Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Մտորումներ Յանուն Արեւմտահայերէնի Պարտադիր Գոյամարտին

*ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ*

Ազգ, լեզու եւ Հայրենիք:

ՈԳԻն՝ անհրաժարելի այն մթնոլորտն է, որ մեզի համար կը ստեղծէ «Ոգեղէն Հայաստան» կոչուած այն ԷԱԿԱՆ տարածքը, ուր կը շնչաւորուի Հայ Մարդը:

Իսկ « ԼԵԶՈՒն  մեր Հայրենիքն է » կը բարձրաձայնենք, որովհետեւ մեր բազմադարեան պատմութեան մէջ, երբ  մեր պատմական հողին վրայ թէ այլուր, ժամանակի բիրտ պայմաններու ներքեւ կորսնցուցինք մեր ինքնիշխան եւ անկախ պետականութիւնը, հայերէն լեզուն իր շքեղ նուաճումներով թէ ամէնօրեայ կիրարկումով, պահեց հայ ժողովուրդին ինքնութիւնն ու դիմագիծը:

Հայերէն լեզուն, այս պարագային բանաւորին զուգահեռ՝ Գիր է ու Մշակոյթ:

Երկճիւղանի այս սաղարթագեղ ծառը, իր արեւելահայ եւ արեւմտահայ բառագանձով, գրականութեամբ եւ ամէնօրեայ գործածութեամբ՝ հաւասարապէս սիրելի է աշխարհասփիւռ հայութեան, հետեւաբար, մեր պարտքն է զայն փոխանցել յաջորդող մեր սերունդներուն:

Արեւմտահայերէնի տէրը արեւմտահայ ծագումով սփիւռքահայութիւնն է: Այնքան ատեն, որ Արեւմտահայաստանը կը մնայ բռնագրաւուած եւ հայօրէն անժողովուրդ հող , մեր ամբողջական ուշադրութեան առանցքը կը մնայ արեւմտահայերէնի անաղարտ գոյերթը, իր գեղարուեստական գրականութեամբ թէ առօրեայ եւ պարբերական մամուլով: Այն, որ կը ճամբուի մեր նորահաս սերունդներուն՝ նախ ընտանեկան դաստիարակութեամբ եւ անմիջապէս ետք՝ հայկական վարժարաններու միջոցաւ:

Շուրջ դարէ մը ի վեր Սփիւռք ենք աշխարհով մենք ցրուած: Մեր լինելիութիւնը միակ փաստն է՝ յաջորդական չորս սերունդներու անընկճելի հաւատքով ամրագրուած մեր անկողոպտելի գանձին: Վերապրումի խորհուրդը բնազդային ներուժի վերածելով, այսօրուան վիճակագրութեամբ տարագիր հայութիւնը կը ներկայանայ ժամանակ-դատաւորին արձանագրելով տասնապատիկ աճ մը՝ իբրեւ միակ ապացոյցը մեր գոյատեւման:

Տարագիր սփիւռքահայութիւնը «ճակատագիրով դատապարտուած է» հայ մնալու իր անտեղիտալի սկզբունքին, արեւմտահայերէնի անխաթար պահպանումով շարունակելու մեր լեզուամտածողութեան մէջ վարուժանեան շքեղութիւնն ու թէքէեանական իմացական խորքը, որ շարունակուեցաւ փաղանգ առ փաղանգ նորահաս յաջորդական սերունդներու ներդրումներով:

Արդարեւ Ցեղասպանութեան դարադարձէն ետք, մեր պարտականութիւնն է վերանորոգ յանձնառութեամբ մտնել երկրորդ հարիւրամեակի մարտահրաւէրներու ծիրէն ներս, եւ հոգեբանական նորատեսակ պայքար շղթայազերծող միջազգային հակահայ քարոզարշաւներէն պէտք չէ, որ մեր հայակերտումի դարբնոցները զինաթափուին:

Լեզուն կենդանի պահող միակ գերագոյն ոյժը՝ «հայ ընտանիք-դպրոց-մամուլ» եռեակին անխզելի կապն է: «Լեզու եւ Ոգի»ին ընդգրկումը՝ մեր արեան շրջանառութեան մէջ, որ անսասան կը պահէ սփիւռք կոչեցեալ մեր խոշոր նաւը:

Ահա թէ ինչու՝ Սփիւռքի տարածքին մեր մշակութային քաղաքականութեան հիմնահարցը պիտի համարենք՝ արեւմտահայերէնի անթերի գործածութիւնը մանաւանդ մեր մամուլին եւ հրապարակային արտայայտութիւններուն մէջ:

Հայերէն լեզուին իմացութիւնը ԳԻՏԵԼԻՔ է: Պէտք է գիտնանք աշակերտել մեր ՄԵԾերուն, որոնց մեզի փոխանցած ոգիով ու գիտելիքներով զինուեցան սփիւռքահայ յաջորդական սերունդները: Չկրկնենք միշտ Շահնուրեան տխրաշեշտ բանաձեւումը, թէ «կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն…»: Ոչ, սիրելի ընթերցող, մեր լեզուն իր ինքնութեանը մէջ «հարուստ է ու ճկուն»:

Ան կայ ու կը մնայ իր բառագանձով եւ քերականական կանոններով: Նահանջողը մենք ենք՝ եթէ դասալիք ըլլանք եւ խուճապի մատնուինք: Եթէ նորօրեայ մեր Սարդարապատը թողունք «անտարբերութիւն» կոչուած մեր մեծագոյն հակառակորդին, ու ասպարէզը թողունք «հեշտասիրութեան»:

Ուշադիր ըլլանք: Նոր հարիւրամեակի սեմին կը գտնուինք:

Մնացեալը…։  Իւրաքանչիւրս հաշուետու է իր իսկ ԽԻՂՃին:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին