Չորեքշաբթի, 13. 11. 2024

spot_img

«Զարթօնքի» Երգարանը

Պատրաստեց՝ ԶՕՀՐԱՊ  ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ

Մարդկութեան պատմութեան հին օրէրէն ի վեր, շատ դարեր ու երկար տարիներ առաջ, մարդիկ սկսած են երգել օրուան հարցերուն առընչուած երգեր: Անոնք երգած են ուրախ թէ տխուր առիթներով, իրենց արօրեայ հոգերուն եւ խնդիրներուն էութիւնը շօշափող՝ բառերով թէ եղանակով տաղեր: Ժամանակի թաւալումին հետ երգերը ճիւղաւորուած են եւ ունեցած տարբեր բնոյթի նիւթեր՝ սիրային, հայրենասիրական, ազգային, տխրառիթ թէ ուրախառիթ, մինչեւ իսկ յօրինուած են անձերու կամ ազգային առաջնորդներու փառքը հիւսող երգեր, հասնելով մինչեւ աշուղական ու գուսանական երգեր, որոնք կը գոյատեւեն մինչեւ այսօր եւ ընդունելութիւն կը գտնեն մեզմէ շատերուն կողմէ:

Այս օրերուն երբ մարդկութիւնը թեւակոխած է 21րդ դար, արժէքաւոր ու խորիմաստ բառերով եւ եղանակներով երգերը, դժբախտաբար սկսած են նահանջել ու տեղի տալ նորաբոյս, անգոյն, անմակարդակ եւ անհաճոյ երգերու: Եթէ հայկական Սփիւռքի պարագան հասկնալի է այս իմաստով, ապա պէտք է ընդգծել, որ Հայաստանի մէջ ալ այդօրինակ երգեր, իրենց բառերով թէ երաժշտութեամբ, սկսած են ճամբայ  հարթել մարդոց մէջ ու խաթարել այս պարագային հայկական երգարուեստը:  Ամէն պարագայի երգի ու երաժշտութեան մասնագէտ չ’ըլլալով, բայց հայկական գեղեցիկ ու իմաստալից երգերը «ողջ ու առողջ» պահելու եւ քաջալերելու նախաձեռնութեամբ, «Զարթօնք»ի էջերով որոշ հերթականութեամբ պիտի տանք մօտիկ անցեալին յօրինուած, մշակուած ու երգուած հայկական երգերու բառերը, գրուած հայ ականաւոր բանաստեղծներու, գրողներու, աշուղներու եւ գուսաններու կողմէ:

Այս շարքի առաջին երգին բառերը տալէ առաջ, կ’ուզենք մէջբերէլ «Շիրակ» հրատարակչատան հիմնադիրներու՝ Հաննէսեան եղբայրներու նախաձեռնած շնորհակալ աշխատանքին օղակներէն մէկը կազմող՝ «Շիրակ» երգարանի թիւ 16ի նախաբանը եղող գրութիւնը, որ ինքնին խօսուն պատկեր մը կու տայ հայ երգին ու անոր լայնատարած ընդունելութեան՝ Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ: Ահաւասիկ.

1971ի Մայիս եւ Յունիս ամիսներու ընթացքին, Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութիւնը ապրեցաւ՝ հայ երգի ու երաժշտութեան առինքնող մթնոլորտի մը մէջ: Հայրենիքի բարձրարժէք երգահաններն ու արուեստագէտները, իրենց որակաւոր ներկայութեամբ ու կատարողական բարձր արուեստով՝ հմայեցին Միջին Արեւելքի հայ թէ օտար ունկնդիրները: Իրենց ելոյթները եղան յաղթանակ մը հայ երգին ու երաժշտութեան համար, եղան հպարտութեան աղբիւր հայ ունկնդիրներուն: Իրենց արուեստը՝ քաղցր հարկադրանքի տակ դրաւ զիրենք հրաւիրող Լիբանանահայ Գեղարուեստասիրաց Միւթիւնը՝ կազմակերպելու բազմաթիւ նոր ձեռնարկներ: Տեղական երաժշտական շրջանակներ խոր գնահատանքով ու ակնածանքով հեռացան համերգասրահներէն:

Ցարդ մենք երբեք չենք վայելած միաժամանակ՝ ա՛յս որակով  եւ ա՛յս քանակով Հայաստանէն եկած արուեստագէտներու արժէքաւոր պատուիրակութիւն մը: Այս պատուիրակութիւնը 50 ամեայ Հայրենիքի երաժշտական աշխարհի հունձքն է. այսպէս՝

Փրոֆ. Եդուարդ Միրզոյեան- Ականաւոր երգահան. զօրաւոր  անհատականութեամբ օժտուած ժպտադէմ արուետագէտ. 1957էն ի վեր նախագահ Հայաստանի Երգահաններու միութեան:

Ալեքսանտր Յարութիւնեան – Տաղանդաւոր երգահան եւ դաշնակահար, բազմաժանր ստեղծագործող. Ս. Միութեան  ժողովրդական արտիստ:

Էտկար Յովհաննէսեան – Ազնուական, խոհուն, լաւագոյնի ձգտող երգահան, արուեստի վաստակաւոր գործիչ. Երգի պարի անսամպլի գեղարուեստական ղեկավար. «Երեւան-Էրեբունի» երգի երաժշտութեան հեղինակ:

Ղազարոս Սարեան- Հեզահամբոյր, ծանօթ երգահան, որդին նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի. արուեստի վաստակաւոր գործիչ. Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի տնօրէն:

Եդուարդ Պաղտասարեան – Աշխոյժ եւ եռանդուն՝ իր շարժումներով, բեղմնաւոր՝ իր կեանքով, արուեստի վաստակաւոր գործիչ, դասախօս Երեւանի պետական երաժշտանոցին եւ երաժշտական ուսումնարանին:

Ալեքսանտր Աճէմեան – Մեղմ, բարեկիրթ, համանուագներու կողքին ան հանրայայտ է իր ժողովրդային եւ էսթրատային քնարաշունչ երգերով, ծանօթ բեմադրիչ Վարդան Աճէմեանի որդին, արուեստի վաստակաւոր գործիչ:

Ռոպէր Ամիրխանեան – Կրտսերագոյնը երգահաններուն. սիրուեցաւ բեմին վրայ եւ բեմէն դուրս: Իր ստեղծագործութիւններով եւ կատարումներով հայաստանեան էսթրատային երգերը ունեցան վերարժեւորում մը մեր մօտ:

Հայրենի երգահաններու խումբին կ’ընկերակցէին,  երգի ու երաժշտութեան կալուածէն ներս անուն եւ վաստակ շահած այլ արուեստագէտներ, այսպէս՝

Ռուբէն Ահարոնեան – 24 ամեայ վիրթիւյոզ ջութակահար, հմայեց նոյնիսկ խստապահանջ մասնագէտները. Օժտուած՝ համազգային հպարտութիւն դառնալու բոլոր տուեալներով:

Ռուբէն Մաթէոսեան – Ոսկի ձայնով ժողովրդական երգիչ մը, զոր սիրած էինք իր գալէն իսկ առաջ: Վաստակաւոր արթիստի կոչում ստացողներուն կրտսերագոյնը:

Ռայիսա Մկրտիչեան – Հայաստանի ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան էսթրատային օրքէսթրի շնորհալի մեներգչուհի, ունի իր ուրոյն տեղը հայրենի երգարուեստին մէջ:

Վահան Միրաքեան – Երեւանի օբերային թատրոնի գլխաւոր թենոր երգիչներէն, կը բերէ իր թանկագին մասնակցութիւնը տարբեր քաղաքներու օփերաներուն մէջ, վաստակաւոր արթիստ. Չայքովսքիի միջազգային մրցոյթի դափնեկիր:

Օլկա Գափայեան – Երեւանի օփերայի մեներգչուհի, Անդրկովկասի երաժիշտ- կատարողներու  մրցանքի դափնեկիր:

1971ի Պէյրութի երաժշտական եղանակի փակումը կատարուեցաւ հայրենի երգահաններու եւ արուեստագէտներու, շուրջ քսան ինքնատիպ եւ աննախնթաց ելոյթներով:

*****

Այս տարի Պէյրութ ունեցաւ մշակութային – գեղարուեստական բացառիկ եղանակ մը: Արուեստի զանազան բնագաւառներու մէջ արձանագրուած յաջողութեանց առաջին շարքին կու գար հայ երգն ու երաժշտութիւնը: Արդարեւ մեր այս տարուան եղանակը բացուեցաւ հայրենի տաղանդաւոր երգչուհի Լուսինէ Զաքարեանի անզուգական համերգներով: Տարեշրջանիս Դեկտեմբեր եւ Յունուար ամիսներուն, Լուսինէն իր երկնային ձայնով հմայեց պէյրութահայերը: Մեր սրբազան շարականները հրամցուեցան աշխարհիկ բեմերէն, բայց մենք մեզ զգացինք հինաւուրց հայ եկեղեցւոյ մը կամարներուն տակ, իսկ եկեղեցին ուր երգեց՝ վերագտաւ իր խորհրդաւոր վեհութիւնը: Իրեն կ’ընկերանար տաղանդաւոր դաշնակահարուհի՝ Մարիանա Յարութիւնեան, դուստրը՝ Հայկանոյշ Դանիէլեանի:

Տակաւին Լուսինէ հոգեզմայլ ձայն կը յամենար մեր ակնաջներուն մէջ, խումբ մը ժողովրդական երգի  ու պարի արուեստագէտներ ճոխացուցին մեր երեկոները իրենց ելոյթներով: Հայրենի այս արուեսատգէտներն ալ իրենց համերգներով, նուագներով ու պարերով ստեղծեցին խանդավառութեան եւ յուզումի անմոռանալի երեկոներ: Խումբը մեկնեցաւ, բայց կը մնայ ժողովրդական անզուգական երգիչ  Յովհաննէս Պատալեանի ձայնը մեր ականջներուն, բեմերու տիրապետող ներկայութիւնը մեր մտապատկերին առջեւ:

*****

Երբ մեր հայրենի բոլոր արուեստագէտները մեկնած են ու մեզ ձգած  առանձին, իրենց արուեստի կենարար ներարկումը կատարելէ ետք, այժմ մենք մեզի հետ ենք, մեր կարելիութիւններով, որպէս երգչախումբ, նուագախումբ, թէ անհատ կատարողներ:

Տալէ ետք հայրենի արուեստագէտներու ելոյթներուն համայնապատկերը, Շիրակ հրատարակչական խմբագրութիւնը պարտք կը զգայ այս թիւով լուսարձակը բանալ լիբանանահայ երիտասարդ եւ շնորհալի երգիչի մը վրայ, որ կը գրաւէ երգարանիս առաջին կողքը:

Համեստ, յարատեւող, բծախնդիր եւ զգայուն սիրտով ամէնէն ժողովրդական լիբանանահայ երգիչն է Լեւոն Գաթրճեան: Տարեկան իր տասնեակ մը համերգներով, գեղարուեստական ձեռնարկներուն բերած իր մասնակցութեամբ, շաբաթական երկու գիշերային ելոյթներով եւ հրապարակ հանած բազմաթիւ երգապնակներով՝ ան նպաստ մըն է հայ երգի տարածման:

Սիրեց հայ երգը ու սիրցուց զայն, սորվեցաւ արարատեան աշխարհի կենսախինդ երգերը եւ սորվեցուց բոլորին, վերակենդանացուց մօտաւոր անցեալի ազգային հերոսներուն փառքը հիւսող մեր երգերը եւ սփռեց զանոնք աշխարհով մէկ: Պէյրութի հերթական իր ելոյթները վերածեց ուրախութեան ու յուզումի, սիրոյ ու խանդավառութեան համահայկական ջերմ մթնոլորտի:

Ծնած է Հալէպ 1940ին: Փոքր հասակէն մաս կազմած է եկեղեցական երգչախումբերու: 1960ին կը փոխադրուի Պէյրութ, ուր հետամուտ կ’ըլլայ բնատուր իր ձայնը զարգացնելու՝ երգի մասնագէտ ուսուցիչներու մօտ, յաճախած է Լիբանանի պետական երաժշտանոցը:

1963էն անդին Լեւոն Գաթրճեան գլխաւոր մենակատարն է լիբանանահայ բազմաթիւ երգչախումբերու եւ նուագախումբերու: Երգի հանդէպ իր սէրը մղած է զինք կատարելու նաեւ մի քանի յօրինումներ, ինչպէս «Եարը մարդու եարա կու տայ», «Ինչո՞ւ սիրեցիր», «Էլ ո՞ւմ երգեմ», «Ես մի խօսնակ թառ ունէի», «Էլ ո՞ւմ ասեմ», «Սիրեկան», որոնք կը մնան իր երգացանկի սիրուած երգերէն:

Այսօր ան կը հանդիսանայ Սայեաթ-Նովայի, գուսանական եւ ժողովրդական երգերու Սփիւռքի լաւագոյն թարգմանը:

 

Պէյրութ, Օգոսգտոս 1971                                                                    Հաննէսեան եղբայրներ

 

Էջմիածին

1

Արեւոտ ոստան, մեր հազարամեայ,

Դու մի նոր շուքով ծաղկել ես հիմա,

Զմրուխտ ուսերիդ, փիրուզեայ երկինք,

Դարձեալ եւ պարտէզ սիրոյ վայելքի:

Կրկներգ.-                 Էջմաիծին, քո անուան հետ միասին,

Ջինջ երգերն եմ ես յիշում Կոմիտասի:

Քո չքնաղ մարդկանց՝ հիւրասէր, արդար,

Ոսկի ձեռքերով, աչքերով պայծառ:

Ես սիրում եմ քո ճոխ աշնան սինին,

Հարսանիքներիդ խաղողն ու գինին,

Ժիր մանուկներիդ կանչերը ճախրող

Եւ շէն օճախիդ ծուխը չմարող:

 

Խօսք՝ Գ. Բանդուրեանի                                                             Երաժիշտ՝ Ալ. Հեքիմեան

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին