու կը գրէին,  մերժելով Ցեղասպանութիւնը: Ուզեցի գիտնալ այդ գրքերու հեղինակները: Եւ ահաւասիկ զարմանալի՝ բոլորն ալ թուրք հեղինակներ էին, որոնց գործերն էին արաբերէնի թարգմանուած:

Հարց տուի ինքզինքիս՝ արդեօք արաբական աշխարհը այնքան հետաքրքրուած էր այս նիւթով, որու համար նման գիրքեր կը թարգմանուէին եւ կը հրատարակուէին: Թէ ոչ  թրքական արշաւ մըն էր՝ արաբ  միտքեր նուաճելու նպատակով: Ուզեցի հասկնալ նաեւ, թէ նման նիւթերով անգլերէն գիրքեր կայի՞ն: Իսկոյն գտայ գիրքեր, որոնք սակայն աւելի առարկայական էին քան արաբերէն գիրքերը: Ի՞նչ էր պատահածը՝ արդեօք ես էի, որ նոր կը տեղեկանայի նման գիրքերու գոյութեան մասին, թէ պատահածը նոր արշաւ մըն էր թուրքին կողմէ, այս անգամ ուղղուած մտաւոր խաւին:

Նշենք, որ ժամանակ մը առաջ, թուրքը Ճասթին Մըքարթի (Justin McCarthy) անուն ամերիկացի պատմաբան մը վարձելով, փորձած է եղծել Ցեղասպանութեան կապուած պատմական իրականութիւնները, եւ հետեւաբար անոր  հեղինակութեամբ  հակա-ցեղասպանական գիրքեր հրատարակած է եւ միլիոնաւոր օրինակներ բաժնած եւրոպական կարգ մը երկիրներու մէջ:

2
Justin McCarthy

Այս նոյն Ճասթին Մըքարթին է, որուն գիրքը անցեալ տարի լիբանանեան հեռուստակայաններէն սփռուած յայտագիրի մը ընթացքին,  լիբանանցի հայրենակից մը բարձրացուց՝ փաստելու համար, որ Ցեղասպանութիւն պատահած չէ, այլ ընդհակառակը՝ հայերը իրենք եղած են ջարդեր կատարողները թուրք ժողովուրդին:

3

Անշուշտ աշխարհի յարգուած պատմաբաններուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կ’ընդունին Ցեղասպանութիւնը՝ որպէս պատմական անհերքելի իրականութիւն: Քիչեր են սակայն, որոնք հակա-ցեղասպանութիւն գրողներ կը կոչուին, որոնցմէ յիշեցինք Ճասթին Մըքարթին, աւելցնենք նաեւ Կանթըր Լուի (Guenter Lew), որ գրած է «Հայկական Ջարդերը Օսմանեան Թուրքիոյ Մէջ», որպէս ենթավերնագիր ունենալով «Վիճելի Ցեղասպանութիւն»ը (The Armenian Massacres in Ottoman Turkey / A Disputed Genocide): Այո, հայոց վաղեմի ոսոխը  ոչ մէկ ձեւ բաց կը թողու, որպէսզի քօղարկէ եւ հերքէ իր անմարդկային ոճիրը:

Այս հեղինակները իրենց անհեթեթ եւ իմաստազուրկ տեղեկութիւնները փաստաթուղթերով կը ներկայացնեն: Բան մը, որ մենք՝ հայերս քիչ կ’ընենք: Չեմ ըսեր չենք ըներ, այլ քիչ կ’ընենք: Մեր շեշտը միշտ եղած է վկաներու պատմածները հանրութեան ներկայացնել, քան թէ մեզ շրջապատող ժողովուրդներուն փաստաթուղթերով ներկայացնելու պատահածին իրականութիւնը: Վերոյիշեալ հեղինակները, երկուքն ալ կը նշեն ջարդերու գոյութիւնը, զոր  պատահած կը նկատեն, սակայն երկու կողմերէն՝ հայերէն եւ թուրքերէն: Ըստ անոնց ջարդեր պատահած են, անկազմակերպ եւ հապճեպով առնուած կառավարութեան որոշումներու որպէս հետեւանք: Հետեւաբար թշնամին կը խոստովանի ջարդերու գոյութիւնը, սակայն Ցեղասպանութիւնն է, որ կը հերքէ: Հայերու համար հարցի էութիւնը այն է, որ պէտք է Ցեղասպանութիւնը փաստաթուղթերով ներկայացնել եւ չբաւարարուիլ լոկ ջարդերէ մազապուրծ վկաներու յիշատակներով: Պատահածը ցեղասպանութիւն էր եւ ոչ անկազմակերպ որոշումի մը որպէս հետեւանք եղող «վնասներ»: Հարիւրամեակին այսպիսի մօտեցումներ քիչ պատահեցան: Յուսամ այս տարի աւելի լայն չափով կը փորձենք, փաստաթուղթերով ներկայանալ մեզ շրջապատող ժողովուրդներուն՝ որպէսզի անոնք գիտնան, որ պատահածը  ծրագրուած  Ցեղասպանութիւն մը էր: Այդ ձեւով  թուրքին նոր-հին մտաւոր յարձակումը ետ վերադարձուցած կ’ըլլանք իրեն, եւ այդ ալ արաբերէն լեզուով:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին