Այժմ շուրջ 17 հազար սուրահայեր կան Հայաստանի մէջ: Երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսաւ Սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեան` նշելով, որ այդ թիւը ժամանակի ընթացքին կը փոփոխուի` երկիր մուտքերու եւ ելքերու հետեւանքով, կը հաղորդէ panorama.am-ը:
«Կառավարութիւնը ի սկզբանէ որդեգրեց ջերմ եւ հիւրընկալ մօտեցում սուրիահայերու նկատմամբ», շեշտեց Լ. Անտոնեան:
Առանձին-առանձին ներկայացնելով ոլորտային ձեռքբերումներն ու խնդիրները` ան տեղեկացուց, որ այս տարիներուն Հայաստանի մէջ 250 սուրիահայ երախաներ ծնած են, մահացած շուրջ 110 սուրիահայեր, որոնց թաղման ծախսերը եւ գերեզմանատեղի տրամադրաման հարցերը լուծած է պետութիւնը:
«1200է աւելի սուրիահայ ապահովուած են աշխատանքով` թէեւ աշխատանքի տեղաւորման ոլորտը ամենաթիրախայինն է: 80 սուրիահայ բժիշկներ ընդունուած են աշխատանքի` առողջապահութեան նախարարութեան օգնութեամբ: Այստեղ ալ քմահաճութեան խնդիր կայ, շատ յաճախ անոնք չեն յարմարիր պայմաններուն, չեն ուզեր աշխատիլ մարզերու մէջ», ըսաւ ան:
Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետը ձեռքբերումներէն առանձանցուց փաստաթղթային եւ կրթական գործընթացները, որոնք կատարուած են արտահերթ քննման կարգով` ընդգծելով, որ այս բոլոր ոլորտներուն մէջ սուրիահայերուն տրամադրուող ծառայութիւնները կատարուած են անվճար` ՀՀ պիւտճէէն:
Ինչ կը վերաբերի սուրիահայերու ընդելուզման գործընթացին` Լեւոն Անտոնեան նշեց, որ այդ նպատակով արդէն աւանդոյթ դարձած են սուրիահայերու կողմէ կազմակերպուող ցուցահանդէս-վաճառքները, որոնք պարբերական բնոյթ կը կրեն:
Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոնի նախագահ Լենա Հալաճեանն ալ հարց բարձրացուց. «Միւս երկիրները, ուր տեղափոխուած են սուրիահայերը, ինչ տրամադրած են անոնց, որ Հայրենիքը չէ տրամադրած: Եթէ համեմատենք յատկապէս Գանատայի հետ, ուր վերջին շրջանին աւելի շատ կ՛երթան սուրիահայերը, Հայաստանը հազարապատիկ աւելին կու տայ, քան այնտեղ»:
Անոր խօսքով շատ սուրիահայերու ուշ աշխատանք գտնելու համար պատճառ հանդիսացած է այն, որ անոնց ենթագիտակցութեան մէջ եղած է վերադարձը Սուրիա:
2016-ին արձանագրուած «Սուրահայերու միութիւն» անկախ հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Ներսէս Կիւոն ալ յայտնեց, որ իրենց կազմակերպութիւնը կը փորձէ հետամուտ ըլլալ սուրիահայերու խնդիրներուն իրաւական, հարկային եւ մաքսային խորհրդատուութիւններ տրամադրելու գործի հետ կապուած: «Հայրենիք եկողը պարտաւոր է այստեղի օրէնքները յարգելու, ոչ թէ իր պահանջները դնելու», ըսաւ ան: