Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

Դիմատետրի Եւ Համացանցի Մէջ Գործածուած Հայերէն Լեզուի Աղաւաղումները

Տոքթ. ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ
«Մեսրոպեան Ուխտ Լեզուապահպանման Միութիւն»

Վերջին քանի մը տարիներուն հանրութիւնը մեծ ոգեւորութեամբ արշաւեց դիմատետրի եւ համացանցի միջոցով հաղորդակցելու եւ տեղեկութիւն քաղելու։

Հայերուս համար երկսայրի սուրի վերածուեցան այս գիտութեան անծայրածիր շտեմարանն ու հաղորդակցութեան միջոցները այն աստիճան, որ Հայաստան Facebook-ը կը կոչեն «Օգտատետր», փոխանակ դիմատետրի (չես գիտեր ինչո՞ւ)։ Տարօրինակ մտածելակերպ։

Մօտաւորապէս տարի մըն է, որ դիմատետրի մէջ որոշ գրութիւններ կը տեղադրեմ եւ մեծ մասամբ նկատողութիւններով ու ծանօթագրութիւններով որոշ անձերու հայերէն լեզուի եւ բառապաշարի թերութիւնները կը մատնանշեմ, մաքուր հայերէն բառապաշար գործածելու համար։ Սակայն յաճախ ապառաժի անդրդուելի տրամադրութեամբ հակադրութիւններու կը հանդիպիմ…։

Ընդհանրապէս ողջամիտ է հանրութիւնը. պատճառաբանութեամբ ու փաստերով կը համոզուին, որ վրիպած են, բայց այդ վրիպումը տարիներու ընթացքին սովորութիւն դարձած է եւ ոչ ոք իրենց նկատողութիւն չէ ըրած կամ ճշդած այդ վրիպումը։ Ուստի յանկարծ երբ սփիռքահայ մը մատնանշէ, թէ ինֆորմացիա, ռեպորտաժ, ժիւրի, մաէստրօ, կոնսերվատորիա եւլն. բառերը օտար են եւ աւելի հարազատ մայրենի լեզուով բառեր ունինք, ինչպէս տեղեկութիւն, տեղեկագիր, տեղեկագրութիւն, դատական կազմ, վարպետ, երաժշտանոց, կը վրդովին եւ կ՛անհանգստանան։

Դիմատետրի մէջ մինչեւ 4 ամիս առաջ  ես ալ լատինատառ հայերէն կը գործածէի՝ արդարանալով, որ

1) Արհեստավարժական դժուարութիւններ կային նախ հայերէն գրելու, ապա այդ գրութիւնը տեղափոխելու յարմար էջն ու սիւնակը։

2) Ամերիկաբնակ հայ նոր սերունդին 80 տոկոսը ճանաչողութիւն չունի մեսրոպատառ հայերէնի։ Ասոնց հետ հաղորդակցելու համար 2 միջոց կայ. կամ լատինատառ հայերէն, քանի որ բանաւոր հայերէն կը հասկնան, հակառակ որ հայերէն չեն կրնար կարդալ, կամ ալ անգլերէն լեզուով։

Ոմանք ալ հայերէն ուղղագրութեան լաւ չեն տիրեր, ուստի լատինատառ հայերէնով կը հաղորդակցին՝ ծածկելու համար իրենց ուղղագրական անգրագիտութիւնը…։

Երբ նկատողութիւն կ՛ընէի դիմատետրի մէջ օտար բառերու փոխարէն հայերէն բառեր գործածելու, շարաչուն ապտակը կը հասնէր երեսիս, «թէ ինչո՞ւ լատինատառ կը գրես, անարգելով մեսրոպատառ հայերէնը եւ մեզի կը քարոզես հայերէն բառեր գործածել, երբ այդ օտար բառերը ընդունուած են Հայաստանի մէջ»։ Վերոյիշեալ բացատրութիւններս ամերիկահայ նոր սերունդին մասին համոզիչ չթուացին շատերուն։ Ծանօթներու օգնութեամբ հայերէն գիրերը բջջային հեռախօսիս մէջ տեղաւորելով, զինուած ազատօրէն իջայ հայերէն լեզուի խաչակրութեան դաշտ՝ հայերէնի բառապաշարի մաքրազտման սատարելու։

Ցաւալին այն է, որ որոշ մտաւորական եւ ուսեալ հատուած մը երիտասարդ սերունդի, Հայաստանի մէջ կամ Հայաստանէն արտագաղթած,  մոլեգին կերպով կը պայքարի օտար բառերը պահպանելու մոլութեան։ Հազիւ 10 տոկոսը այս հատուածին անձայն, առանց հակաճառութեան ընդունեցին, որ բոլոր օտար բառերու գործածութիւնը հայերէն լեզուին մէջ սխալ է եւ պէտք է սրբագրել։ Մեծ մասամբ կ՛առարկեն, որ «միջազգային բառեր են», «մեր պոէտները (բանաստեղծները) գործածած են», «Հայաստանի մէջ ընդունուած բառեր են», իսկ ուրիշներ նախատական ու վիրաւորական բառեր կը գործածեն, հակառակ որ ուսեալ եւ պաշտօնի տէր անձնաւորութիւններ են…։

Ինծի համար չափազանց սրտի կսկիծ է եւ անհասկնալի հանելուկ, թէ ինչո՞ւ Հայաստանի նախագահը, վարչապետը, մշակոյթի կամ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարները հեռատեսիլէն ելոյթ չեն ունենար, պահանջելով հանրութենէն, որ լատինատառ հաղորդակցութեան եւ օտար բառերու գործածութեան վերջ տան համացանցի եւ դիմատետրի մէջ ու մաքուր հայերէն լեզուով հաղորդակցիլ։

Ի հարկէ նախ համակարգիչի եւ բջջային հեռախօսի ընկերութիւններէն պէտք է պահանջուի ու պարտադրուի՝ Հայաստանի մէջ հայատառ գիրերու տեղադրումը այս հաղորդակցական գործիքներու մէջ։ Ներկայիս հայաստանաբնակ հայերու 50 տոկոսը՝ դիմատետրի անհատական գրութիւնները լատինատառ հայերէնով կը կատարեն։

Իսկ ամերիկահայերուն 70 տոկոսը անգլերէն, 20 տոկոսը հայատառ հայերէն եւ 10 տոկոսը լատինատառ հայերէն կը գործածեն։

Յո՞ երթաս հայութի՜ւն…։

Պետականօրէն առաջնորդութիւն եւ ուղղութիւն տուող չկայ։ Վերահսկիչ ազդու մարմին մը գոյութիւն չունի, որ հսկէ, թէ որոշ անհատներ՝ ըլլան անոնք խմբագիր, գրող, լրագրող, հաղորդավար կամ պետական պաշտօնեայ, ի՜նչ աւեր կը գործեն իրենց անտարբերութեամբ, պաշտօնի մէջ թերանալով, անիմաստ, հնարուած, շինծու եւ արուեստական բառեր դիմատետրի մէջ տեղադրելով, կամ ալ օտար բառերու ծովածաւալ գործածութեամբ իրենց գրութիւններու եւ ելոյթներու մէջ, որոնք կ՛արտագրուին ու կը տեղադրուին համացանցի եւ դիմատետրի մէջ։

Բացի անհատներէ պետութիւնն է, որ տէր պէտք է կանգնի մեր լեզուի բառապաշարի մաքրութեան…։ Այլապէս հայերէնի փոխարէն շուտով կ՛ունենանք ռուսա-անգլա-հայերէն եւ 20 տարի ետք՝ թուրքա-ռուսա-անգլա-հայերէն։

Հայերէնի բառապաշարը տագնապալի վիճակի մէջ է… նոր սերունդը անսանձ կ՛արշաւէ անգլերէն բառերու ներմուծման հայերէնի մէջ. ասոր եթէ աւելցնենք լատինատառ հայերէն գրելը Հայաստանի մէջ՝ կրնաք երեւակայել, թէ հայագիտութեան ո՞վ արժէք պիտի տայ…։

Լեզուն մեր ազգային պատկանելութիւնն ու ինքնութիւնը բնորոշող, մեր նախնիքներէն ժառանգուած հայրենի հողին հետ, մեծագոյն գանձերէն մին է։ Եթէ Հայաստանի հայը լեզուին տէր չկանգնի, ո՞վ պիտի կանգնի։

Օտար տիրապետող եւ գերիշխող ազգեր ուզած են տարածքային, քաղաքական եւ մշակութային լծակներով պարտադրել իրենց լեզուն ու կենցաղավարութիւնը նուաճուած ազգերու, իւրացնելու համար զանոնք։ Այսպէս ըրած են պարսիկները, յոյները, արաբները, թուրքերը, եւրոպացիներն ու ռուսերը… ենթակայ ազգերու մէջ լեզուամտածողական համակարգը խաթարելով եւ փոխելով՝ այլասերելու եւ հեռացնելու համար զանոնք իրենց ազգային ակունքներէն։

Ներկայիս տնտեսական եւ լրատուական համացանցային ու դիմատետրային լծակները կը գործադրուին՝ այդ նպատակներուն հասնելու համար եւ Հայաստանի «ուսեալ խաւ»ի գրեթէ 50 տոկոսը ենթարկուած է այդ հոսանքին։

Արդեօք ժամանակը չէ՞ եկած հայերէնի բառապաշարի մաքրազտումը եւ լատինատառ հայերէն գրելաձեւը կասեցնելու Հայաստանի մէջ…։

Արդեօք այս ընթացքը ազգային անվտանգութեան խնդիր չէ՞…։

Յուսանք պատասխանատու պետական անձինք ողջմտութիւնը կ՛ունենան՝ լրջօրէն վերլուծելու վերոյիշեալ հարցը եւ գործնական քայլեր կ՛առնեն, վասն հայերէն լեզուի սիրոյն…։

«Նոր Օր»

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին