Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

«Դժուարութիւն՝ Վերնագիր Մը Գտնելու Մէջ»…

                *ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ*

Մարտ 17-ի երեկոյեան «Սըրսոք» թանգարանի վերանորոգուած եւ ընդարձակուած ցոըցասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Ասատուրի հերթական անհատական ցուցահանդէսը, որ իր տարողութեամբ եւ բովանդակութեամբ երեւոյթ դարձաւ Լիբանանի արուեստասէր հասարակութեան մօտ: Անոր արուեստի բնոյթի եւ որակի մասին ընդհանուր գաղափար մը տալու համար, ստորեւ կու տանք արուեստաբան Մովսէս Ծիրանիի մեկնաբանական յօդուածը:

                                                                                                           «Զ»

Թէեւ հելենական առասպելաբանութեան մէջ գեղեցկութեան դիցուհին՝ Աֆրոդիտէն կը ծնի ծովու փրփուրէն, սակայն աւելի վաղ շրջանին հին յոյներըկը հաւատային, թէ Ան՝ «գեղեցկութիւնը» կը յառաջանայ թարախէն։ Այսինքն՝ ցաւէն՝ ցաւի ամենայոռի տեսակէն։ Ասատուր աւելի կը խորանայ հարցին մէջ։ Ան համամարդկային խժդժութիւններէն ծնած մորմոքն ու «բզքտուած» յիշողութիւնը որդեգրելէ ետք, կը յանձնուի ենթագիտակիցի «թելադրանքներուն» ու կը փորձէ թափանցել մարդկային ներաշխարհին մինչեւ յատակները, ուր անհատի տագնապներն ու եռեւեփումները զինք կþառաջնորդեն դէպի քաոսային ոլորտներ, ուրկէ սկիզբ կþառնեն իրստեղծագործութիւնները ու կը բացուին մեր ժամանակներու վրայ, իբրեւ՝ տանջանքի մէջ ջրդեղուած գեղեցկութիւն։

Այո՛, Ասատուրի մօտ գեղեղիկը կը ծնի քաոսէն, աւելի ճիշդը՝ աւերուած ու քաոսի վերածուած քաղաքակրթութեան հետքերէն, որոնց լքուած մնացուկները ո՛չ միայն ուշադրութեան ու գուրգուրանքի կþարժանանան Ասատուրի կողմէ, այլեւ ամենայն երկիւղածութեամբ ան կը հաւաքէ զանոնք ու բծախնդրութեամբ եւ ներդաշնականօրէն կը վերադասաւորէ կամ խնամքով կը կուտակէ իբրեւ սրբազան յուշ կամ մասունք։

Այս մէկը վերադարձ մը չէ դէպի աշխարհի եւ կամ առհասարակ տիեզերքի քաոսային վիճակին։ Այլ խորասուզում մը՝ մարդ էակի ներաշխարհին մէջ, ուրապագային հանդէպ անորոշութիւնն ու անվստահութիւնը թափ կþառնեն, հոգեկան աւերումները կը բազմապատկուին ու կը վերածուին քաոսի։ Մարդկային ներաշխարհի քաոսը պեղելու, զայն կարգաւորելու եւ անկէ մարդկային անձեռնմխելի՝ անհպելի արժէքները դուրս բերելու եւ դրսեւորելու ճիգն է Ասատուրի ստեղծագործական կեանքը։ Ան իր արուեստով կը փորձէ փրկել բանական էակի արժանապատուութիւնն ու ԵՍը՝ արժեւորելու համար զայն գեղարուեստականօրէն:

Ի վերուստ ստեղծագործելու տենչով «անիծուած» այս արուեստագէտը սկզբնական շրջանին երբ դիմանկարներ կը գծէր, կը փորձէր թափանցել տարբեր անհատականութեան տէր բնորդներու էութեան մէջ… դրսեւորել անոնց անձեռնմխելի մարդկային արժանիքները։ Ընթացքին ան բացայայտեց քաոսային վիճակը կեանքին, որ լաւապէս դրսեւորուած կը թուի ըլլալ անոր 1967-ին իրագործուած «Խառնաշփոթութիւն» (Vages) գծանկարին մէջ։ Հոս՝ անզուսպ փոթորիկի մը իբրեւ հետեւանք՝ կատղած ալիքներու քմայքին յանձնուած է փիւնիկեան նաւակ մը (որ աւելի խաղալիքի տպաւորութիւն կը ձգէ)՝ քաղաքակրթութեան հետքը, գուցէ ինքը գլխագիր ՄԱՐԴԸ, որուն ճակատագիրը վտանգուած է ու անորոշ։ Նոյնաբնոյթ շարք մըստեղծագործութիւններէ ետք 1969-ին Ասատուր կը սկսի պատկերել իր «Poupee»-ներու կերպարները, որոնք թէ՛ բովանդակութեան, եւ թէ ոճային առումով անկիւնադարձային նշանակութիւն կþունենան իրստեղծագործական կեանքին մէջ։ «Դիահերձուած պուպրիկ»ներու մարմիններէն ու գլուխէն դուրս կը ճայթքին լքուած եւ անտեսուած առարկաներ, ինչպէս գիրքեր, գնդակներ, տուփեր, օղակներ, եռանկիւններ, ինչպէս նաեւ դիմակներ։ Այս վերջինները կարճ ժամանակի մէջ կը վերածուին առանձին ստեղծագործութիւններու, որոնց ուսերուն եւ գլուխներուն վրայ այս անգամ խնամքով շարուած կþերեւին քաղաքակրթութեան այլ հետքեր, ինչպէս՝ ժամացոյցներ, նետասլաքներ, փողեր, գիրեր, թուանշաններ, դրօշակներ, խրճիթներ, բուրգեր եւ այլն։ Եթէ տառապած պուպրիկներու պարագային (որոնք խրտուիլակներու տպաւորութիւն կը ձգեն մեր վրայ), ներսէն դէպի դուրս «կþարտաքսեն» քաղաքակրթութեան մնացուկները, ապա դիմակները այն գործօններն են, որոնք առիթ կու տան արուեստագէտին խորանալու մարդու հոգեկան ներաշխարհին մէջ, ուր ձեռք կը բերէ «այն կարողութիւնները», որոնք «աչքին կը թոյլատրեն մտիկ ընել, իսկ ականջին՝ տեսնել ու լռութեան ձայները բռնել», ինչպէս կը խոստովանիան զրոյցի մը ընթացքին։

Եթէ պուպրիկներու պարագային Ասատուր անոնց մարմինները կը դիահերձէր, ապա դիմակներու պարագային կը սկսի մարդու հոգեկան ներաշխարհի անթեղուած ծալքերը բանալ եւ «լռութեան ձայները բռնել»: Ակամայ ստեղծուած այս պարապութիւնը կը լեցուի տեսիլքներով։ Հո՛ս ի յայտ կու գայ, որ Ասատուր կը ստեղծագործէ ենթագիտակիցի մղումին տակ եւ բնականաբար նաեւ՝ դժուարութիւն կþունենայ մեկնաբանելու եւ նոյնիսկ խորագրելու իր ստեղծագործութիւնները, որոնցմէ շատեր անուն չունին, ուրիշներու անունները կրնան պայմանական ըլլալ, իսկ անոնցմէ մէկն ալ ուղղակիօրէն խորագրած է «Դժուարութիւն` խորագիր մը գտնելու մէջ»։ Անոր ստեղծագործութիւններուն վերլուծման բանալին այս «դժուարութիւններուն» մէջ է։ Ինչպէս որ ան ստեղծագործելու ընթացքին կը յանձնուի իր ներքին տարերքին, այնպէս ալ իր ստեղծագործութիւններու ընկալումն ու մեկնաբանումը կը վստահի ակնդիրի ենթագիտակից աշխարհի ըմբռնողութեան ու կարողականութեան։

Հոգեվերլուծութեան ենթակայ դիմակներու շարքէն ետք Ասատուրի արուեստը մէկ կողմէ կը սկսի գունաւորուիլ եւ միւս կողմէ անոր տեսադաշտը կþընդլայնի ու կը տարածուի դէպի քաղաքային տեսարաններ եւ բնանկարներ, հասնելու համար մինչեւ անջրպետ, ուր միջոցին մէջ կը սկսին ճախրել ու ծփալ ձեւազեղծուած մարդկային մարմիններ, որոնք յաճախ լարախաղացներու տպաւորութիւն կը ստեղծեն։
Խորհրդային կացութաձեւի պայմաններու տակ Փարաջանով յանձինս ժողովուրդին ոչխարներու հօտ մը կը մտցնէր եկեղեցի։ Իսկ Ասատուր մարդուն կը պատկերէ միջոցին մէջ խրտուիլակներու նման, որոնք սակայն հանդէս կու գան իբրեւ հոգեկան աւերներէ «փրկուած» բանական էակներ՝ շրջապատուած սրբազան յիշատակներով։
Հոս՝ ակամայ ի յայտ կու գայ յանձնառու ստեղծագործողը, որ խարանելէ ետք մարդկային խիղճը, մարդը կը դնէ մարդկայնութեան պատասխանատուութեան տակ։ Ասատուրի կերպարները իրենց միջավայրով ենթակայ չեն տարածութեան եւ տեւողութեան մաշումին։ Անոնք կը վերաբերին բոլոր ժամանակներուն (երբեմն տիեզերքի մէջ), սակայն կը բացուին ու կը տարածուին մեր ժամանակին վրայ։
Ասատուրի համար կենսականը՝ գիծի արտայայտչականութիւնն է, ուր գոյնի բացակայութիւնը զգալի չի դառնար։ Անոր գուներանգները զուսպ են ու ներդաշնակ։ Ան կը պատկանի փարիզեան դպրոցին, սակայն որքան որ առաւ անկէ, գուցէ եւ աւելի տուաւ անոր, որովհետեւ անոր ներշնչման աղբիւրները կը հասնին մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք, մինչեւ ճափոնական բնանկարներն ուպուտտայական սրբանկարները։

Արեւելքի ծնունդ այս արուեստագէտը թէեւ ինչ որ տեղ եւ ինչ որ չափով ներշնչուած կը թուի ըլլալ նաև Պրաքի ու Փիքասոյի խորանարդապաշտութենէն, սակայն ան խորանարդապաշտ մը չեղաւ։ Եթէ իր տեսիլքները գերապաշտական հակումներ կը դրսեւորեն, Խուան Միրոյի կամ Փօլ Քլէի նման, ապա ան հեռու մնաց դասական գերիրապաշտութենէ։ Եթէ անոր կերպերն ու գիծերը որոշ չափով կþառնչուին Քանտինսքիի եւ Մոնտրիանի հետ, ապա չմնաց նաև անոնց վերապաշտական սահմաններէն ներս:

Այս բոլորէն վեր՝ Ասատուր գերիրապաշտ ոլորտներու վրայ անհեթեթի զգացողութեան տէր ստեղծագործող մըն է, ունի ինքնատիպ լեզուամտածողութիւն եւ ուրոյն ոճ, զոր կարելի է անուանել Ասատուրանական։ Անոր արտայայտչաձեւերը շփոթելի չեն ուրիշներու հետ, եւ այդ պատճառով ան փարիզեան դպրոցի երակներէն մէկը կը համարուի։ Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ կը գնահատուի միջազգայնօրէն, իր գործերը ժամանակակից բազմաթիւ թանգարաններու մէջ կը ներառնուին ու կը շարունակեն հետաքրքրել համաշխարհային չափանիշի բազմաթիւ արուեստաբաններ եւ արուեստի կեդրոններ։

Ասատուրի Այցելութիւնը Նոազ Արք
Ասատուրի Այցելութիւնը Նոազ Արք
spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին