Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Գիտութեան Զարգացումն Ու Մարդկային Բնոյթը

*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*

« Տարօրինակ , տարօրինա՜կ մարդ արարած,
Մոմի լոյսով՝ խաւարին մէջ համատարած
Կը հալածես դուն տեսիլքներ արեւավառ,
Կը խարխափես եւ խաւարին չես հաւատար…»:

Մուշեղ Իշխան

Տիեզերքի ստեղծագործութեան սկիզբէն ի վեր, մարդ արարածին մէջ  միշտ վառ մարմաջ եղած է, որ ինքզինք աստուած հռչակէ: Այս ցանկութեամբ էր, որ «Առաջին Մարդը» իր երանական վիճակը կորսնցուց եւ անոր յաջորդող սերունդները հազարաւոր ու հազարաւոր դարեր ետք տակաւին չսորվեցան, որ մարդը Աստուած չէ: Ստեղծագործելու կարողութիւնը Աստուածատիպ պատկերներէն մէկն է մարդու մէջ: Իւրաքանչիւր ստեղծագործութեան հետ, մարդ անգամ մը եւս կ’իյնայ միեւնոյն հին թակարդ-խաբկանքի կամ խաբկանք-թակարդի մէջ, թէ ինք աստուած է: Վերջին յիսուն տարիներու ընթացքին, գիտութիւնը այնպիսի արագ կշռոյթով մը յառաջդիմեց եւ  այնպիսի ստեղծագործութիւններ յայտնաբերուեցան, որոնց դիմաց մարդ այլեւս կասկած չուներ, թէ ինք աստուած էր: Աստուած ըլլալ կը նշանակէր, որ  ան այլեւս այլ աստուածներու կամ Աստուծոյ մը կարիքը չուներ: Տեսնելով իր ձեռագործ ստեղծագործութիւնները, զմայլած եւ շշմած անոնց  սքանչելիքներուն դիմաց, ան սկսաւ «պաշտել» զանոնք: Եթէ միայն բժշկական աշխարհէն ներս մտնենք եւ նկատենք կատարուած «հրաշքներ»ը, իսկապէս որ մարդուն համար դժուար պիտի ըլլար ինքզինք աստուած չհռչակելը: Տակաւին չենք խօսիր գիտութեան այլ մարզերու մասին, որոնք բոլորը համապարփակօրէն կու գան մարդկային կեանքը առաւել դիւրացնելու եւ զարդարելու: Մարդկութիւնը շատ բան կը պարտի բոլոր այն հանճարեղ ստեղծագործ միտքերուն, որոնք իրենց անձերը մոմի նման հալեցուցին, որպէսզի լուսաւորեն իրենց նմանը:

Որպէս արդիւնք գիտական յառաջդիմութեան, անաստուածութեան հոսանք մը առաւել շեշտաւորումով քան երբեք, համաճարակի նման սկսաւ տարածուիլ երկրագունդի վրայ: Ամէն անգամ, որ մարդ արարածը տարօրինակ երեւոյթի մը դիմաց գտնէր ինքզինք, «20րդ դարու մէջ անընդունելի է նման երեւոյթներ» ըսելով կը պոռթկար: Այսինքն լուսաւորուած մարդկութիւնը այլեւս չի կրնար ընդունիլ որեւէ երեւոյթ, որ իր յառաջդիմութեան հետ զուգահեռօրէն չի քալեր: Աստուծոյ գոյութի՞ւն. խաւարամտութիւն է:

Լուսաւորութեան 21րդ դարը…։

Տարիներ անցան եւ վրայ հասան «Գարնանային» յեղաշրջումի եւ նորոգութեան օրերը: Կարծելով, որ այս ալ յառաջդիմութեան այլ դէմք մըն է, շատեր ծափահարութեամբ ողջունեցին հորիզոնի վրայ երեւցող նշուած «Գարուն»ը:  Սակայն այս գարունը ամպամած երկինքով եկաւ: Անձրեւներ եւ մրրկածուփ փոթորիկներով աւելի աւեր բերաւ, քան խոստացուած բարեփոխումները: Մարդկութիւնը սկսաւ տեսնել այնպիսի դէպքեր եւ վկայ ըլլալ այնպիսի երեւոյթներու, որոնց մասին պատմութեան՝ շատ հին պատմութեան խաւարամած էջերուն մէջ կը կարդար: «Յետամնաց» արեւելքը անապատաբնակ ժողովուրդի բարքերու ու  բարբարոսութեան օրերը սկսաւ վերապրիլ: Իսկ «քաղաքակրթուած» արեւմուտքը զայն դիտելով՝ զուարճանալ: Պահ մը դուն քեզ կը կարծես, որ «Hunger Game» (Անօթութեան Խաղը) ֆիլմ մըն է, որ  կը դիտես: «Քաղաքակրթուած» մարդիկ բաժակներ խմելով եւ կատակելով իրենց ժամանակը կ’անցնեն, պաստառներու վրայ անզօր մարդոց զիրար սպաննելը դիտելով: Այլեւս «որոմը ցորէնէն» զատելը առաւել դժուարացաւ: Տաէշն է ոճրագործը, թէ՞ ձեռնածալ նստող Արեւմուտքը: Մարդասպանութիւնը «արուեստ» դարձաւ: Նոր ստեղծագործութիւնները գիտութեան դաշտին մէջ չէ որ կը կատարուէին, այլ մարդ սպաննելու նորաձեւութեանց մէջ: Բայց գիտէ՞ք ինչ. գիտութեան յառաջդիմութեամբ հպարտացած մարդկութիւնը սթափեցաւ: Ան անգամ մը եւս ինքզինք գտաւ, որ ինք նոյն մարդն է՝ յառաջդիմած կամ յետամնաց: Զարգացումը ոչինչ աւելցուցած էր անոր մարդկային ինկած բնոյթին վրայ: Միեւնոյնն է օդանաւով ճամբորդելը, թէ ջորիով. մարդը միշտ կը մնար մարդ: Այլեւս «20րդ կամ 21րդ դարու մէջ այսպիսի բան կ’ըլլա՞յ» արտայայտութիւնը անհետացաւ:

Կը տեսնենք Տաէշի կատարած վայրագութիւնները, մարդասպանութիւնները, առեւանգումները եւ բռնաբարութիւնները. առաւել անոնց պատմական կոթողներու քանդումը, որու նմանօրինակ վայրագութիւններ մենք՝ հայերս ապրած ենք թուրքին եւ ազերիներուն հետ: Ծիծաղելին հոն է, երբ ձայներ կը լսենք, որոնք Տաէշ կոչուած «մարդոց» հետ համաձայնութեան կը հրաւիրեն: Ի՞նչ համաձայնութիւն կրնայ ըլլալ անոնց հետ, որոնք պատմութիւնն իսկ իրենց թշնամի կը նկատեն:

Գրութեանս միտք բանին հետեւեալն է՝ արեւելք թէ արեւմուտք, գիտութիւն կամ տգիտութիւն, մարդը կը մնայ մարդ: Աշխարհի խաղաղութիւնը քաղաքական  միջոցներով չէ, այլ մարդ արարածը ներսէն փոխուելով է, որ կրնայ յառաջանալ:

 

«Մարդ արարածը կորսուած է եւ անոր կորսուածութեան նշանը այն է,  թէ ինք իսկ չի գիտեր իր կորսուած ըլլալը», ըսած է  Սի. Էս. Լուիս:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին