*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*
Փոքրիկ աղջնակս երէկ հազիւ թէ դպրոցէն տուն մտաւ, ինծի փաթթուելով ըսաւ՝ «պապ, այսօր դպրոցը աթոռներու խաղը խաղցանք»: «Ի՞նչ խաղ աղջիկս», հարցուցի ժպտալով: «Աթոռներ շարեցինք եւ սկսանք շուրջը դառնալ. ան որ մնացած վերջին աթոռին վրայ նստէր, խաղը կը շահէր: Ես շահեցայ եւ օրիորդը ապրիս ըսաւ ինծի»: Իր ուրախութիւնը երջանկութիւն պատճառեց ինծի: Մեզմէ ո՞վ չի յիշեր իր դպրոցական տարիներու գեղեցիկ օրերէն՝ միտքերու մէջ քանդակուած մնացած աթոռներու խաղը: Լիբանան ապրողներս առաւելութիւն մը ունինք, երբեք չմոռնալու նշուած խաղը: Ինչպէ՞ս մոռնանք երբ մեր մանկամիտ քաղաքական պատասխանատուները՝ յարատեւօրէն ամէն օր զայն խաղալով վառ կը պահեն մեր միտքերու մէջ: Երբ որ ուզես տեղեկանալ լիբանանեան լուրերը՝ առաջին պատկերին, որ կը հանդիպիս, լիբանանցի քաղաքագէտները իրենց թիւին կիսով նուազ աթոռներ շարած, անոնց շուրջ կը վազեն: Եւ որովհետեւ աթոռներու թիւը շատ նուազ է, յարատեւ կռիւի ու պայքարի մէջ են: Այլեւս այս անմեղ խաղը, կորսնցուցած է խաղ ըլլալու իր բնոյթը եւ վերածուած է յաղթել-մեռնիլ գոյապայքարի: Լաւ, -պիտի ըսես- , թող խաղան մինչեւ «կշտանան»: Բայց հարցին էութիւնը այդպէս չէ, իրենց «խաղ» կարծեցեալ իրականութիւնը՝ երկիրն ու ժողովուրդը դէպի անդունդ կը տանին: Լուծումը ժողովուրդին ձեռքն է: Լիբանանեան առեղծուածի վերջնական լուծում տալու միակ միջոցը, մեր քաղաքական պետերու թիւով աթոռներ գնել եւ անոնց բաժնելն է, որպէսզի բոլորը անխտիր իրենց մարմիններուն մէկ մասին հանգստարան գտնելով, ժողովուրդին օձիքը ձգեն:
Հասկնալի է՞ լուծումը…։
Ան որ այս լուծումը առաջարկողներուն դաւաճան կը կոչէ՝ կը նշանակէ, թէ ինք կ’ուզէ, որ երկիրը յարատեւ աթոռներու խաղի պայքարի մէջ մնայ եւ անդունդ երթալով կործանի: