*ԱԼՊԷՐ ՔԷՇԻՇ*
Ինչպէս Մերձաւոր Արեւելքի սփիւռքահայ գաղութները, պոլսահայ համայնքն ալ հիմնականօրէն կը ներկայանայ որպէս պահպանողական ժողովուրդ՝ իր առօրեայ կենցաղով: Մասնաւորաբար մինչեւ 1990ական թուականներու սկիզբը, պոլսահայութիւնը մեծ մասամբ պահպանեց իր այս դիմագիծը: Սակայն յիշեալ ժամանակէն սկսեալ զգալիօրէն փոխուեցաւ այս հանգամանքը: Այս փոփոխութեան փաստերէն մէկն է նաեւ համատարած խառն ամուսնութիւններու երեւոյթը:
Չափահասներուն իրենց ցանկութեան համաձայն ազատօրէն կողակից մը ընտրելու իրաւունքը տարակոյս չկայ, որ բողոքի կամ քննադատութեան առարկայ մը չի կրնար դառնալ՝ արդի եւ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ: Ես անձամբ կը յարգեմ եւ կը պաշտպանեմ այս իրաւունքը: Սակայն կարգ մը տուեալներով եւ ենթադրութիւններով, եթէ պոլսահայ համայնքի անդամներուն մօտաւորապէս 40 առ հարիւրը կը ձգտի ամուսնանալ այլ ազգի կողակիցի մը հետ, այդ պարագային կարեւոր կը նկատեմ կեդրոնանալ այս երեւոյթին վրայ՝ իր տարբեր երեսակներով:
Մեծ Եղեռնը յաջորդող տարիներուն, պոլսահայութիւնը ունեցաւ պահպանողական դիրք մը, որ կը բխէր հայ ինքնութիւնը պահպանելու մտահոգութենէն: Միեւնոյն ժամանակ երկիրի ոչ մահմետական հաւաքականութիւններուն համար, աննպաստ քաղաքական պայմանները ալ աւելի կը պարտադրէին միասնականութիւնը հայ համայնքին մէջ՝ ամրացնելով տիրող պահպանողական մթնոլորտը: Հետեւաբար պոլսահայ համայնքը որդեգրեց ապրելակերպ մը, որ սահմանափակուած էր եկեղեցիի, դպրոցի եւ կարգ մը այլ հայկական հաստատութիւններու շրջանակով: Աշխատանքային կեանքի մէջ ալ երեւելի էր հայ համայնքի միասնականութիւնը: Առաւել եւս հայ համայնքը ընդհանրապէս կը բնակէր հայկական թաղերու մէջ: Այս բոլորը պատճառ դարձան մեկուսացած եւ կղզիացած կենցաղի մը, որ կարելի եղածին չափ քիչ շփումներ կը պարտադրէր երկիրի այլ ազգի բնակչութեան հետ:
Հայ եկեղեցին պոլսահայութեան եւ սփիւռքահայութեան առօրեային մէջ յատուկ տեղ մը գրաւած է: Յատկապէս անկախ Հայաստանի չգոյութեան տարիներուն՝ եկեղեցին պաշտօնապէս չհռչակուած պետութեան մը ներկայացուցիչի նման դեր մը ստանձնած էր՝ համայն սփիւռքահայութեան համար: Սփիւռքահայ գաղութներուն մէջ տեղի ունեցած կրթական, տնտեսական, նաեւ պետութեան հետ ի յայտ եկած հարցերը մեծ մասամբ կը լուծուէին տեղւոյն հայ եկեղեցիին միջնորդութեամբ եւ հովանաւորութեամբ: Եկեղեցիին այս առաքելութիւնը նմանապէս ի զօրու էր պոլսահայ համայնքին համար ալ: Հասարակ կեանքին գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն մէջ, զգալի ներկայութիւն մը ունեցող եկեղեցին առանց նկատի առնելու ամուսնութիւն մը երեւակայել հնարաւոր չէր: Այս իրողութիւնը շատ կարեւոր պատնէշ մը կը հանդիսանար խառն ամուսնութիւններուն առջեւ: Այն անհատները, որոնք եկեղեցին մէկ դի թողլով կը նախընտրէին այլ ազգի մը հետ ամուսնանալ, բացարձակապէս կը մերժուէին ո՛չ միայն համայնքին, նաեւ իրենց ընտանեկան պարագաներուն կողմէ:
Պոլսահայութեան համար հայկական դպրոց մը յաճախելը այլ ընտրանք չուներ: Հազուադէպ էին տեղական՝ ոչ հայկական դպրոցներ յաճախող հայ աշակերտները: Հարկ է նշել, թէ տղաքը իրենց նախնական ուսումը ստանալէ ետք՝ ընդհանրապէս կը հեռանային դպրոցէն եւ կը սկսէին աշխատիլ հայ վարպետի մը կամ խանութպանի մը քով՝ որպէս աշկերտ: Իսկ աղջիկներուն համար աւելի ընդունելի էր իրենց ուսումը նախակրթարանէն յետոյ ալ շարունակել եւ բարձրանալ մինչեւ համալսարան: Այս երեւոյթը բարձր ուսում ստացած կանանց նախակրթարանէն ետք դպրոցէն հեռացած, սակայն արհեստաւոր մարդու մը հետ ամուսնութեան պատճառ կը դառնար: Սոյն ընթացքը շարունակելի չէր եւ բնականաբար տեղի տուաւ աւելի պատշաճ կողակիցներ որոնելու: Վերջին տասնամեակներուն պայմաններու փոփոխութեան բերումով, արհեստը իր անցեալի կարեւորութիւնը կորսնցուց եւ հետեւաբար տղաքն ալ սկսան բարձր ուսում ստանալ՝ աւելի փայլուն եւ ապահով ապագայ մը կերտելու համար: Այս որոնումները տեղի տուին նախակրթարանէ սկսեալ՝ հայ վարժարաններէն շատ աւելի ճոխ պայմաններ ներկայացնող սեփական եւ օտար դպրոցներ յաճախելու ուղղուած ձգտումի մը: Ալ հայ համայնքը սկսած էր իր կղզիացած դիրքէն հեռանալ՝ շատ աւելի շփուելով տեղացի ժողովուրդին հետ, փոքր տարիքէն սկսեալ:
Վերոյիշեալ իրողութեան միացաւ նաեւ հայ համայնքին արտագաղթը դէպի այլ երկիրներ: Բնակչութեան նուազումը աստիճանաբար աւելի մեծ արագութիւն ստացաւ: Միւս կողմէ Պոլիսը հետզհետէ կը հեռանար իր պատմական ու սովորական դիմագիծէն: Պոլսոյ բնակչութեան աննշան մէկ մասը կը կազմէր հայ ժողովուրդը: Իսկ հին հայկական թաղամասերը, Թուրքիոյ այլ նահանգներէն դէպի Պոլիս գաղթողներու բնակավայրը հանդիսացաւ: Դրացնութիւնը իր հին իմաստը եւ հանգամանքը կորսնցուց: Բացի այդ Պոլսոյ արուարձանները հիմնուեցան նոր թաղեր, ուր կառուցուեցան ճոխ եւ արդիական բնակարաններ: Պոլսահայոց մէկ մասն ալ տեղափոխուեցաւ այս հեռաւոր թաղամասերը, ուր ո՛չ հայկական եկեղեցի գոյութիւն ունէր, ոչ ալ դպրոց: Հին հայաշատ թաղերը իրենց նախկին կարեւորութիւնը կորսնցուցին եւ հայաթափուեցան: Պոլսահայոց արտագաղթին առընթեր, այս աննախընթաց երեւոյթն ալ թափ տուաւ հայ վարժարաններ յաճախող աշակերտներու նուազումին: Հայախօսութիւնը կը նահանջէր նոր սերունդին մօտ:
Տուեալ պայմաններու ներքեւ ձուլումը անխուսափելի դարձաւ: Հայախօսութիւնը պոլսահայոց մեծամասնութեան առաջնահերթութիւնը ըլլալէ դադրեցաւ: Այս իրողութիւնն ալ խրախուսեց ձուլումը եւ խառն ամուսնութիւնները:
Նշեալ կացութեան դիմաց, պահպանողականութիւնը ի վիճակի չէր կասեցնել ներկայ ընթացքը: Ի՞նչպէս կարելի էր դիմագրաւել արդի մարտահրաւէրները սովորական միջոցներով: Տեղական եւ միջազգային բարքերու եւ արժէքներու տիրապետութեան դէմ, ի՞նչպէս պիտի ըլլար մեր պաշտպանութիւնը: Նոր սերունդը կարելի՞ էր զրկել հեռատեսիլ դիտելէ կամ համակարգիչ օգտագործելէ:
Մայրենիին հետզհետէ անհետացումը կենսական վէրք մը կը բանար հայեցի ինքնութեան մէջ: Բացի հաւատքէ ի՞նչ էր հիմնական տարբերութիւնը հայ եւ տեղացի ազգին հետ: Ի՞նչ պիտի ըլլար խառն ամուսնութիւններէ ծնած երախաներուն հայեցի ինքնութիւնը: Արդեօք ձուլումը իր վերջին հանգրուանի՞ն կը հասնէր:
Ուսման եւ աշխատանքի սովորական համակարգին փոփոխութիւնով, տեղացի ժողովուրդին հետ շփումները աւելի յաճախակի եւ պարտադիր հանգամանգ մը ստացան: 15 միլիոնէ աւելի բնակչութեան տէր քաղաքի մը մէջ բարձր ուսման, աշխատանքի եւ բնակութեան վայրի բերումով ցրուած 60 հազարնոց պոլսահայութիւնը, ի՞նչպէս պիտի ընտրէր իր սպասումներուն համապատասխան կողակիցը՝ նօսրացած հայ համայնքին մէջէն: Ընտրանքները շատ սահմանափակ էին: Պէտք է ընդունիլ, որ ամուսնութիւնը իրարու համապատասխան եւ համաձայն կողակիցներու կամաւոր միութիւնն է: Մասնագիտութեան եւ կրթութեան մակարդակի առումով իրարու հետ պատշաճ, միասնական հայեացքի եւ տեսլականի մը տէր զոյգերն են, որ կրնան առողջ եւ երջանիկ միութիւն մը կազմել: Միեւնոյն ատեն զգացումներու, սպասումներու եւ ցանկութիւններու միասնութիւնն է ամուսնութիւնը: Այս յատկանիշներէ զերծ զոյգ մը, ի՞նչպէս պիտի կարողանար կերտել կայուն ամուսնութիւն մը՝ այն միակ պատճառով, որ կողակիցը ազգութեամբ հայ էր:
Արդի արհեստագիտական միջոցները իրենց բացասական ազդեցութեան կողքին, աննախադէպ հնարաւորութիւններ ալ կ’ընծայեն հայ ազգին համար: Այժմ շատ դիւրին է կապ հաստատել Հայաստանի եւ Սփիւռքի հետ՝ համացանցի միջոցաւ: Հայ ժողովուրդը որքան ալ ցրուած ըլլայ, դատապարտուած չէ իր բնակավայրին մէջ սահմանափակ եւ մեկուսացած կեանք մը վարելու: Իմ կարծիքով ներկայ աշխարհի հրամայականն է միաւորուիլ որպէս մէկ ազգ: Պոլսահայ, սուրիահայ, լիբանանահայ, արժանթինահայ եւ գանատահայի նման անուանումներու տակ գոյութիւն առած պառակտումները ժամանակավրէպ են: Միլիոններով հաշուող աշխարհասփիւռ հայութեան հետ շփումներ հաստատելով, նոր սերունդը պիտի կարենայ ստեղծել անհամար ընտրանքներ՝ այլ նիւթերու կողքին ամուսնութեան համար ալ: Ուշագրաւ է, որ պոլսահայոց մօտ օտար ազգի հետ ամուսնութիւններ կնքողները՝ ճնշող մեծամասնութեամբ հայախօսներ չեն: Համայն աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած հայ ազգին հետ շփումներ հաստատելու եւ ինչո՛ւ չէ հայեցի ընտանիքներ կազմելու համար, մեր գլխաւոր բանալին համայն հայոց մայրենի լեզուն՝ հայերէնն է: Կարճ խօսքով՝ ժամանակակից մարտահրաւէրներուն առընթեր հարկ է նկատի առնել արդի հնարաւորութիւնները: Պոլսահայութիւնը ի վիճակի է տարիներ շարունակ պարտադրուած իր պատեանէն դուրս գալով, կերտել նոր հայեցի ինքնութիւն մը՝ ամուսնութեան հիման վրայ:
«Արեւելք»