*Մեթր ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ*
Ելլելով ազատ խօսքի եւ կարծիքի արտայայտման ջատագով ըլլալու մեր սկզբունքէն, տեղ կու տանք այս յօդուածին, մեր վերապահութիւնները ունենալով հոն արտայայտուած կարգ մը միտքերու շուրջ։
«Խմբ.»
Արեւելաhայաստանի նախագահը առիթով մը, երբ սփիւռքահայ սրտացաւ մտաւորական մը գանգատած է հոն տիրող բացասական երեւոյթներուն շուրջ, ափսոսանքով եւ մեղմօրէն հետեւեալ իր պատրաստի պատասխանը տուած է. «Եկէք ես ձեզի նշանակեմ պատասխանատու անձ, մի օր էլ դիմանա»։
Այսքան պարզօրէն եւ նման պաղարիւնութեամբ՝ նախագահը կը խօսի հոն տիրող անդիմանալի իրավիճակին մասին, ինք եւս գանգատող կողմ դառնալով՝ մոռնալով, որ ինք երկիրին բացարձակ իշխանաւորն է եւ հետեւաբար կը կրէ Բարձրագոյն պատասխանատուութիւնը անդիմանալի իրավիճակին մէջ։
Եւ եթէ ջանքեր թափած է ու չէ յաջողած, ինչու՞ չի հրաժարիր՝ մերկացնելով այս իրավիճակին պատասխանատուները, հենելով դժգոհ ժողովուրդի նեցուկին, եւ անոր կոչ ընելով, որ տապալեն տիրող անտանելի համակարգը․․․։ Եւ ինչու՞ իր ժողովուրդին կարծիքէն աւելի կարեւոր կը նկատէ Եւրոպայի իշխանաւորներու կարծիքը, ու եթէ ինք անոնցմէ կախեալութիւն չունի… եւ Եւրոպայի խորհրդարանին բեմէն մարդոց աչքին թոզ կը փչէ սուտ ելոյթներով, թէ Հայաստանի իրավիճակը կը բարելաւուի դէպի տիպար ժողովրդավարութիւն՝ եւրոպական չափանիշներով, անոնցմէ կորզելու համար մեծամեծ գումարներ, որոնք ոչ պետութեան կը հասնին եւ ոչ ալ ժողովուրդին, այլ կը բաշխուին օլիկարխներու միջեւ՝ մեծ մաֆիոզներու սահմանած քոթաներով: Տողերս գրողին յայտնի չէ նախագահի քոթա-ն, բայց յայտնի է անոր չհրաժարելու մեծագոյն խայծը…: Եւ ան կառչած կը մնայ աթոռին, որուն վրայ երրորդ շրջան մըն ալ մնալու հեռանկարով, երկիրին պարտադրեց Եւրոպայի պարտադրած փոփոխութիւնը՝ դէպի խորհրդարանական վարչակարգ. երկիրին աղքատ վիճակը ասոր հետեւանքն է: Եւ առեղծուածայինն ալ այն է, որ այդ աղքատ երկիրին մէջ… յետ-սովետական համակարգի, սունկի պէս աճեր են բազմատասնեակ միլիառատէրեր, որոնք 2015ի ընթացքին երկիրէն դուրս հաներ են 15 միլիառ տոլար…:
Արեւելահայաստանի մէջ միայն իշխանութեան մօտ կանգնած քաղաքացին իրաւունք ունի՝ խօսելու, ապրելու, երկիրի հարստութիւններուն տիրանալու, պիզնես ունենալու, ապարանքներ կառուցելու եւ՝ Հայրենիքէն չարտագաղթելու․․․ մինչ անդին՝ միւս համեստ եւ անտէր քաղաքացիներուն համար, երկիրին մէջ տիրող ընկերային աղաղակող ճնշումներն ու անարդարութիւնները՝ անօրինականութիւնն ու անպատժելիութիւնը եւ զորպաներու ահաբեկչութիւնները պատճառ կը դառնան, որ հայ կանայք ուրիշ ելք չեն գտներ բացի՝ լքելէ ամէն ինչ եւ բոլորին՝ ընտանիք, զաւակներ, ազգ ու Հայրենիք, երթալու այլ երկիրներ, ու նոյնիսկ Ծոցի երկիրներ եւ անգամ Թուրքիա․․․ մարմնավաճառութեան, գողութեան եւ անգամ ոճրագործութեան համար, ինչպէս այս տարուան Փետրուարի 6-ի քստմնելի ոճիրը՝ Իսթանպուլի Հայկական Շիշլի թաղին մէջ (որուն գերեզմանատան մէջ յաւիտենական նինջի մէջ է Պետրոս Դուրեան․․․)։ Հայաստանէն փախստական հինգ հայ կանանց դերակատարութեամբ, կողոպուտի շարժառիթով, որուն զոհ գնաց 85 ամեայ հայ ծերունի մը, եւ հիւանդանոց տարուեցաւ 79 ամեայ անոր հայ կողակիցուհին․․․։ Ոճիր մը, որուն ոճրագործները եւ զոհերը հայեր են, որուն թատերաբեմը՝ Հայութեան թշնամի երկիրը, եւ որուն ժամանակը՝ Տարագրութեան ու Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի շանդալից միջոցառումներու անմիջական վաղորդայնը։
Տակաւին աթոռին պինդ կառչած նախագահ Սերժի օրով, մեր թշնամի երկիրէն՝ Թուրքիայէն լոլիկ, բանջարեղէն, մթերքներ եւ այլ ապրանքներ ներածելով Արեւելահայաստան․․․ կը սնանկացուին հայրենի գիւղացիութիւնն ու արհեստաւոր դասակարգը, մոռացութեան տալով այն տիեզերական ճշմարտութիւնը, թէ երկիրի մը գոյատեւութեան ու ինքնապաշտպանութեան ամէնէն հաւատարիմ պահապաններն են՝ գիւղացիներն ու բանուորները, ժողովուրդի մը աշխատաւոր դասակարգը, մինչ հարուստները՝ վտանգի պահուն փախուստ կու տան երկիրէն։
Շիրվանզադէն եւ կարգ մը ակադեմականներ, ինչպէս Վ․Չալոյեան, շեշտած են, թէ «Ազգը եւ Հայրենիքը պահում են՝ սահմանապահ գիւղացիները»․․․։ Բայց Արեւելահայաստանի սահմանային գօտիներու գիւղացիութիւնը կը գտնուի շատ տխուր վիճակի մէջ։ Մինչդեռ ռուս գրող Իվան Վասիլի դիտել տուած է, թէ «Գիւղի կործանումը նշանակում է՝ երկիրի կործանում․․․»։
Սակայն նախագահը անտարբեր կը մնայ այս ահազանգային իրավիճակին դիմաց, ինչպէս անտարբեր կը մնայ նաեւ նոյնիսկ՝ Հայկական բանակին մէջ տիրող բացասական երեւոյթներուն դիմաց, զորս շատ բնական կը գտնէ եղեր․․․ըսելով, թէ «Բանակը հասարակութեան հայելին է», հետեւաբար կ՛արդարացնէ հասարակութեան մէջ գտնուող բացասական երեւոյթներուն կրկնապատկերը բանակէն ներս․․․։ Բայց հասարակութեան բացասական երւոյթները ժառանգը եւ հետեւանքը չեն հայ ժողովուրդի ծիներուն, այլ էականօրէն հետեւանքը երկիրին մէջ տիրող վայրի դրամատիրական համակարգին, որուն գլուխը եղող նախագահը Թիւ մէկ պատասխանատուն է հասարակութեան բացասական երեւոյթներուն եւ բանակին, որուն ի պաշտօնէ ընդհանուր հրամանատարն է ինք․․․։
Այս ահազանգային իրավիճակը կարելի չէ կոծկել կամ մոռացութեան տալ, կամ վարագուրել՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Սերժի հովանաւորած մեծամբոխին օլիկարխիական տօնահանդէսով կամ քաղցրահունչ ու վեհաթռիչ «100 ամեակի հռչակագիր»ով։
Մենք՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան Սփիւռքի մտաւորականներս, գէթ 100-րդ տարելիցի Մեծ ստուգատեսին պարտաւոր ենք հաշիւ պահանջելու նախագահէն՝ երկիրին մէջ ընթացող այս հայկական եղեռնագործութեան համար։ Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագիրէն յետոյ, հոն հաստատուած նոր համակարգը կ՛իրականացնէ նոր Եղեռն մը՝ Ժողովուրդին, երկիրի ստորերկրեայ եւ վերգետնեայ հարստութիւններուն ու կենսոլորտին նկատմամբ։ Քառորդ դար է ահա՛, որ Հայրենիքը յետընթաց շարժումի մէջ է եւ երկիրը կը հայաթափուի․․․։ Քանդուեցան ու կը շարունակուի քանդուիլ՝ անցեալէն ժառանգուած ընկերային արդարութեան, տնտեսական, շինարարական, գիտութեանց եւ Հայ մշակոյթի բնագաւառներու Մեծ իրագործումներու պաշարը, եւ փոխարէնը ոչ մէկ բնագաւառի մէջ յառաջընթաց կ՛արձանագրուի հոն։
Իսկ Տարագիր Արեւմտահայութեան Սփիւռքի ղեկավարները կարծէք հաւկոյր դարձած են․․․ «խուլ, կոյր ու մունջ վասակներ» պիտի ըսէր Յակոբ Պարոնեան, որ չեն տեսներ, կամ կը տեսնեն եւ չտեսնելու կու տան ու մունջ կը մնան, եւ հարց չեն տար այս համակարգի իշխանաւորներուն, թէ ուր՞ կը գլորէք Հայրենիքն ու հայ ժողովուրդը։
Այդ ղեկավարները նաեւ մունջ մնացին 100-րդ տարելիցի Մեծ ստուգատեսին եւ չբարձրացուցին Հայոց հողային դատի պահանջը, որ կ՛ենթադրէ Տարագիր Արեւմտահայութեան Վերակազմակերպումը՝ կեդրոնական, ներկայացուցչական (ԸՆՏՐՈՎԻ) եւ իրաւական միակ լիազօր կառոյցի մը մէջ՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան Համասփիւռքեան Քոնկրէսի մէջ ՏԱՀՔ, վերջ տալու համար Սփիւռք ինքնամոռացումին եւ անգլուխութեան ու ամլութեան, քանի որ Արեւելահայաստանի օլիկարխիական համակարգը անոնցմէ պահանջած է ներգրաւուիլ Հայաստանակեդրոնութեան բացասական հասկացութեան մէջ։
Մինչդեռ հայաստանակեդրոն թէ համապարփակ, յառաջընթաց դրական եւ բեղմնաւոր հասկացողութիւնը կը պահանջէ՝ ոչ թէ Սփիւռքը զոհել Արեւելահայաստանին, այլ ընդհակառակը՝ հզօրացնել Սփիւռքը, իրականացնել անոր միասնականութիւնը եւ կեդրոնաձիգ կազմակերպուածութիւնն ու ազդեցիկութիւնը, որովհետեւ միասնացուած, կեդրոնացուած ու հզօր Սփիւռք մը՝ շատ աւելի մեծ օժանդակութիւն կրնայ տալ Արեւելահայաստանին եւ Արցախին, համահայութեան: