Հայաստան մշակած է «Զինուած դիմակայութիւնը զսպելու» նոր հայեցակարգ: Այս մասին Մարտ 21-ին, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ, ՀՀ Զինուած ուժերու (ԶՈՒ) ղեկավար կազմի գործնական հաւաքներու մեկնարկի ժամանակ, իր խօսքին մէջ նշած է ՀՀ նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան:
Նախագահի մամուլի գրասենեակէն կը յայտնեն, որ Սերժ Սարգսեան անդրադարձած է նաեւ անցեալ տարի շփման գիծին վրայ արձանագրուած սրումին, ինչպէս նաեւ իրավիճակին Հայաստանի Հանրապետութեան մերձատարածքին` ինչպէս Սուրիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ: «Տարեվերջին ՀՀ Զինուած ուժերը ստացան որակապէս նոր սպառազինութիւն եւ յետագայ մատակարարման երաշխիքներ: Ալ աւելի կարեւոր է, որ մշակած էք ձեր օգտագործած եզրոյթով` «Զինուած դիմակայութիւնը զսպելու» նոր հայեցակարգ: Կը կարծեմ օգտակար կ՛ըլլայ գործնական հաւաքի ընթացքին ներկայացնել պաշտպանութեան նախարարութեան մօտեցումները՝ տարածաշրջանին մէջ ռազմաքաղաքական իրավիճակի եւ երկիրի անվտանգութեան ապահովման ուղղուած գործառոյթներու կատարման նկատմամբ», ըսած է նախագահը եւ շարք մը այլ առաջարկութիւններ ներկայացուցած ու համապատասխան ցուցմունքներ տուած գործնական հաւաքներու մասնակիցներուն:
Հանրապետութեան նախագահը ներկաներուն մաղթած է արգասաբեր աշխատանք ու աշխոյժ մասնակցութիւն գործնական հաւաքներուն եւ պատասխանած է հաւաքի մասնակիցներուն հետաքրքրող բազմաբնոյթ հարցերուն, որոնք վերաբերած են ԼՂ հիմնախնդիրի կարգաւորման բանակցային գործընթացի ներկայ փուլի վիճակին, սահմանամերձ բնակավայրերու խնդիրներուն, դաշնակից պետութիւններու հետ համագործակցութեան ընթացիկ հարցերուն, ազատամարտիկներու, վեթերաններու եւ զինծառայողներու ընկերային պայմաններու բարելաւման ուղղութեամբ նախատեսուող ծրագիրներուն եւ այլն: