*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*
«Այս մարդը յաջող է իր կեանքին մէջ». երբ լսենք նման արտայայտութիւն մը, ի՞նչ կ’ըլլայ առաջին պատկերը, որ կը նկարուի մեր միտքերուն մէջ: Ընդհանրապէս նիւթական հարստութեան տէր անձ մը: «Ան իր հօրմէն ոչ մէկ ժառանգ ստացաւ, իր ճակտի քրտինքով շահեցաւ բոլոր ունեցածը»: Շատ գնահատելի եւ օրինակելի է այս երեւոյթը: Անշուշտ թէ նիւթականը կեանքի գոյատեւման համար կարեւոր ազդակ մըն է, առանց որու կարելի չէ ապրիլ, ոչ ալ որեւէ ծրագիր յաջողեցնել: Հոս արտօնեցէք բարձր գնահատական արձանգրել բոլոր նիւթականի տէր այն մարդոց նկատմամբ, որոնք գիտեն իրենց աստուածատուր պարգեւը՝ հարստութիւնը ինչպէս գործածել յօգուտ ազգին եւ կարիքաւորներուն:
Բոլոր նիւթական հարստութիւն ունեցողները անպայմանօրէն իմացական հարստութիւն ալ չունին: Ժագ Ուէլչ ատենին համաշխարհային հսկայ ընկերութեան մը տնօրէնը եւ ներկայիս հեղինակ ու բանախօս, իր «Յաղթել» (The Winning) գիրքին մէջ կը գրէ. « Աշխարհի միլիոնատէրերու 65%ը իմացական համեստ կարողութիւններու տէր մարդիկ են (հեղինակը աւելի զօրաւոր բառ մը գործած է հոս, զոր հայը վարժ չէ կարդալու օրաթերթի մը մէջ)»: «Հապա ինչպէ՞ս այդ հսկայական հարստութիւնները կրցած են դիզել», կրնայ հարց տալ մէկը: Պատասխանը տամ՝ ճիշդ յարաբերութիւն ունենալով, զայն յարմար ատենին գործածելով եւ պատեհ պարագաներու մէջ զայն տքնաջան աշխատանքի վերածելով: Անշուշտ խօսքս վերոյիշեալ 65%ի մասին է: Շատ մը այլ տեսակի հարուստներ ալ կան՝ ստեղծագործները, բժիշկները, արուեստագէտները եւ այլ մարզի անձնաւորութիւններ, որոնց գործերը կը վկայեն իրենց արժանավայել տիտղոսներուն եւ հարստութեան վերաբերեալ: Վերադառնանք 65%ին: Յակոբ Պարոնեան խօսելով այս խումբի պատկանող անձի մը մասին, որ ըստ սովորութեան իր հարստութեամբ կը գոռոզանար, կը գրէ. «Եթէ գրպանիդ մէջ գտնուածին համար կ’ուզես, որ քեզ յարգենք, ուրեմն ամէն յարգանք գրպանիդ մէջինին է, ոչ քեզի»: Մեր նախնիները ճիշդ ըսած են, թէ «ամէն ինչ, որ կը փայլի, անպայմանօրէն ոսկի չէ»: Ամէն հարստութեան տէր անձ ալ յարգանքի եւ յաջողակ կոչուելու վայել չէ:
Ինչո՞ւ կը գրեմ այս բոլորը: Պարզապէս հանրութեան շեղած մտայնութիւնը ուղղելու, թէ հարստութիւնը անպայմանօրէն «յաջողութեան» կամ «խելացիութեան» նշան չէ: Երկրորդ՝ ձեւով մը նեցուկ կենալու այն իարզերկ պաշտօնեաներուն, որոնք այդ 65%ի ձեռքին տակ աշխատելով կը տառապին: Իսկական թշուառութիւն մը՝ քիչ վարձատրութիւն, երկար աշխատանքային ժամեր, յարատեւ անարգանք, անձնականին միջամուխ ըլլալ, տաղանդներ անտեսել եւ շատ մը այլ «առաքինութիւններ» նշուած են այս «յաջող եւ իմաստուն» մարդոց կողմէ:
Յաջողութիւն բացատրելու համար պատմութիւն մը կ’ուզեմ պատմել: Շատերս գիտենք, որ Պրազիլ Ֆութպոլի մէջ յառաջացած երկիրներէն մէկն է: Թէեւ աղքատ ընտանիքներու զաւակներ, բայց շատ մը փոքրեր երազ ունին օր մի Փելէ ըլլալու առիթը ունենալու: Թիթեղաբանակ արուարձանի մը մէջ, ուր բնակչութիւնը հրոսակներու բռնատիրութեան տակ կ’ապրի, փոքրերը ֆութպոլի խումբեր կազմելով կը խաղան, երազելով օր մը ճակատագիրը զիրենք բարձր մակարդակի խումբերու պիտի միացնէ: Բայց այս անմեղ փափաքը կը մառէր՝ ամէն անգամ, որ փողոցային թմրամոլ տղաք կու գային եւ արգելք կ’ըլլային իրենց խաղին ու երազին: Հին ֆութպոլիստ մը, որ իր կարգին թիթեղաշէն տունի մը մէջ կը բնակէր, տեսնելով այս երեւոյթը կը հաւաքէ տաղանդաւոր մանուկները եւ զանոնք ձրիաբար կը մարզէ, անոնց մէջ իրենց երազը վառ պահելով, որ իրենք ալ կրնան բարձունքներու հասնիլ: Լսելով քաջ մարզիչին մասին, հրոսակները իրիկունով կու գան եւ զէնքերու կրակոցներով կը ծակծկեն մարզիչին տունը: Մարզիչը կը վիրաւորուի եւ ոտքին վրայ վէրք մը կրելով, մնայուն կերպով կը կաղայ: Սակայն այս սպառնալիքը եւ վնասը զինք չեն կասեցնէր իր նպատակը իրականացնելու: Կը շարունակէ այդ փոքրերուն յոյս ներշնչել ֆութպոլով, փոխանակ անոնց ձգելու, որ ոճիրի եւ թմրեցուցիչի ճամբան որդեգրեն:
Ահաւասիկ յաջողակ անձ մը:
Ծանօթ. Այս մասին կրնաք կարդալ Սթեֆըն Քովիի «8րդ Սովորութիւնը» (The 8 Habit) գիրքին մէջ: