*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*
Ատհայի տօնն էր: Իսլամ բարեկամի մը հանդիպեցայ Պուրճ Համուտի Արաքս թաղին մէջ:
- Բարի տարիներ,- մաղթելով շնորհաւորեցի զինք:
- Շնորհակալ եմ, -պատասխանեց-, բարի թող ըլլայ բոլորիս համար:
- Ի՞նչ է, մեր կողմերն ես,- հարցուցի կատակով մը:
- Այո, գիտես այսօր մեր շուկաները փակ կ’ըլլան, ձեր կողմերը եկանք քիչ մը պտտելու եւ կարգ մը գնումներ կատարելու:
- Եթէ որեւէ ձեւով կրնամ օգնել, խնդրեմ ըսէ:
- Շնորհակալ եմ, կարեւոր բան մը չկայ, կամաց-կամաց պտտելով մեր գնումները կը կատարենք:
- Ընտանիքդ ալ հե՞տդ է:
- Այո, տիկինս փոքրերով այս խանութը մտաւ կօշիկ գնելու: Բայց գիտե՞ս, հարցում մը ունիմ քեզի:
- Հրամմէ:
- Առ ի յարգանք ձեր հայրենակիցներուն, պէտք չէ՞ դուք ալ փակէք ձեր շուկան:
- Շատ զգայուն մի ըլլար,- պատասխանեցի ժպտալով -, մենք լիբանանցիներս սորված ենք իրար չյարգել: Բոլորս ալ նոյն ձեւի «յարգանք» կը ցուցաբերենք իրարու հանդէպ:
Երկուքս ալ խնդացինք եւ իրար հրաժեշտ տալով հեռացանք:
Անցնող տօնական օրերու ընթացքին նկատեցի, որ մենք՝ հայերս (ի շարս այլոց ըսեմ, որպէսզի մեր մեղքը մեղմանայ), ոչ միայն Ատհայի տօնին, այլ մեր տօներուն իսկ շուկան չենք փակեր: Կար ժամանակ մը, երբ տօնական օրերուն շուկան բոլորովին ամայի կ’ըլլար: Գերդաստանի անդամները երէց անդամին տունը կը հաւաքուէին՝ շնորհաւորելու եւ յարգանք մատուցանելու ընտանիքի մեծին: Իսկ ներկայիս Ուաց Ափով իսկ շատեր կը զլանան «Շնորհաւոր Ս. Զատիկ» գրելու: Կար ժամանակ մը, երբ արժէքներն ու սկզբունքները կը գնահատուէին: Երբ մեռելաթաղի ինքնաշարժը անցնէր փողոցէ մը, բոլոր խանութները իրենց փեղկերը կը գոցէին: Իսկ հիմա եկեղեցական թափօրը գարեջուր խմելով եւ ներկիլէ քաշելով կը դիմաւորուի: Կը յիշեմ երբ 18 տարեկանիս ինքնաշարժ վարելու արտօնագիր առի, վարժութեան համար Կիրակի օրերը հօրս հետ ինքնաշարժ քշելու կ’ելլէինք, որովհետեւ ճամբաները բոլորովին պարապ կ’ըլլային: Իսկ ներկայիս կարելի չէ զանազանել Կիրակին այլ օրերէ: Ի՞նչ եղած է մարդկութեան: «Բարեկամ՝ օրերը փոխուած են, եթէ առտու-իրիկուն չաշխատինք, չենք կրնար ընտանիք ապրեցնել», կ’առարկեն ոմանք: Հաւանաբար իրաւունք ալ ունին, բայց սկզբունքները խախտելը, եթէ լրջօրէն մտածենք, դանդաղօրէն հաւաքական եւ անհատական անձնասպանութիւն է:
Կը պատմուի, որ հեռու եւ աննշան երկիրի մը մէջ բռնակալ թագաւոր մը կար: Ան տուրքերով ծանրաբեռնած էր ժողովուրդը, որ կքած անոր տիրապետութեան անմարդկային օրէնքներու տակ, իր միակ մտահոգութիւնը եղած էր առօրեայ հացը ապահովել: Օր մը հայր մը իր զաւակին հետ փուռ կ’երթայ հաց գնելու: Կեանք հացը փուռէն ելլելու սպասողներուն շարքը երկար էր: Ստիպուած ժամեր պիտի սպասէր, մինչեւ իր կարգը հասնէր: Մինչ այդ որդին իր մօտ կը խաղար հացի շարքի կից մայթի մը վրայ: Յանկարծ մարդ մը վազելով կը մօտենայ հօր՝ «թագաւորին փիղը զաւակդ ճզմելով սպանեց» բացականչելով: Հայրը անշարժ կը մնայ: «Չլեսեցի՞ր, զաւակդ մեռաւ», կը շարունակէ աղաղակել մարդը: «Այո լսեցի, բայց եթէ երթամ անոր օգնութեան, հացի կարգս կրնամ կորսնցնել», կը պատասխանէ հայրը:
Արդեօք որքան արժէքներ կորսնցուցած ենք եւ կը կորսնցնենք՝ «հացի կարգ սպասելու մէջ»: Արժէքներ եւ սկզբունքներ անտեսել, մեր մէջ մարդը սպաննել կը նշանակէ: Կ’արժէ մտածել այս մասին չէ՞: