Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

1975ի Արարատ-Պայերն Միւնիխ Հանդիպման Մասին Տեղեկութիւններ

*ԶՕՀՐԱՊ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ*

Կիրակի օր կարդացի «Արարատ» օրաթերթի 20 Մարտ 2016ի համարի Բ. էջով տրուած կարճ լուր մը, հայրենի Արարատ եւ (արեւմտա)գերմանական նշանաւոր Պայերն Միւնիխ խումբերուն միջեւ, Եւրոպայի ախոյեան ակումբներու (Champions Cup) մրցաշարքին գծով կայացած Արարատ-Պայերն երեւանեան հանդիպման մասին: Լուրին հետ կային երկու լուսանկարներ, առաջինը խմբապետներ Ֆրանց Պեքենպաուըրի եւ Յովհաննէս Զանազանեանի (այժմ հանգուցեալ) մուտքը խաղադաշտ, իսկ երկրորդը օրուան մրցումէն դրուագ մը:

Տրուած լուրին մէջ կ’ըսուի, թէ այդ մրցումը կայացած է 41 տարիներ առաջ՝ 19 Մարտ 1975ին, եւ աւարտած է Արարատի 1-0 արդիւնքով յաղթանակով: Միակ կոլը նշանակած է հայրենի խումբի աստղերէն Արկադի Անդրէասեանը:

Արեւմտեան Գերմանիոյ (այդ ժամանակ) եւ Սովետական Միութեան ախոյեաններու հանդիպումներուն օրին հետեւած ըլլալով (ոչ մարզադաշտէն), կ’ուզենք նոր տեղեկութիւններ եւ մանրամասնութիւններ տալ այդ տարուան մրցաշարքին մասնակից երկու խումբերու արիւնքներուն մասին:

Խ. Միութեան 1973 տարուան ախոյեան Երեւանի Արարատը, Եւրոպայի ախոյեան ակումբներու մրցաշարքին մասնակցեցաւ 1974-1975 եղանակին՝ տրուած ըլլալով, որ եւրոպական մրցաշարքը կը սկսէր Սեպտեմբերին, իսկ Խ. Միութեան ախոյեանութեան մրցաշարքը կ’աւարտէր Հոկտեմբերին:

Ախոյեաններու մրցաշարքի առաջին փուլի երթի մրցումին, Արարատ խաղցաւ նորվեկիական Վայքինկ Սթավանկըր խումբի դաշտին վրայ եւ յաղթեց 2-0 արդիւնքով: Զոյգ կոլերը նշանակեց Արարատի ռմբարկու Էտուարտ Մարգարովը: Դարձի հանդիպումին Երեւանի մէջ, հայրենի խումբը յաղթեց 4-2 արդիւնքով: Կոլերու հեղինակներն էին Էտ. Մարգարովը (3 կոլ) եւ Սերկէյ Պոնտարենքոն:

Երկրորդ փուլին Արարատի մրցակիցն էր Իրլանտայի Հանրապետութեան ախոյեան Քորք Սելթիքը, որուն դաշտին վրայ երեւանեան խումբը յաղթեց 2-1 արդիւնքով: Արարատի կոլերը նշանակեցին խմբապետ Յովհաննէս Զանազանեանը եւ յառաջապահ Նիքոլայ Ղազարեանը: Դարձի մրցումին Արարատ շատ «անհիւրընկալ» գտնուեցաւ իր հիւրին նկատմամբ եւ յաղթեց 5 անպատասխան կոլերով: Նշանակեցին Էտ. Մարգարովը՝ 2 կոլ, Ա. Անդրէասեանը եւ Ն. Ղազարեանը՝ 2 կոլ:

Քառորդ աւարտական հանգրուանին Արարատ իր դէմ ունեցաւ ֆութպոլային ակումբներու հսկաներէն Պայերն Միւնիխը: Երթի մրցումին, Պայերնի ամրոցին մէջ, մինչեւ հանդիպման 78րդ վայրկեանը հաշիւը 0-0 էր: Սակայն յաջորդական երկու կոլեր յաղթանակ եւ մեծ թեւեր տուին տեղական խումբին, որուն անդամները մէկական աստղեր էին եւրոպական եւ համաշխարհային ֆութպոլին մէջ: Կոլերը նշանակեցին Հէօյնէսը եւ Թորսթենսընը:

Դարձի սպասուած մրցումին Հայաստանի, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Սփիւռքի հայկական օճախներուն մէջ, աչքերն ու ականջները սեւեռած էին դէպի Երեւան: Արարատ տարաւ արժանի յաղթանակ մը, սակայն միակ կոլով մը, որ բաւարար չէր կիսաւարտականի տոմսակը ապահովելու:        Ա. Անդրէասեան նշանակեց յաղթանակի միակ կոլը:

Այս մրցումը շաբաթներով զրոյցի նիւթ դարձաւ եւ մելան հոսեցուց մանաւանդ հայկական թերթերուն մէջ: «Ազդակ» օրաթերթը իր մարզական էջով եւ մրցումը վերլուծելով, տուաւ անտեղի եւ ոչ-տրամաբանական (այլ բանաւոր կէտերու կողքին) պատճառ մը Արարատի պարտութեան եւ Պայերնի յաղթանակին համար (նկատի ունենալով երկու մրցումներուն արդիւնքը):

Մեզի կը մնայ նշել, որ այդ տարուան մրցաշարքին, Պայերն կրեց մէկ եւ միակ պարտութիւն մը, ան ալ Երեւանի Արարատէն: Հանդիպումէն քանի մը շաբաթներ ետք, Պայերնի, Գերմանիոյ եւ Աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստներէն Ֆրանց Պեքենպաուրը մարզական թերթի մը մէջ իր գրած մէկ յօդուածին մէջ դիտել տուաւ, թէ «Երեւանի մէջ ճնշումը այնքան զօրաւոր էր մեր վրայ, որ պահ մը կարծեցինք, թէ դուրս պիտի մնանք (Պայերնը) մրցաշարքէն»:

Կիսաւարտականին Պայերն առանց կոլերու հաւասարութիւն մը արձանագրեց ֆրանսական Սենթ Էթիէնի դաշտին վրայ, իսկ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը Միւնիխի մէջ:

Չորեքշաբթի, 28 Մայիս 1975ի գիշերը, լիբանանեան պատերազմի ամէնէն տաք օրերէն մէկը, Փարիզի մէջ 50,000 հանդիսականներու ներկայութեամբ կայացաւ՝ 1974-1975 ֆութպոլային եղանակի Եւրոպայի ախոյեան ակումբներու մրցաշարքին աւարտական մրցումը, Պայերնին եւ եւրոպական ֆութպոլի այլ հսկայի մը՝ այդ տարիներուն իր հզօրութիւնը փաստող Լիծ Եունայթըտի միջեւ, որ շահած էր Անգլիոյ ախոյեանի տիտղոսը:

Օրուան իրաւարարն էր ֆրանսացի Միշէլ Քիթապճեանը, որ իր անարդար որոշումներով «օժանդակեց» Պայերնի բաժակակիր դառնալուն: Վերջինս յաղթեց 2-0 արդիւնքով, հակառակ Լիծի յստակ տիրապետութեան խաղի ընթացքին վրայ՝ գիտնալով, որ երկու կոլերու պարագային ալ անգլիական խումբը անիրաւուած էր: Այդ օրերուն բազմաթիւ թերթեր քննադատական գրութիւններով հանդէս եկան Քիթապճեանի հասցէին, իր անարդար սուլիչներուն պատճառով:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին