Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Յաղթանակի Ովսաննաներ Տխրապատ Երկիրի Մէջ

                                                                        *ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ* 

Անոնք օտարի լուծին տակ կը հառաչէին: Ե՞րբ պիտի տեսնէին բռնակալին  ծանր լուծը հեռացած իրենց ազգի վիզէն եւ հեռու պապենական հողերէն: Յանկարծ յոյսի աւետիսի փսփսուք մը սկսաւ շշնջալ չորս դին: Արքայ մը պիտի այցելէր իրենց քաղաքը, սպասուած խաղաղութիւնը վերահաստատելու: «Ովսաննաներ» աղաղակելով դուրս եկան դիմաւորելու զինք: Իրենց աղաղակներուն մէջ սակայն թաքնուած աղերս մը կար՝ «Տէր Ազատէ մեզ օտարի լուծէն»: Բայց  անոնք իրենց վիշտերով ծարաւած, չէին հասկցած եկող Արքային ինքնութիւնը եւ անոր հաստատելիք Արքայութիւնը: Ամենակարեւորը տակաւին այն էր, որ չէին իմացած իսկական թշնամին, որուն վրայ վերջնական յաղթանակ տանելու համար եկած էր սպասուած Արքան: Աղաղակող ժողովուրդը եբրայեցիներն էին,  իսկ սպասուած Արքան՝ Քրիստոսը:

2000 տարիներ ետք արեւմտեան տօնացոյցի հետեւող քրիստոնեաներ՝ահաւասիկ անգամ մը եւս կը յիշատակեն Քրիստոսի այդ յաղթական մուտքը Երուսաղէմ: Ծաղկազարդը փոքրերու տօնն է կ’ըսեն: Ի հարկէ երբ փոքրեր ըսենք անմիջապէս ուրախութեան պատկերը կը նկարուի մեր միտքերու մէջ:  Իրենց գոյնզգոյն զգեստներով եւ զարդարուած մոմերով, խնդալով ու լալով բոլորի սիրտերուն եւ հոգիներուն զուարճութիւն պատճառող:

Ես ալ իմ կարգիս ըստ պատշաճի եւ սովորութեան, կանուխէն ընտանեօք պատրաստուեցանք, այս օրուայ օրհնութիւնը առնելու եկեղեցական արարողութիւններուն մասնակցելով: Սակայն այս տարի յատկանշական եւ գնահատելի պատկերի մը հանդիպեցանք, որու մասին անպայմանօրէն ուզեցի ձեզ հետ բաժնեկցիլ:  Հայ կաթողիկէ Ս. Եղիա–Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին բերնէ բերան լեցուն էր հաւատացեալներով: Պատարագիչն էր Գեր. Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան: Ըստ աւանդութեան պատարագի աւարտին պատարագիչն ու հաւատացեալ ժողովուրդը, թափօրով դուրս կու գան մանուկները գրկելով եւ ուսերու վրայ շալկած ու կը շրջին եկեղեցւոյ շրջապատը: Շատ չհեռացած եկեղեցիէն տեսանք, որ մեզի կը սպասէին  մօտիկը գտնուող «Մար Մարուն» եկեղեցւոյ հովիւն ու հաւատացեալները: Երկու ժողովուրդներ միսային հայերէն եւ արաբերէն շարականներով շարունակեցին իրենց յաղթական թափօրը: Քիչ անդին այս անգամ «Աւետման Կոյս» յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւն ու ժողովուրդը  միացան ամբոխին: Պատկերը հրաշալի էր: Տարբեր համայնքներէ հաւատացեալները իրարու հետ շարականներ երգելով, խօսելով եւ խնդալով յաղթական Արքային Երուսաղէմ մուտքի պատկերը վկայեցին՝ շրջակայ բնակիչներուն եւ անցորդներուն:

Աւարտին հովիւները միացած Ս.Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դրան մօտ՝ հաւատացեալներուն վերջին օրհնութիւն տուին: Մարոնի եկեղեցւոյ հովիւը ըսաւ. «Սիրելիներ, մենք մեր եկեղեցական  շարականներու մէջ երգեցինք՝ Ովսաննա ի Բարձունս. Օրհնեալ ան որ կու գայ Տիրոջ անունով: Բայց հիմա կ’ուզեմ կեանքի վերածենք այս աղաղակը եւ բոլորս միաբերան աղաղակենք՝ Ովսաննա ի բարձունս. օրհնեալ է Ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով»:  Հոգեպարար երեւոյթ էր, երբ բոլոր հաւատացեալները միաբերան բարձրահնչիւն աղաղակեցին՝  «Ովսաննա, օրհնեալ է ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով»: Ապա գերյարգելի Տ. Գէորգ Ծ. Վ. Եղիայեան խօսք առնելով ըսաւ. « Մենք քրիստոնեաներս յոյսի զաւակներ ենք. որպէս այդ պէտք է վկայ ըլլանք մեզ շրջապատող պատերազմներու եւ տագնապներու մէջ: Յաղթական Քրիստոս մեզի հետ է: Պատերազմի սկիզբէն բացայայտ է յաղթական կողմը: Գացէք եւ այս օրուան յոյսը տարածեցէք ձեր շրջանակներուն մէջ»: Աւարտին պատարագիչ գերապայծառ Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան իր պահպանիչով օրը կնքեց:

Ժողովուրդը չէր ուզեր բաժնուիլ այդ հոգեթով մթնոլորտէն: Բայց ի վերջոյ պիտի վերադառնային իրենց տուները: Բոլորը մէկ խորհուրդ տարին իրենց հետ՝ հակառակ բոլոր պատահածներուն եւ հակառակ մեր տխրապատ երկիրին, կարելի է յոյսի եւ յաղթանակի «Ովսաննաներ» բարձրացնել, փոխան գանգատի եւ տրտունջի:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին